Յոյն ուղղափառներու Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտի եպիսկոպոսը ցաւ յայտնեց, որ Լիբանանի քաղաքական պատասխանատուները երկիրն ու ժողովուրդը հասցուցած են անելանելի վիճակի եւ դժոխային կացութեան: «Անոնք տակաւին կը խորացնեն լիբանանցիներուն դիմագրաւած անդունդը», ահազանգեց Աուտի: