Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՈՒՔՐԱՆԻԱՆ ՄԵՔՍԻՔՈՅԷՆ ԽՆԴՐԱԾ Է ՁԵՐԲԱԿԱԼԵԼ ՓՈՒԹԻՆԸ, ԵՐԲ ՎԵՐՋԻՆՍ ԺԱՄԱՆԷ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԵՐԴՄՆԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ

August 9, 2024
in Միջազգային
0
ՈՒՔՐԱՆԻԱՆ ՄԵՔՍԻՔՈՅԷՆ ԽՆԴՐԱԾ Է ՁԵՐԲԱԿԱԼԵԼ ՓՈՒԹԻՆԸ, ԵՐԲ ՎԵՐՋԻՆՍ ԺԱՄԱՆԷ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԵՐԴՄՆԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ

 

Ուքրանիան Մեքսիքոյէն խնդրած է ձերբակալել Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը, երբ վերջինս ժամանէ երկիր՝ նախագահ Գլաուտիա Շէյնպաումի երդմնակալութեան մասնակցելու։

Այս մասին յայտնած է Մեքսիքոյի մէջ Ուքրանիոյ դեսպանութիւնը։

Ուքրանացի դիւանագէտները յոյս յայտնած են, որ Մեքսիքոյի կառավարութիւնը գիտէ, որ «Վլատիմիր Փութինը ռազմական յանցագործ է, որ ուքրանացի երեխաները առեւանգելու եւ բռնի ուժով Ռուսաստան տեղափոխելու կասկածանքով կալանաւորելու հրաման ունի՝ տրուած Միջազգային քրէական դատարանին կողմէ», որուն իրաւասութիւնը կ’ընդունի Մեքսիքօն։

«Միեւնոյն ժամանակ մենք վստահ ենք, որ Մեքսիքոյի կառավարութիւնը որեւէ պարագայի պիտի կատարէ ձերբակալութեան միջազգային հրահանգը՝ զայն ներկայացնելով Լահէյի ՄԱԿ-ի դատական մարմինին»,- ըսուած է նամակին մէջ։

Նշենք, որ 7 Օգոստոսին Մեքսիքօն Փութինը հրաւիրած է երկրի նորընտիր նախագահի երդմնակալութեան։

2023 թուականին Միջազգային քրէական դատարանը Փութինը ձերբակալելու հրահանգ տուած է՝ մեղադրելով զայն  Ուքրանիայէն հարիւրաւոր երեխաներու ապօրինի արտաքսման մէջ, եւ այժմ Ռուսաստանի առաջնորդը կրնայ կալանաւորուիլ բոլոր այն երկիրներուն մէջ, որոնք վաւերացուցած են Հռոմի կանոնադրութիւնը:

Share61Tweet38
Previous Post

«ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԷՆ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈՂՔԻՆ ԸԼԼԱԼՈՒ ԵՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆՆ Է» Կ’ԸՍԷ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱՑԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԸ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏՆԱԸ ՈՐԵՒԷ ԵՐԿՐԻ ՊԱՀԱՆՋՈՎ ԻՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՉՓՈԽԷ. ԳԷՈՐԳ ՊԱՊՈՅԵԱՆ

Next Post
ՀԱՅԱՍՏՆԱԸ ՈՐԵՒԷ ԵՐԿՐԻ ՊԱՀԱՆՋՈՎ ԻՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՉՓՈԽԷ. ԳԷՈՐԳ ՊԱՊՈՅԵԱՆ

ՀԱՅԱՍՏՆԱԸ ՈՐԵՒԷ ԵՐԿՐԻ ՊԱՀԱՆՋՈՎ ԻՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՉՓՈԽԷ. ԳԷՈՐԳ ՊԱՊՈՅԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.