Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱԿԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ՈՒՇԱՑՈՒՄԻՆ ՊԱՏՃԱՌԸ

August 9, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՀԱԿԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ՈՒՇԱՑՈՒՄԻՆ ՊԱՏՃԱՌԸ

Մինչ Լիբանանի, տարածաշրջանի եւ աշխարհի մէջ մարդիկ բազմազան մեկնաբանութիւններով կը փորձեն վերլուծել վերջին օրերու զարգացումները եւ գուշակել գալիք իրադարձութիւնները, Դիմադրութեան ճակատին եւ Իսրայէլի միջեւ կը շարունակուի սպառնալիքներու եւ ամբաստանութիւններու փոխանակումը: Հըզպալլայի երեսփոխաններէն Հըսէյն Ժէշշի շետեց, որ «թշնամին ունի միայն մէկ ընտրանք՝ իսկոյն վերջ տալ Կազայի պատերազմին, այլապէս պէտք է դիմադրութեան հերոսներուն ձեռամբ ենթարկուի յաւելեալ պարտութիւններու եւ խայտառակութեան»: Հըզպալլայի մէկ այլ երեսփոխան Ալի Ֆայյատ շեշտեց, որ իրենք Իսրայէլին պիտի չարտօնեն խախտել առճակատումի հաւասարակշռութեան կարգերը, ինչքան ալ խորանայ պատերազմը: Իսկ Եմէնի մէջ իշխող հուսիներու Անսարալլա կազմակերպութեան ղեկավար Ապտէլ Մալէք Պատր էլ Տին Հուսի բացատրեց, որ Իրանին ու դաշնակիցներուն հակադարձութեան ուշացումը պարզապէս մարտավարութիւն է՝ որպէսզի գալիք հակադարձութիւնը աւելի ծանր ազդէ Իսրայէլին: Հուսի նաեւ վստահեցուց, որ իրենք եւս պիտի հակադարձեն Հուտայտէ նաւահանգիստի վառելանիւթի մթերանոցի ռմբակոծումին: «Իսրայէլեան թշնամին քաջ կը գիտակցի, թէ մեր հակադարձութենէն փախուստ չկայ, ուստի դիմած է պաշտպանական նախապատրաստութիւններու՝ ամերիկեան վերահսկողութեամբ եւ արաբական ու արեւմտեան որոշ ուժերու համագործակցութեամբ», կարծիք յայտնեց Հուսի: Ան իր շաբաթական ուղերձին  մէջ նշեց, որ ամերիկացիներն ու եւրոպացիները կը փորձեն համոզել Իրանը, որ թեթեւօրէն հակադարձէ Իսրայէլին: «Իսլամական հանրապետութիւնը բոլոր այդ փորձերը կը դիմագրաւէ յստակութեամբ, որովհետեւ հարցը կը վերաբերի Իրանի պատուոյն եւ արժանապատուութեան», շեշտեց Հուսի:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Հըզպալլային կոչ ուղղեց «կրկնակի մտածելու, նախքան Իսրայէլի դէմ որեւէ յարձակում գործելը»: Նեթանիահու դիտել տուաւ, որ Կազայի պատերազմին տարածաշրջանային ընդարձակումը արկածախնդրութիւն մըն է, որուն բեռը կը գիտակցի, սակայն պատրաստ է զայն մղելու: «Մենք կը դիմագրաւենք ոչ միայն «Համաս» շարժումը, այլ Իրանի ամբողջական ճակատը, ուստի պէտք է ինքնակազմակերպուինք եւ պաշտպանուինք», ըսաւ Նեթանիահու, վերստին նշելով, որ Կազայի մէջ իրենց նպատակն է այնպէս հարուածել «Համաս»ը, որ այլեւս կարողութիւն չունենայ վտանգ սպառնալու Իսրայէլին:

Share61Tweet38
Previous Post

ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿԻՆ ՈՍՊՆԵԱԿԷՆ «ՍԷՅՏԻԹ ՄԱՈՒՆԱԹ» ԵՒ «ՍԻՄԱՐ ԺԸՊԷՅԼ»

Next Post

ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

Next Post
ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.