Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ԽՆԴԻՐՆ ԱՅՆ Է, ՈՐ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐԸ ՉԵՆ ԸՍԵՐ ՈՐ ՂԱՐԱԲԱՂԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔՆ Է»․ Կ’ԸՍԷ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆ

August 8, 2024
in Միջազգային
0
«ԽՆԴԻՐՆ ԱՅՆ Է, ՈՐ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐԸ ՉԵՆ ԸՍԵՐ ՈՐ ՂԱՐԱԲԱՂԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔՆ Է»․  Կ’ԸՍԷ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆ

 

Որոշ լրատուամիջոցներ Ատրպէյճանի դէմ սեւ PR արշաւ կ’իրականացնեն, ինչ որ թոյլ չի տար Ֆրանսայի բնակիչներուն իրական տեղեկատուութիւն ստանալ մեր երկրին մասին։ Նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ֆրանսայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Լէյլա Ապտուլաեւան:

Ան նշած է, որ Ողիպիական խաղերու բացման արարողութեան ժամանակ Արցախի մասին ֆրանսացի հաղորդավարի յայտարարութիւններուն համար բողոք ուղղած են Ֆրանսայի Արտաքին գործերու նախարարութիւն։ «Միջազգային ողիմպիական կոմիտէէն ներողութեան նամակ եկած է։ Ասոր զուգահեռ, Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի յանձնարարականին համաձայն, Ատրպէյճանի դեսպանատունը բողոքագիր յղած է Ֆրանսայի ԱԳՆ-ին։ Մինչ օրս Ֆրանսայի պաշտօնական կառոյցներէն որեւէ արձագանգ չկայ»,- ըսած է Ապտուլաեւան։

Յիշեցնենք՝ աւելի վաղ Պաքուն յայտնած էր, որ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն ներողութիւն խնդրած է  ֆրանսացի հաղորդավարին մեկնաբանութիւններուն համար։ Ապտուլլաեւան նաեւ յայտնած է, որ Ատրպէյճանի ու Ֆրանսայի յարաբերութիւններուն մէջ ներկայիս ճգնաժամ է։ «Ատիկա կ’ազդէ տարբեր ոլորտներու վրայ: Ես կը փորձեմ Ատրպէյճանի մասին ճիշդ տեղեկատուութիւն տրամադրել ֆրանսական հասարակութեան։ Անկեղծ ըսած, շատ դժուար է հասնիլ լրատուամիջոցներու միջոցով Ատրպէյճանի մասին ճիշդ տեղեկատուութեան տարածման: Մեզի հնարաւորութիւն կը տրուի ֆրանսական հեռուստատեսութեամբ խօսելու միայն Ֆրանսային հետաքրքրող թեմաներով։ Այսինքն՝ հեշտ չէ ֆրանսական հեռուստատեսութեամբ ներկայանալ»,- ըսած է ան։

Ատրպէյճանցի դիւանագէտը երկու երկիրներու յարաբերութիւններու վատթարացման համար մեղադրած է Փարիզը։ «Նախագահ Իլհամ Ալիեւը մէկ անգամ չէ, որ խօսած է այս մասին։ Ատրպէյճանի արձագանգը միայն պատասխան է Ֆրանսայի գործողութիւններուն։ Շրջան մը մեր երկիրներու յարաբերութիւնները շատ բարձր մակարդակի վրայ էին։ Ֆրանսան ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահ էր։ Բայց, ցաւօք, 2020 թուականէն յետոյ, երբ Ատրպէյճանը ազատագրեց բռնագրաւուած տարածքները, Ֆրանսայի դիրքորոշումը որոշակիօրէն փոխուեցաւ։ Ֆրանսայի նախագահին յայտարարութիւնը, թէ «Ֆրանսան Հայաստանի հետ է եւ միշտ պիտի ըլլայ անոր հետ», բնականաբար, որոշակի արձագանգ յառաջացուց ատրպէյճանական հասարակութեան մէջ։ Այո՛, Ֆրանսայի հայ համայնքը ուժեղ է, մենք հաշուի կ’առնենք այս գործօնը։ Բայց «Հայաստանի բարեկամ» ըլլալը պէտք չէ նշանակէ «դէմ ըլլալ Ատրպէյճանին»։ Ի վերջոյ, երկու երկիրներուն հետ ալ հնարաւոր է զարգացնել բարեկամական յարաբերութիւններ, եւ մենք անոր մասին է որ կը խօսինք: Չնայած հայկական սփիւռքի գործօնին՝ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները կրնան զարգանալ։ Ատրպէյճանը այսօր առաջատար երկիր է տարածաշրջանին մէջ, ամենամեծը՝ ամենաուժեղ տնտեսութեամբ։ Եւ եթէ Ֆրանսան կը փափաքի ըլլալ մեր տարածաշրջանին մէջ, ապա անպայման պէտք է կարգաւորէ եւ զարգացնէ յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի հետ»,- յայտնած է Ատրպէյճանի դեսպանը։

Ան յաւելած է՝ անհրաժեշտ է, որ Ֆրանսան վերանայի իր «կողմնակալ դիրքորոշումը» Ատրպէյճանի նկատմամբ։ «Անոր համար անհրաժեշտ է ճիշդ ընկալել մեր տարածաշրջանին մէջ առկայ իրավիճակը։ Խնդիրը այն է, որ ֆրանսացի պաշտօնեաներն ու ֆրանսական լրատուամիջոցները չեն ըսեր, որ «Ղարաբաղը Ատրպէյճանի տարածքն է»։ Ես կը փափաքէի լսել, որ Ֆրանսան կը յարգէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, իսկ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մաս է։ Եթէ ֆրանսացի պաշտօնեաները սկսին օգտագործել այս թեզը, ապա այն կ’արտացոլուի լրատուամիջոցներուն մէջ եւ կը տեղաւորուի մարդոց գլխուն մէջ։ Ես կը կարծեմ, որ Ֆրանսայի մէջ արդէն ընդունած են իրականութիւնը, բայց չեն ուզեր բարձրաձայնել»,- եզրափակած է Ապտուլաեւան։

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻՆԵՐԸ ԱՄՌԱՆ ԿԸ ՆԱԽԸՆՏՐԵՆ ԾՈՎԱՓՆԵԱՅ ՀԱՆԳԻՍՏ

Next Post

«ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՆԱԾ ԵՆՔ ԱՅԴ ԿԷՏԸ (ՄԻՋԱՆՑՔԸ) ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԷՆ». ԸՍԱԾ Է ԱՄԻՐՊԵՔՈՎ

Next Post
«ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՆԱԾ ԵՆՔ ԱՅԴ ԿԷՏԸ (ՄԻՋԱՆՑՔԸ) ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԷՆ».  ԸՍԱԾ Է ԱՄԻՐՊԵՔՈՎ

«ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՆԱԾ ԵՆՔ ԱՅԴ ԿԷՏԸ (ՄԻՋԱՆՑՔԸ) ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԷՆ». ԸՍԱԾ Է ԱՄԻՐՊԵՔՈՎ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.