«Ա».- Ինչպէ՞ս քու մէջդ ծագեցաւ Արարատ լեռ բարձրանալու փափաքը:
Գարին.- Դպրոցական օրերէս մէջս Արարատ լեռը մեծ տպաւորութիւն ձգած էր: Տունը, դպրոցը եւ ամէն տեղ միշտ կը պատմուէր Արարատ լեռան մասին: Մանկութենէս ձգտում մը արթնցաւ, որ ես օր մը պէտք է բարձրանամ հոն, մանաւանդ որ վերջերս շատ կը լսէի այնտեղ բարձրացողներու մասին ու կը տեսնէի գագաթին վրայ պարզուած դրօշներուն նկարները: Այսպէս, երկու տարի առաջ լրջօրէն որոշեցի բարձրանալ Արարատ եւ արշաւախումբին մէջ տեղ ապահովեցի:Սակայն լաւ նախապատրաստուած չէի, զգացի որ պատրաստ չեմ այս արկածախնդրութիւնը իրագործելու, վերջին օրը միտքս փոխեցի ու չմեկնեցայ: Այնուհետեւ ծանօթացայ Լիբանանի լաւագոյն լեռնագնաց Աւետիս Գալփաքլեանին: Ինք մօտ մէկուկէս ամիս լաւապէս մարզեց զիս, տալով լեռնագնացութեան բոլոր գաղտնիքները: Աւետիսին հետ մարզումներէն ետք զգացի որ ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս պատրաստ եմ Արարատ բարձրանալու եւ բարձրացայ:
«Ա».- Արարատը նուաճելէդ ետք այժմ կրնա՞ս հաստատել, որ նախապատրաստական շրջանը կարեւոր է Արարատ բարձրանալ ցանկութիւն ունեցողներուն համար:
Գարին.- Որոշապէս այո՛, առանց նախավարժանքներու պիտի ձախողէի: Մէկուկէս ամիս լարուած փորձեր կատարեցի Աւետիսին հետ՝ շաբաթը երկու անգամով: Ասոր զուգահեռ մարզասրահի մէջ մարզիչ ունէի շաբաթական 3 անգամ վարժութիւններով, մէկական ժամ տարբեր մեքենաներու վրայ մկանային փորձեր կատարեցի, յատկապէս աստիճան բարձրանալու յատուկ գործիքին վրայ: Քրոջս Ալիսիայի քլինիք-ին մէջ ելեկտրա-մագնիսական ցնցումներով նաեւ ոտքի մկաններս բաւական աշխուժ եւ պատրաստ վիճակի հասցուցի բարձունքները հանգիստ մագլցելու համար: Այսպիսով Արարատ մեկնելէս քանի մը օր առաջ արդէն այս բոլոր վարժութիւնները հանգիստ ձեւով կը կատարէի, ինչ որ մէկուկէս ամիս առաջ անկարելի կը թուէր ինծի համար:
«Ա».- Լիբանանի ո՞ր լեռներուն վրայ նախավարժանքներ կատարեցիր:
Գարին.- Հիմնական լեռնագնացութիւնները կատարեցի բարձրանալով Սաննին լեռը, Հարիսայի շրջանը «Տարպ էլ Սամա»ն, որուն շեղութիւնը Արարատ լեռան նման է, ուր քանի մը անգամ կրկնեցինք մագլցումը: Սաննինի առաջին փորձին չկրցայ վեր հասնիլ: Շատ դժուար էր: Սակայն վերջին փորձին կրցայ բարձրանալ Սաննինի գագաթը:
«Ա».- Որքա՞ն ժամանակ առաւ Արարատին գագաթը հասնիլն ու վերադառնալը:
Գարին.- Ամբողջ ճամբորդութիւնը մէկ շաբաթ տեւեց: Հինգ օրը լեռան վրայ անցուցինք: Սկսանք 2000 մեթրէն եւ ամէն օր հազար մեթր կը բարձրանայինք: Առաջին օրը գիշերեցինք 3200 մեթրի վրայ: Յաջորդ օրը բարձրացանք 4200 մեթր եւ վերադարձանք 3200 որպէսզի բարձր կլիմային վարժուինք: Երրորդ օրը դարձեալ բարձրացանք 4200 մեթր ու հոն գիշերեցինք: Չորրորդ օրը կէս գիշերուան ժամը 12-ին, մութին մէջ սկսանք վերջին հազար մեթրը բարձրանալ: Առտուան ժամը 7-ին հասանք Արարատի գագաթը: Նոյն օրը վերադարցանք 3200-ի մեր բանակավայրը եւ հոն գիշերեցինք: Իսկ հինգերորդ օրը վերադարձանք մեր պանդոկը՝ Պայազիտ:
«Ա».- Ինչպէ՞ս կ’անցընէիք ձեր ժամանակը բանակավայրերուն մէջ:
Գարին.- 3200 եւ 4200 մեթրերու վրայ յատուկ բանակավայրեր պատրաստուած էին ոչ միայն մեր, այլ՝ բազմաթիւ տարբեր արշաւախումբերու համար: Հոն ծանօթացայ Հայաստանէն եկած հայերու. ուրախ եւ «քէֆ»ը սիրող մարդիկ էին եւ անոնց հետ երգերով, պարերով մասնակցեցայ գիշերները ուրախ հայկական «քեֆ»երուն, մինչ մերինները ժամը 10-ին արդէն վրաններուն մէջ կ’ամփոփուէին:
«Ա».- Ըստ քեզի, ամենադժուարը ո՞ր մասն էր:
Գարին.- Վերջին՝ գագաթ հասնելու օրը ամենադժուարն էր: Կեանքիս մէջ սկաուտ չեմ եղած, վրաններու տակ պառկելու փորձ չունիմ: Ուրեմն բնութեան օրէնքներուն անսովոր էի: Ինչքան ալ նախավարժանքներ կատարեցի, սակայն Արարատի վրայ ունեցայ դժուարութիւն, յատկապէս բնական պէտքերս հոգալու առումով: Ինծի զգուշացուցին որ այս վիճակով հաւանաբար չկարենամ հասնիլ գագաթը: Ուստի վերջին օրը սնունդէն հրաժարեցայ որպէսզի յաւելեալ նեղութիւն, սրտխառնուք, փորի ցաւ չունենամ: Գագաթի նուաճման օրը, Աւետիս Գալփաքլեանի առաջնորդութեամբ երբ 7 հոգինոց մեր խումբով սկսանք յառաջանալ, ես շարքին ամէնէն վերջինն էի, մեր հետ կար նաեւ քիւրտ ուղեկցորդ մը, որ փոխանակ ինծի քաջալերէ, ընդհակառակը տեւաբար կը յորդորէր որ չշարունակեմ ու վերադառնամ: Աւետիսը խորհուրդ տուաւ անտեսել անոր ըսածները, այնքան ատեն որ գլխապտոյտ չունիմ եւ տեսողութիւնս լաւ է: Սակայն ես մտադրած էի ամէն գնով հասնիլ մեր Արարատին գագաթը, նախատեսելով վատագոյն բոլոր հնարաւորութիւններն իսկ: Մեր մագլցման ընթացքին հանդիպեցանք 2 թուրք լեռնագնացներու անշնչացած մարմիններուն: Անոնք առանց ուղեկցորդի նախորդ օրերուն բարձրացած էին Արարատ եւ ճամբան մոլորուելով կորսուած էին ու ցուրտին պատճառով սառելով մահացած էին: Մեր քիւրտ ուղեկցորդը այս որ տեսաւ սկսաւ աւելի վախցնել զիս ու խնդրել որ վերադառնամ: Ու ես այս բոլորին ականատես ըլլալով հաստատակամ մնացի ու շարունակեցի՝ ամէն գնով բարձրանալու դէպի վեր: Որքան կը բարձրանայինք այնքան շնչառութեան նեղութիւնը կ’աւելնար: Բարեբախտաբար գլխացաւ ու գլխապտոյտ չունեցայ, շատեր առանց զգալու կը քնանային ճամբուն վրայ, իմ հետս այդ ալ չպատահեցաւ, ինքզինքս զօրաւոր կը զգայի, մկաններս բաւարար կենսունակ էին, սակայն քիչ մը դանդաղ էի միւսներէն: Սակայն երբ հասանք 4900-ի վրայ Արարատի սառցակալած մասը, սկսայ միւսներէն աւելի արագ բարձրանալ: Ասոր բժշկական բացատրութիւնը հետեւեալն է՝ քանի որ մարմինս յաւելեալ կշիռով է, սկզբնական շրջանին մկանային աշխատանքներուս համար օգտագործեցի մարմնիս շաքարը, իսկ հետագային՝ ամենավերջին փուլին սկսայ մարմնիս իւղերը սպառել՝ արագցնելով իմ վերելքս: Իսկ մեզմէ ոմանք առաւելաբար մկանոտ ըլլալով, իրենց մկաններուն իւղերը կը սպառէին որպէս ուժանիւթի աղբիւր ու յոգնելով կը դանդաղէին:
