Հնդկական զինուորական «Indian Defense Research Wing» պարբերականը հաղորդեց, թէ հակաօդային պաշտպանութեան հնդկական «Akash- 1S» համակարգերը Հայաստան պիտի հասնին մինչեւ տարեվերջ: Պարբերականին համաձայն, Երեւան պատուիրած է 15 համակարգ՝ 720 միլիոն ամերիկեան տոլար ընդհանուր արժողութեամբ:
Նշեալ համակարգերը կը յատկանշուին միաժամանակ թիրախներու որոնում եւ թիրախաւորում իրականացնելու կարողութեամբ եւ օդային պաշտպանութիւն կ’ապահովեն ուղղաթիռներէն, կործանիչներէն, կառավարուող հեռահար հրթիռներէն եւ անօդաչու սարքերէն: Այս համակարգին աշխատանքային տրամագիծը 4-էն 25 քիլոմեթր է: Նշենք, որ Հայաստան այսպիսով պիտի դառնայ Հնդկաստանի կողքին այս համակարգը գործարկող առաջին երկիրը: