Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻՍՐԱՅԷԼ ՍՈՒՂ ԳԻՆ ՊԻՏԻ ՎՃԱՐԷ

August 12, 2024
in Միջազգային
0
ԻՍՐԱՅԷԼ ՍՈՒՂ ԳԻՆ ՊԻՏԻ ՎՃԱՐԷ

 

 

Իրանի իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամինէիի խորհրդական Ալի Շամխանի յայտնեց, որ «օրինական, լրատուական եւ դիւանագիտական պայմանները բիւրեղացած են արժանի պատիժ տալու Իսրայէլին, որ կը հասկնայ միայն ուժի լեզուն»: Իսկ Իրանի արտաքին գործերու նախարարի ժամանակաւոր գործակատար Ալի Պաքիրի Քենի հաւաստիացուց, որ «Իսրայէլ պիտի վճարէ Թեհրանի մէջ «Համաս»ի ղեկավար Իսմայէլ Հանիէն ահաբեկելուն գինը»: Իր պելճիքացի պաշտօնակիցին հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին, իրանցի նախարարի գործակատարը շեշտեց, որ Իրան օրինական եւ վճռորոշ հակահարուած պիտի տայ Իսրայէլին՝ հիմնուելով գերիշխանութեան եւ հողերու անվտանգութեան պահպանումի սկզբունքներուն վրայ եւ յարգելով միջազգային իրաւունքն ու օրինականութիւնը:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ ահազանցեց, որ Իրանն ու Հըզպալլան կը պատրաստուին Իսրայէլին վնաս հասցնելու այնպիսի միջոցներով, որ նախապէս երբեք չեն գործածած: Ան ամերիկացի արտաքին գործերու նախարար Անթոնի Պլինքընի հետ զրոյցին ընթացքին յոյս յայտնեց, որ Իրանի ճակատը չընդարձակէ պատերազմը: Իսկ Պլինքըն զգուշացուց, թէ տարածաշրջանային մագլցումը չի բխիր որեւէ կողմի շահերէն: Ան ընդգծեց Միջին Արեւելքի վիճակը հանդարտեցնելու անհրաժեշտութիւնը, միաժամանակ Ուաշինկթընի անփոփոխ յանձնառութիւնը յայտնելով Իսրայէլի անվտանգութեան: Այս առումով, CNN հաղորդեց, որ ամերիկեան վարչակազմը կը պատրաստուի 3,5 միլիառ տոլարի արժողութեամբ զէնք ու զինամթերք տրամադրելու Իսրայէլին: Իսրայէլի մէջ ամերիկացի դեսպանը իր կարգին նշեց, որ յառաջիկայ օրերը վճռորոշ պիտի ըլլան տարածաշրջանային հակամարտութիւնը կանխելու առումով, որովհետեւ որեւէ կողմ շահ չունի այդ պատերազմէն:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՆԵՐՔԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ

Next Post

  ՆՈՐ ՍՊԱՆԴ ԿԱԶԱՅԻ ՄԷՋ

Next Post
  ՆՈՐ ՍՊԱՆԴ ԿԱԶԱՅԻ ՄԷՋ

  ՆՈՐ ՍՊԱՆԴ ԿԱԶԱՅԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.