«Ա».- Պատմէ՛ Արարատի գագաթին վրայ ստացած տպաւորութեանդ եւ զգացումներուդ մասին:
Գարին.- Նախ այս նուաճումը կեանքիս ամենամեծ յաջողութիւնն էր ինծի համար: Գագաթին վրայ բոլորովին այլ զգացումներ ունեցայ: Անհաւատալի իրականութեան մը առջեւ էի: Գագաթին վրայ բոլորը կը շնորհաւորէին զիս՝ «Kareen You Did It» գոռալով: Օտար արաբ լեռնագնացներ ալ կային, որոնք քանի մը օր առաջ հաւանաբար յաւելեալ կշիռ ունենալուս պատճառով կը պնդէին, որ գագաթ բարձրանալու յոյսեր չունիմ: Երբ անոնք զիս գագաթին վրայ տեսան՝ շնորհաւորեցին ու բարձրաձայն ըսին՝ «You are a Queen»: Արարատի գագաթին լուսանկարուեցայ Հայաստանի եւ Լիբանանի դրօշակներով: Մեր արշաւախումբը կազմուած էր 3 ազգութիւններէ՝ լիբանանցի, հայ եւ ֆրանսացի: Խմբային լուսանկար մըն ալ նկարուեցանք:
«Ա».- Կը փափաքի՞ս դարձեալ բարձրանալ Արարատի գագաթ:
Գարին.- Որոշապէս, այո՛: Մեր արշաւախումբէն միայն մէկ հոգի՝ Ռուլա անունով, մարզական վիճակ ունենալով հանդերձ չկրցաւ գագաթ հասնիլ ու վերադարձաւ: Եթէ ան օր մը որոշէ վերադառնալ Արարատ գագաթ, ես վստահաբար կ’ուղեկցիմ իրեն, քանի որ կը փափաքէի որ ինքն ալ գագաթը նուաճելու ուրախութիւնը կիսէր մեզի հետ:
«Ա».- Մեր զրոյցի աւարտին կը փափաքինք ունենալ նաեւ հակիրճ տեղեկութիւն քու մասիդ:
Գարին.- Յաճախած եմ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կարմիրեան նախակրթարանը: Իվէնճէլիքըլ երկրորդական դպրոցէն շրջանաւարտ եմ: Աւարտած եմ Հայկազեան համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժինը, ասոր զուգահեռ նաեւ՝ տնտեսագիտութեան ճիւղը: Տնտեսագիտութեան մէջ բաւարար յաջողութիւններ արձանագրելէ ետք, գործարքը մեծցնելով մեր ընտանիքի անդամներն ալ ներգրաւուեցան: Քոյրս՝ Ալիսիան բժշկուհի է (Aestetic and Anti-aging Medicine specialist), կը ծառայէ Հ.Կ.Բ.Մ.-ի դարմանատան մէջ եւ միեւնոյն ժամանակ ունի իր անձնական քլինիքը` VIVRE CLINICS: Այժմ ես սեփականատէրն եմ JOUN MED SPA (Make up and Tattoo artist) բժշկա-գեղագիտական կեդրոնին, Մթայլէպ շրջանին մէջ: Եղբայրս՝ Սագօն Ամերիկա կ’ապրի եւ ունի անձնական վարսավիրանոցը:
«Ա».- Որպէս հայկական ազգային ոգին քու մէջդ տպաւորող տիպար որո՞ւն կ’առանձնացնես:
Գարին.- Հ.Բ.Ը.Մ. Կարմիրեան վարժարանէն մեր հայերէնի ուսուցչուհին՝ տիկին Պայծիկ Գալայճեանը: Մինչեւ օրս իրար կը տեսնենք: Շատ կը սիրեմ զինք: