Տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ մթերուած սննդանիւթը բաւարար է միայն երեք ամսուայ համար: Անոր խօսքով, եթէ պատերազմը ընդարձակուի ու երկարի, ապա Լիբանանի տնտեսութիւնը պիտի ստանայ յաւելեալ հարուածներ:
Իսկ Դեղագործներու սենտիքայի նախագահ Ճօ Սալլում ահազանգեց, որ պատերազմի ընդարձակումին պարագային կրնայ յառաջանալ որոշ հիւանդութիւններու վերաբերող դեղորայքի ճգնաժամ եւ անբաւաարութիւն: Սալլում կոչ ուղղեց դեղ չմթերելու բնակարաններուն մէջ: