Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՈՒՆԻՖԻԼ. «ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ  ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ ԼՈՒԾԵԼԻ ԵՆ»

August 12, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԵՈՒՆԻՖԻԼ. «ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ  ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ ԼՈՒԾԵԼԻ ԵՆ»

 

 

Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ քաղաքացի մը զոհուած է քանի մը օր առաջ ստացած վէրքերուն պատճառով, որ կրած էր հարաւային Պընթ Ժպէյլ գաւառի Պէյթ Լիֆ գիւղի ռմբակոծումէն: Իսկ երէկ իսրայէլեան ուժերը կրակ բացին հարաւարեւելեան Ուազզանի շրջանին ուղղութեամբ, վիրաւորելով հովիւ մը, որ փոխադրուեցաւ մօտակայ Մարժաայունի հիւանդանոցը:

Գրեթէ ամէնօրեայ դարձած երեւոյթով, իսրայէլեան ռազմական օդանաւերը երէկ երեկոյեան ձայնի պատը վերստին հատեցին Պէյրութի եւ հարաւային շրջաններուն վերեւ: Հըզպալլա միւս կողմէ յայտարարեց, թէ մեծաթիւ անօդաչու սարքերով յարձակումներ գործած է իսրայէլեան զօրամասերու վրայ, պատճառելով ծանր վնաս: Հըզպալլա հաղորդագրութեամբ մը մեկնաբանեց նաեւ Կազայի մէջ Իսրայէլի գործած նորագոյն ոճիրները: Ըստ կուսակցութեան, զինադադարին եւ բանակցութիւններուն վերաբերող բոլոր խօսքերը պարզապէս իսրայէլեան սուտեր են:

ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերու բանբեր Անտրէա Թենանթի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ իրենց գլխաւոր առաքելութիւնն է լուծել կապոյտ գիծին շուրջ յայտնուող խնդիրները, վստահեցնելով որ հարցը կարելի է լուծել դիւանագիտական խաղաղ միջոցներով: Իսկ Նիկոսիոյ մէջ ամերիկացի դեսպանը յայտնեց, որ ամերիկան մարտանաւ մը համագործակցական այցելութեամբ ժամանած է Կիպրոս, սակայն զայն անհրաժեշտութեան պարագային կարելի է գործածել Միջին Արեւելքէն քաղաքացիներ տարհանելու համար:

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ

Next Post

  ՍՆՆԴԱՆԻՒԹԻ ԵՒ ԴԵՂՈՐԱՅՔԻ ԱՀԱԶԱՆԳ

Next Post
  ՍՆՆԴԱՆԻՒԹԻ ԵՒ ԴԵՂՈՐԱՅՔԻ ԱՀԱԶԱՆԳ

  ՍՆՆԴԱՆԻՒԹԻ ԵՒ ԴԵՂՈՐԱՅՔԻ ԱՀԱԶԱՆԳ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.