Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՄՆ-Ն ԹՈՒՐՔԻԱՅԻՆ ՍՊԱՌՆԱՑԱԾ Է ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐՈՎ՝ ՌՈՒՍԻՈՅ ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ ԱՊՐԱՆՔՆԵՐ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

August 8, 2024
in Միջազգային
0
ԱՄՆ-Ն ԹՈՒՐՔԻԱՅԻՆ ՍՊԱՌՆԱՑԱԾ Է ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐՈՎ՝ ՌՈՒՍԻՈՅ ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ ԱՊՐԱՆՔՆԵՐ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

 

Թուրքիան ստիպուած պիտի ըլլայ գործ ունենալ Ուաշինկթընի հակաքայլերու հետ, եթէ Անքարան շարունակէ Ռուսիա արտահանել պատժամիջոցներու տակ յայտնուած ապրանքներ՝ կապուած ռազմական սարքաւորումներու հետ: Այս մասին «Financial Times»-ին յայտնած է ԱՄՆ առեւտուրի նախարարի օգնական Մեթիու Աքսելրոտը:

«Հարկաւոր է, որ Թուրքիան դադրեցնէ ԱՄՆ-ի արհեստագիտութիւններու անօրինական փոխանցումը Ռուսիոյ: Մեզի այս հարցով յառաջընթաց պէտք է թրքական իշխանութիւններուն եւ արդիւնաբերութեան կողմէ եւ արագ, կամ մենք այլ ելք չենք ունենար, քան ստիպել անոնց, որոնք կը շրջանցեն մեր արտահանման հսկողութեան միջոցները, բախիլ հետեւանքներու»,- ըսած է ան:

«Financial Times»-ը կը յիշեցնէ, որ Աքսելրոտը Սթամպուլի եւ Անքարայի մէջ թուրք պաշտօնեաներուն հետ վերջերս բանակցութիւններ վարած է այս խնդիրին շուրջ։

«Financial Times»-ի տուեալներով՝ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ առեւտրային յարաբերութիւններու պատճառով ԱՄՆ-ն աւելի վաղ 18 թրքական ընկերութիւն աւելցուցած է յատուկ ցուցակին մէջ. ամերիկեան ընկերութիւնները պէտք է յատուկ արտօնագրեր ստանան այդ ընկերութիւններուն շարք մը տեսակներու ապրանքներ վաճառելու համար: Բացի անկէ, ամերիկեան վարչակազմը քանիցս պատժամիջոցներ սահմանած է թրքական ընկերութիւններու դէմ՝ ռուսական պաշտպանական արդիւնաբերական համալիրին աջակցելու մեղադրանքով։

Share61Tweet38
Previous Post

1) ՊԼԻՆՔԸՆ. «ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԸ ԵՒ ԱՄՆ ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ՈՒՂԻՂ ՈՒՂԵՐՁ ՅՂԱԾ ԵՆ ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ԵՒ ԻՐԱՆԻՆ՝ ՉԵՐԹԱԼՈՒ ՄԱԳԼՑՈՂԱԿԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՎ»

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻՆԵՐԸ ԱՄՌԱՆ ԿԸ ՆԱԽԸՆՏՐԵՆ ԾՈՎԱՓՆԵԱՅ ՀԱՆԳԻՍՏ

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻՆԵՐԸ ԱՄՌԱՆ ԿԸ ՆԱԽԸՆՏՐԵՆ ԾՈՎԱՓՆԵԱՅ ՀԱՆԳԻՍՏ

ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻՆԵՐԸ ԱՄՌԱՆ ԿԸ ՆԱԽԸՆՏՐԵՆ ԾՈՎԱՓՆԵԱՅ ՀԱՆԳԻՍՏ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.