Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդի պատգամաւոր Շթեֆան Միւլլըր-Ալթերմաթի բնորոշմամբ՝ Եւրոպական խաղաղութեան հիմնադրամէն Հայաստանին 10 միլիոն եւրոյի յատկացման վերաբերեալ Եւրոպական միութեան որոշումը ԵՄ-ի՝ ռազմական առումով Երեւանի կողքին կանգնած ըլլալու յանձնառութիւնն է։
Զուիցերիացի պատգամաւորը նման կարծիք յայտնեց՝ նկատելով, որ, այդուհանդերձ, տակաւին դժուար է դատել, թէ իրականութեան մէջ ինչի՞ պիտի հասցնէ այդ միջոցներու տրամադրումը՝ գործառնական եւ տեխնիկական մակարդակով։ Ըստ պատգամաւորին՝ ատիկա դեռ պէտք է տեսնել հետագային:
«Բայց մէկ բան յստակ է, որ այս ներդրումը յանձնառութիւն է․ Եւրոպական միութեան՝ ռազմական առումով Հայաստանի կողքին ըլլալու յանձնառութիւն։ Յոյսով եմ, որ սա կրնայ նաեւ զսպող ազդեցութիւն ունենալ։ Եւ նաեւ յոյսով եմ, որ այս՝ տակաւին համեմատաբար փոքր գումարը պիտի լրացուի հետագայ միջոցներ յատկացնելու որոշումներով՝ յատկապէս ճգնաժամի պարագային»,- իր խօսքին մէջ ընդգծեց Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդի պատգամաւորը։
Խօսելով նաեւ Եւրոպական յանձնաժողովի՝ Հայաստանի հետ վիզաներու ազատականացման շուրջ երկխօսութիւն սկսելու որոշման մասին, Միւլլըր-Ալթերմաթը կարծիք յայտնեց, որ ինչքան ազատ ըլլայ մարդկանց տեղաշարժը, այնքան երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կը սերտանան, հետեւաբար վիզաներու ազատականացումը եւս բարձր արժէք ունի Հայաստանի Հանրապետութեան համար։
«Վիզայի ազատականացումը իւրօրինակ խորհրդանիշ պիտի ըլլայ Երեւանի՝ Մոսկուայէն դէպի Պրիւքսէլ կողմնորոշման փոփոխութեան համար։ Եւ հակառակը, ատիկա կը հաստատէ, որ Պրիւքսէլը հասկցած է այս վերակողմնորոշումը»,- շեշտեց պատգամաւորը՝ պատասխանելով հարցումին, թէ որքանո՞վ կրնայ Եմ-ի կողմէ ընդունուած այս որոշումը ամրապնդել ու աւելի սերտացնել Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւնները, եւ ի՞նչ կարեւորութիւն կրնայ ունենալ այն պաշտօնական Երեւանի համար։
Ըստ անոր, այս ամէնէն զատ, բնակչութեան համար եւս մեծ օգուտ պիտի ըլլայ, եթէ անոնք վերջապէս կարենան առանց վիզայի մեկնիլ Եւրոպա։
«Իմ բոլոր հայ ընկերները կը տառապին վիզայի պահանջներու թղթաբանութենէն»,- եզրափակեց Շթեֆան Միւլլըր-Ալթերմաթը։