Հասակ կ’առնենք մեր ծննդավայրին մէջ, տարիները կը սահին, սակայն մեզմէ միայն քիչերը կ’այցելեն կամ կը ծանօթանան մեր ապրած երկիրներու պատմա-մշակութային արժէքներուն: Բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ հազարաւոր քիլոմեթրներ կը «կտրեն» լուսանկարուելու համար մեր «քիթին տակ»ը գտնուող հնադարեան բերդի մը կամ կամրջակի մը հետ:
Այսօր միասնաբար պիտի այցելենք Լիբանանի հիւսիսային շրջաններէն՝ Պէյրութէն մօտ 53 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող «Սիմար Ժըպէյլ» գիւղը, ուր կը գտնուի միջին դարուն կառուցուած «Սէյտիթ Մաունաթ»ի բացօթեայ եկեղեցին եւ անոր հարեւանութեամբ գտնուող՝ «Սիմար Ժըպէյլ» ի բերդը:
«Սէյտիթ Մաունաթ»ի բացօթեայ եկեղեցին.
- «Սիմար Ժըպէյլ»ի Սուրբ Աստուածածին («Սէյտիթ Մաունաթ») անծածկ եկեղեցին Լիբանանի եւ Արեւելքի ամենահին Սուրբ Մարիամի անուան եկեղեցիներէն է:
- Կառուցուած է միջնադարեան շրջանին խաչակիրներու կողմէ:
- Ծեր կաղնիի ծառ մը դարերէ ի վեր որպէս ծածկ կը ծառայէ եկեղեցւոյ:
«Սիմար Ժըպէյլ»ի կիսաքանդ բերդը.
- Շրջանը՝ Պաթրուն
- Հեռաւորութիւնը՝ Պէյրութէն 53 քմ , Պաթրուն քաղաքէն՝ 10քմ
- Ծովի մակերեսէն 500 մեթր բարձրութեան վրայ
- Սիմար արամերէնով կը նշանակէ պահապան: Իսկ «Սիմար Ժըպէյլ»՝ Ժըպէյլի պահապան:
- 25 Նոյեմբեր 1630 թուականին բերդը կիսով կը քանդուի հուժկու երկրաշարժի պատճառով:
- «Սիմար Ժըպէյլ» բերդը կը գտնուի Պաթրունէն 500 մեթր բարձրութեան վրայ: Ան կառուցուած է Լիբանանի նախնիներուն՝ փիւնիկեան ժամանակաղրջանին, բնակավայրերէն մէկուն վրայ: Գրաւուած է պարսիկներուն կողմէ Ք.Ա. 550 թուականին, այնուհետեւ՝ յոյներուն եւ հռովմէացիներուն կողմէ:
«Սիմար Ժըպէյլ» գիւղը ռազմավարական նշանակութիւն ունեցած է, քանի որ ան կը գտնուէր Մայրիներու Պշարիէն մինչեւ ծով տարածուող ճամբուն վրայ: Առաջին մարոնի քրիստոնեաները օգտագործած են այդ բերդը, ուրկէ տեղեկացած են բիւզանդական զօրքերու գալստեան մասին: 9-րդ դարուն բերդը գրաւած են արաբները, այնուհետեւ՝ Խաչակիրները, իսկ13-րդ դարուն մեմլուքները եւ 3 դար ետք՝ օսմանցիները: Վերջ ի վերջոյ մարոնիները վերադարձան ու այժմ կ’ապրին այդ շրջաններուն մէջ: