Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻՆԵՐԸ ԱՄՌԱՆ ԿԸ ՆԱԽԸՆՏՐԵՆ ԾՈՎԱՓՆԵԱՅ ՀԱՆԳԻՍՏ

August 8, 2024
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻՆԵՐԸ ԱՄՌԱՆ ԿԸ ՆԱԽԸՆՏՐԵՆ ԾՈՎԱՓՆԵԱՅ ՀԱՆԳԻՍՏ

«Հայերս կը սիրենք հանգստանալ ջրային տարածքներու մօտ: Հիմա մեծ ընտրութեան եւ հնարաւորութիւններու պարագային ծովափնեայ երկիրներու մէջ հանգիստի կազմակերպումը աւելի հասանելի ու պահանջուած է: Առաւել եւս, որ Հայաստանէն ուղիղ թռիչքներ կ’իրականացուին տարբեր ուղղութիւններով, այդ շարքին՝ միանգամայն էքզոթիք երկիրներ: Քիչ չեն նաեւ պատմամշակութային, ճանաչողական եւ այլ տեսակի ուղեւորությունները»,- ըսաւ Զբօսաշրջութեան հայկական ֆետերասիոնի նախագահ Մեխակ Ապրեսեանը:

Հայաստանի բնակիչները ամռան կը նախընտրեն հանգստանալ ծովափնեայ երկիրներու մէջ:

Մեխակ Ապրեսեանի տեղեկացմամբ՝  հայաստանցիները աւելի յաճախ հանգիստի կը մեկնին Եգիպտոս, Չեռնոկորիա, վիզայի առկայութեան պարագային՝ նաեւ Յունաստան: Նախընտրելի ուղղութիւններրն են նաեւ Սրի Լանքան եւ եւրոպական շարք մը երկիրները, ուր նոյնպէս հնարաւոր է վայելել ծովային հանգիստը: Հայ զբօսաշրջիկներու կարելի է հանդիպիլ նոյնիկ Տոմինիքեան Հանրապետութեան մէջ, Քարիպեան աւազանի եւ Հարաւարեւելեան Ասիոյ կղզիներուն մէջ: Ամենահեռաւոր եւ էքզոթիք հանգստավայրերու մէջ մեր հայրենակիցները շատ չեն:

Հանգիստի տարածուած ուղղութիւններէն է, բնականաբար, Վրաստանի սեւծովեան ափը, սակայն, Մեխակ Ապրեսեանի խօսքով՝ այլընտրանքի ընդլայնման պայմաններուն մէջ հարեւան երկիր հանգիստի մեկնող ՀՀ քաղաքացիներուն թիւը նախորդ տարիներուն համեմատ որոշ չափով նուազած է:

Մեխակ Ապրեսեանը նաեւ տեղեկացուց, որ երբեմնի ժողովրդական Անթալիա մեկնողներ գրեթէ չկան: «Եթէ նոյնիսկ կան գացողներ, ապա շատ քիչ են: Անկեղծ ըսած՝ չեմ ալ նկատած, որ մեր զբօսաշրջային ընկերութիւնները հիմա գովազդեն այդ ուղղութիւնը: Գրաւիչ չէ նաեւ Ռուսաստանի սեւծովեան ափը»,- ընդգծեց ան:

Մեխակ Ապրեսեանի խօսքով, զբօսաշրջային ոլորտին մէջ բաւականին յաջող համագործակցութիւն ձեւաւորուած է Ռուսաստանի այլ տարածաշրջաններու հետ. «օրինակ, ունինք ուղիղ թռիչքներ դէպի Եքաթերինպուրկ, Թիւմէն եւ այլ քաղաքներ: Ատիկա զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ աշխոյժ համագործակցութեան արդիւնք է: Նոյն Թիւմէնի պարագային անոր մեծապէս նպաստած եւ աջակցած է տեղի հայ համայնքը»,- ընդգծեց Ապրեսեան:

Վերջին տարիներու իրադարձութիւններէն յետոյ, նաեւ տարածաշրջանին մէջ անկայուն իրավիճակով պայմանաւորուած՝ զգալիօրէն նուազած է Արեւմտեան Հայաստան մեկնողներու թիւը, նշեց Զբօսաշրջութեան հայկական ֆետերասիոնի նախագահը:

«Այս ոլորտը Հայաստանի մէջ զարգացման նոր խթան պիտի ստանայ, եթէ ՀՀ քաղաքացիներուն հնարաւորութիւն ընձեռուի մեղմ ընթացակարգով ստանալու եւրոպական երկիրներու վիզաներ եւ այնտեղ մեկնելու հնարաւորութիւնը պարզեցուին: Հիմա զբօսաշրջային եղանակին եւրոպական երկիրներէն առանց վիզայի հնարաւոր է այցելել Չեռնոկորիա»,- եզրափակեց Մեխակ Ապրեսեանը:

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՄՆ-Ն ԹՈՒՐՔԻԱՅԻՆ ՍՊԱՌՆԱՑԱԾ Է ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐՈՎ՝ ՌՈՒՍԻՈՅ ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ ԱՊՐԱՆՔՆԵՐ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Next Post

«ԽՆԴԻՐՆ ԱՅՆ Է, ՈՐ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐԸ ՉԵՆ ԸՍԵՐ ՈՐ ՂԱՐԱԲԱՂԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔՆ Է»․ Կ’ԸՍԷ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆ

Next Post
«ԽՆԴԻՐՆ ԱՅՆ Է, ՈՐ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐԸ ՉԵՆ ԸՍԵՐ ՈՐ ՂԱՐԱԲԱՂԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔՆ Է»․  Կ’ԸՍԷ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆ

«ԽՆԴԻՐՆ ԱՅՆ Է, ՈՐ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐԸ ՉԵՆ ԸՍԵՐ ՈՐ ՂԱՐԱԲԱՂԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔՆ Է»․ Կ'ԸՍԷ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.