Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեակի յոբելենական միջոցառումներու շրջանակին մէջ, ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ Սիւնիքի մարզային կեդրոն Կապանի մէջ տեղի ունեցած է ժողովրդական Ազնաւուր՝ «Տարազնաւուր» խորագրով համերգը:
«Տարազնաւուր» ինքնատիպ համերգին ներկայ եղած է ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարի տեղակալ Դանիէլ Դանիէլեանը:
Ամէն հայի սրտին մօտ ու հոգեհարազատ ազնաւուրեան մեղեդիները եւս մէկ անգամ ներկայացուած են հայկական ժողովրդական գործիքներով, երգչախումբի եւ մենակատարներու ուղեկցութեամբ, իսկ պարային խումբի կատարումներն ու հայկական գունեղ տարազները առանձնակի հմայք հաղորդած են միջոցառման:
Շարլ Ազնաւուրի երգերու կատարմամբ հանդէս եկած են երգիչներ Արփի Շահնուպարեանը, Նաիրա Մանուչարեանը, Մաւր Մկրտչեանը, Դաւիթ Խաչատրեանը։
Համերգի ամբողջ ընթացքին լետ պաստառներուն ցուցադրուած են արհեստական բանականութեամբ մշակմամբ թեմատիկ նիւթեր:
Հայաստանի ազգային հերոս, Ֆրանսայի Պատուոյ լեգէոնի շքանշանակիր, աշխարհահռչակ երգիչ, հասարակական գործիչ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած միջոցառումները կը շարունակուին։