Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏՆԱԸ ՈՐԵՒԷ ԵՐԿՐԻ ՊԱՀԱՆՋՈՎ ԻՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՉՓՈԽԷ. ԳԷՈՐԳ ՊԱՊՈՅԵԱՆ

August 9, 2024
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏՆԱԸ ՈՐԵՒԷ ԵՐԿՐԻ ՊԱՀԱՆՋՈՎ ԻՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՉՓՈԽԷ. ԳԷՈՐԳ ՊԱՊՈՅԵԱՆ

 

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին, ուր Հայաստանը ունի իր օրակարգը։

Լրագրողներու հետ ճեպազրույցի ժամանակ այս մասին ըսաւ տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանը՝ անդրադառնալով այն հարցին, թէ ո՞րն է Ատրպէյճանի նպատակը հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն մէջ եւ արդեօք Հայաստանը պիտի երթա՞յ զիջումներու, քանի որ Ատրպէյճանը կը շարունակէ նոր պահանջներ դնել եւ կը պարտադրէ խաղի իր կանոնները։

«Մենք մեր օրակարգը ունինք, եւ բանակցութիւնները կը շարունակուին: ԱԳՆ-ի վերջին յայտարարութիւնը կարդացի, որ այն մասին էր, որ մեր օրակարգի կարեւոր կէտերէն մէկը երկկողմանի ընդունուած է։ Կը կարծեմ՝ սա շատ կարեւոր կէտ է բանակցութիւններու շարունակութեան համար»,- ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի պահանջով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը փոխելու վերաբերեալ հարցին՝ նախարարը ըսաւ, որ Հայաստանը իր Սահմանադրութիւնը կրնայ փոխել, երբ ՀՀ քաղաքացիները այդպէս կ’որոշեն:

«Որեւէ երկրի պահանջով Հայաստանը իր Սահմանադրութիւնը պիտի չփոխէ։ Հայաստանը իր Սահմանադրութիւնը կը փոխէ, թէ չի փոխեր, ատիկա Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործն է եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն, ժողովուրդին, սահմանադիրին որոշելիքը»,- եզրափակեց Պապոյեանը։

Share61Tweet38
Previous Post

ՈՒՔՐԱՆԻԱՆ ՄԵՔՍԻՔՈՅԷՆ ԽՆԴՐԱԾ Է ՁԵՐԲԱԿԱԼԵԼ ՓՈՒԹԻՆԸ, ԵՐԲ ՎԵՐՋԻՆՍ ԺԱՄԱՆԷ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԵՐԴՄՆԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ

Next Post

ԱԱԾ. ԿԻՐԱՆՑԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԱՊԱՀՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՎԷՃ ՉԷ ԵՂԱԾ

Next Post
ԱԱԾ. ԿԻՐԱՆՑԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԱՊԱՀՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՎԷՃ ՉԷ ԵՂԱԾ

ԱԱԾ. ԿԻՐԱՆՑԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԱՊԱՀՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՎԷՃ ՉԷ ԵՂԱԾ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.