Ազգային ազատ հոսանքէն երեսփոխան Ալէն Աունի վտարումէն ընդամէնը քանի մը օր ետք, հոսանքի «Ուժեղ Լիբանանը» համախմբումի անդամ Սիմոն Ապի Ռամիա երէկ յայտնեց, որ ինք եւս կը հրաժարի հոսանքի կազմակերպչական կառոյցէն, միշտ հաւատարիմ մնալով քաղաքական նշեալ ուժի սկզբունքներուն:
Ազգային ազատ հոսանքը հաղորդագրութեամբ մը շեշտեց, որ անակնկալի չէ մատնուած Ապի Ռամիայի հրաժարականով, նկատի առնելով որ ան երկար ժամանակէ ի վեր կը վարէր հոսանքին ցուցմունքներուն հակառակ քաղաքականութիւն: Իսկ հոսանքի նախագահ Ժըպրան Պասիլ մեկնաբանեց Ապի Ռամիայի հրաժարականը եւ պնդեց, որ իր գլխաւորած հոսանքը ազատ է իր որոշումով եւ կը շարունակէ ուղին բոլոր անոնց հետ, որոնք հաստատուն կը մնան հոսանքին մէջ, արտացոլելով անոր իսկական դիմագիծը: