ՀԱՅ ՊԱՏՄԱԲԱՆ, ԱՐԵՒԵԼԱԳԷՏ
ԱՐԱԲԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐՈՑԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐ՝
ՆԻՔՈԼԱՅ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ (1930-2024)
Նիքոլայ Յովհաննիսեան պատմաբան է, արեւելագէտ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր, հասարակական գործիչ:
Յովհաննիսեան եղած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ, իսկ 1995-2006 թուականներուն՝ ակադեմիայի Արեւելագիտութեան կաճառի տնօրէն։
Ան հայ ժամանակակից արաբագիտական պատմագիտական դպրոցի հիմնադիրը կը համարուի։ Պատմական գիտութիւններու դոկտոր է։ Նիքոլայ Յովհաննիսեան հեղինակած է բազմաթիւ գիրքեր, նաեւ ստորագրած է կարեւոր գիտական յօդուածներ:
2004 թուականին Քեմպրիճի (Անգլիա) Միջազգային կենսագրական կեդրոնը զինք հռչակած է «21-րդ դարու ականաւոր գիտնական», 2005 թուականին ճանչցած է «Աշխարհի յառաջատար գիտնական», իսկ 2009 թուականին ան ընդգրկուած է «Աշխարհի ամենաականաւոր 100 գիտնականներու ցանկին մէջ»։
2010 թուականին արժանացած է Կիւմրիի պատուոյ քաղաքացիի կոչումին։ 2011 թուականին «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» 2-րդ աստիճանի մետալով պարգեւատրուած է:
Յովհաննիսեան իր գիտական ու հասարակական բեղուն գործունէութեան շնորհիւ տասնամեակներ շարունակ նպաստած է Հայաստանի մէջ արեւելագիտութեան եւ յատկապէս արաբագիտութեան զարգացումի գործին: Իր հարիւրաւոր գիտական երկերը թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներու: Գիտնականը մեծ վարկ կը վայելէր Հայաստանէն դուրս եւ արժանացած էր գիտական կոչումներու եւ միջազգային պարգեւներու:
Անցեալ դարու կէսերուն իր ջանքերով հիմնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան բաժանմունքի Արաբական երկիրներու բաժինը, որ անցեալ տասնամեակներու ընթացքին իր հմուտ ղեկավարութեամբ իրականացուց հետազօտական արդիւնաւոր գործունէութիւն՝ լոյս ընծայելով բազմաթիւ արժէքաւոր ուսումնասիրութիւններու՝ նուիրուած Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Իրաքի, Լիբանանի եւ տարածաշրջանի այլ երկիրներու արդի պատմութեան, կրօնական ու ազգային խնդիրներուն, արաբական աշխարհի հետ մեր ժողովուրդի փոխադարձ յարաբերութեան:
Խորհրդային տարիներուն, որպէս Արաբական երկիրներու հետ բարեկամութեան եւ մշակութային կապերու ընկերութեան հայկական բաժինի նախագահ, նաեւ գովելի ներդրում ունեցաւ արաբական երկիրներու հետ հասարակական ու մշակութային կապերու զարգացումին:
Նիքոլայ Յովհաննիսեանի հարիւրաւոր աշակերտները մեծ փաստն են իր կատարած աշխատանքին, սերունդին որու դաստիարակութեան մէջ մեծ բաժին ունեցաւ փրոֆեսորը: Հայ ազգը միշտ երախտագիտութեամբ պիտի յիշէ իր մեծ զաւակ դոկտոր Նիքոլայ Յովհաննիսեանը, որ մեծ ներդրում ունեցաւ հայ-արաբ բարեկամութեան զարգացումին ու ամրապնդումին մէջ մշակոյթի միջոցով:
ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
ՃԻՇԴ ՈՐՈՇՈՒՄԻ ԿԱՅԱՑՈՒՄ
ԱՄՆ-ի «Massachusetts Institute of Technology» համալսարանէն խումբ մը արուեստական բանականութեան (Artificial Intelligence) մասնագէտներ պատրաստած են ծրագիր մը, որ արդար որոշումներ կրնայ կայացնել կարգ մը դժուար պարագաներու: Օրինակ հիւանդանոց մը որ պիտի որոշէ, թէ որ հիւանդը աւելի ընդունակ է կատարելու երիկամունքի պատուաստում: Ընկերութիւն մը, որ դժուարութիւն կ’ունենայ ընտրելու թեկնածուներ պաշտօնի մը համար:
Այս ծրագիրը միայն կը վստահի իր ունեցած տուեալներուն վրայ ու չ’ազդուիր որեւէ այլ կողմնակալ տուեալէ: Պատահականութիւնը (randomization) հիմնական գործօններէն մէկն է այս ծրագրի յաջողութեան: Փոխանակ նկատի առնելու նախկին, փորձուած տուեալներ, այս ծրագիրը առիթ կու տայ որ նկատի առնուին նաեւ պատահական տեղեկութիւններ, չէզոքացնելով կողմնակալութեան հաւանականութիւնը:
Աղբիւր՝ https://www.sciencedaily.com
ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ՄԵՆՔ ՇՐՋԱՆԻ ԶԱՒԱԿՆ ԵՆՔ ՈՒ ԱՇԽԱՏԻՆՔ ԱՅԴ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ՄԵԿՆԵԼՈՎ
Այս թիւով պիտի ամփոփենք այն երկար շարքը, որ սկսանք տարիներ առաջ այս անկիւնը գրաւելով միշտ: Բոլոր իրականութիւնները նկատի ունենալով ու պատմական փաստերէ մեկնելով մենք հասանք այն եզրակացութեան, որ հայը հարազատ զաւակն է Արեւելքի: Մեր կենսաձեւը, կեանքի փիլիսոփայութիւնը եւ համամարդկային մտածելակերպը կը յուշեն այդ իրականութիւնը:
Մենք լաւ դրացին ենք արաբ քրիստոնեային, իսլամին, քիւրտին, ալեւիին, ասորիին ու շատ մը այլ ցեղերու, որոնք անդամ են Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու մեծ ընտանիքին: Մենք որպէս ազգ կը յաջողինք այն ատեն, երբ լեզու կը գտնենք մեր շրջանի բնիկ ժողովուրդներուն հետ, կը կարեկցինք անոնց հետ: Յարգելով Արեւմուտքը եւ իր կենսափիլիսոփայութիւնը, որ բաւական հեռու է մեր քրիստոնէական, պահպանողական կենսափիլիսոփայութենէն, մենք չենք կրնար աջակցիլ անոր բիրտ ուժի գործածութեան արդարութիւն պահանջող ժողովուրդի մը դէմ: Քրիստոնեան արդարութեան մարտիկ է ու միայն շահով չ’առաջնորդուիր: Ան պայքարողն է արդարութեան հաստատումին համար: Այս է որ փաստեցին մեր նախնիները: Մենք կը յաջողինք այն ատեն, երբ շրջանի բնիկ ժողովուրդներուն հետ կ’ըլլանք բաժնեկից ցաւին եւ ուրախութեան: Արեւմուտքի հաստատած հակակրօն արժէքներէն մեկնելով մենք չենք կրնար եղբայրանալ շրջանի բնիկ ժողովուրդներուն հետ:
ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒՆ
2015 թուականի Սեպտեմբեր ամիսն էր, երբ «Արարատ»ի տնօրէն տիկին Անի Եփրեմեանին առաջարկեցի սկսիլ շաբաթական էջ մը, որ տարբեր պիտի ըլլար իր բովանդակութեամբ: Նոր բան պիտի ըսէր մեր յարգելի ընթերցողին: Այս էջին հիմերը դրի ամուր ժայռի վրայ որպէսզի չխախտի եւ այդպէս ալ այս «Գիտական Էջ»ը դիմացաւ մինչեւ այսօր: Դժբախտաբար, կամքէ անկախ պատճառներով, այս էջը այսուհետեւ պիտի չերեւի «Արարատ»ին մէջ, որովհետեւ ես կը հեռանամ անկէ, օր մը վերադառնալու յոյսով: Տիկին Անին միշտ քաջալերեց այս էջը եւ ես իրեն կը պարտիմ այն յաջողութիւնը, որուն հասայ այս էջին միջոցով:
Այս էջով ես փորձեցի մեր ազգի զաւակներուն մտածողութեան մէջ աւելցնել վերլուծումի ու հարցերը մակերեսէն չդիտելու կարեւորութիւնը: Իւրաքանչիւր յօդուած այս էջին մէջ առիթ էր, որ ընթերցողը գիտնայ տիտան մարդոց արժէքը, անոնց կատարած գործին ու ըսած խօսքին ընդմէջէն: Ցոյց տուի թէ պատմութիւնը միայն պատմելու համար չէ, այլ գիտնալու համար պատճառները մեր կրած տառապանքին, որոնց ոչ-բոլորը անմեղ են: Շատ մը առիթներով պատմութեան մէջ մենք վճարած ենք գինը մեր կատարած սխալին ու զայն բեռցուցած ենք օտարին վրայ միայն:
Պեղեցի հոգեբանութեան հսկայ դաշտը ու անոր ազդեցութիւնը մարդ-մարդ եւ մարդ-պետութիւն յարաբերութեան վրայ: Առողջապահութեան ամենանոր գիւտերը պարզ ձեւով հասցուցի ընթերցողին, որպէսզի գիտնայ այս մարզին մէջ արձանագրուած նորութիւնները: Նոր արհեստագիտութեան մէջ ներկայացուցի պիտանի գիտելիքներ համակարգիչի, սմարթֆոնի եւ այլ գործիքներու եւ ծրագրերու մասին:
Մշակոյթի եւ լեզուի բաժինին մէջ փորձեցի սրբագրել հայերէնի մէջ մեր կատարած սխալները: Մշակոյթի բաժինին մէջ խօսեցայ հին գրականութեան, բերդերու, ազգային պարի եւ այլ առնչակից նիւթերու մասին, որպէսզի ընթերցողը գիտնայ մեր հին ազգին մշակութային արժէքը:
Վերջապէս, աշխարհագրութեան էջին մէջ ներկայացուցի թէ ինչպէս երկրի մը աշխարհագրութիւնը կ’ազդէ անոր պատմութեան, ժողովուրդի մշակոյթին ու այլ ազգերու հետ իր յարաբերութեան վրայ: Հայ ընթերցողին առջեւ բացի վերլուծումի գեղեցիկ դաշտը, ուր ամէն դէպք առնչուած էր պատճառի մը ու հետեւանք էր կայացուած ճիշդ կամ սխալ որոշումներու: Կաղապարները փորձեցի փշրել մեր մտածողութեան մէջ: Որոշ չափով յաջողեցայ ի պատիւ մեր ընթերցողներուն:
ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
ԺԽՏԱԿԱՆ ՔԱՆԴՈՂ ՍԻՆՏՐՈՄ
Երբ սերտեմ պատճառները շրջանակի մը ճահճացումին ու միջակ մակարդակի միութենական անդամներու իշխանութեան վրայ երկար ժամանակ մնալուն, կը նկատեմ իրականութիւն մը, որ մանաւանդ ներկայ է հայկական միութիւններու մէջ: Ընդհանրապէս մեր ազգին մեծերը կամ տաղանդաւոր անձերը մանրուքներով չեն զբաղիր, այլ կը նային ընդհանուր պատկերին՝ իրենց նպատակը յաջողցնելու համար: Այս է պատճառը որ անոնց մեծամասնութիւնը օժտուած կ’ըլլայ աստուածատուր ձիրքերով: Իրենց այդ տաղանդին համար անոնք կը սպասեն որ իրենց ծառայած շրջանակը յարգէ զիրենք որոշ չափով:
Նոյն շրջանակին մէջ կան մարդիկ, որոնք կը զբաղին մանրուքներով ու կը զգան որ տաղանդաւոր անդամներու ներկայութեան իրենք պիտի չկարենան կատարել իրենց ուզած գործը, որովհետեւ տաղանդաւորն է որ գրաւած է բեմը ու կը վայելէ ժողովրդային յարգանք իր աշխատանքին եւ դրական վերաբերմունքին պատճառով: Ուրեմն, նախանձը կը սկսի գործել իր աւերը: Կը սկսին բամբասել տաղանդաւոր մարդուն մասին, սուտ լուրեր տարածել, որպէսզի նսեմացնեն զինք: Կը սկսին ամէն ժողովին յոգնեցնել այդ տաղանդաւոր անձը, որպէսզի ձանձրանայ ու հրաժարի, ասպարէզը իրենց ձգելու համար:
Այս է հիմնական պատճառը որ մեր տաղանդաւոր զաւակները աւելի յարգուած են օտար քան հայկական շրջանակին մէջ: Այս է պատճառը որ օտար շրջանակներու մէջ աւելի տաղանդաւոր հայեր կան քան հայկական շրջանակներու մէջ: Որովհետեւ հայը կը «մաքրէ» իր տաղանդաւորները իր մարդուկի հոգեբանութեամբ, նախանձով, վրէժխնդրութեամբ: Քրիստոնէական մտածելակերպը շա՜տ հեռու է մեզմէ: Չհպարտանաք որ առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդն ենք: Մեզմէ շատ անձեր տակաւին նոյն նախանձոտ, վրէժխնդիր մարդիկն են, որոնք ներել չեն գիտեր: Այս է պատճառը որ հայկական միութիւններ կը մնան կաղապարներու մէջ, միջակ կարողութիւն ունեցող մարդոց ազդեցութեան տակ: Ասոնք մարդիկ են որ մինչեւ իսկ մշակութային միութիւն կը փակեն հարուածելու համար միութեան ատենապետուհին: Ողբամ քեզ, հայ ժողովուրդ, որ այս մակարդակի ղեկավարներ ունիս, որոնք մանրուքներով կը զբաղին: Այս է պարագան շատ մը հայկական կուսակցութիւններուն ու միութիւններուն մէջ: Այս ազգային մեծ ախտ է, որմէ պէտք է փրկուինք զարգանալու համար: Իրականութիւնը պէտք է ըսուէր այլեւս եւ ըսինք: Բա՜ւ է:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԱԾ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ
Ըստ վերջին գիտական հետազօտութեան, մարմնի առողջապահութեան պաշտպանութեան համակարգը կ’աշխատի իր ամէնէն արդիւնաւէտ ձեւով, երբ ան հաւասարակշռուած է: Այն վարկածը, թէ համակարգը զօրացնելը ներարկումով, դրական ազդեցութիւն ունի մարդու առողջութեան համար, կը փաստուի թէ այնքան ալ ճիշդ չէ: Այսինքն, եթէ մարմնի պաշտպանութեան համակարգը հաւասարակշռուած է, ուրեմն այդ արդիւնաւէտ ձեւով կ’աշխատի: Ուրեմն, բժշկութեան հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ պահել հաւասարակշռուած վիճակը մարմնի պաշտպանութեան համակարգին:
Եթէ պաշտպանութեան համակարգը կը նմանի ջերմաչափի, ապա զայն չափազանց բարձրացնելը կ’աշխուժացնէ եւ անվերահսկելի կը դարձնէ բորբոքումը, իսկ զայն շատ իջեցնելը կը տկարացնէ մարմնի պաշտպանութեան համակարգը:
Աղբիւր՝ https://www.livescience.com
ՄՇԱԿՈՅԹ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԸ
Հայկական պարին սկիզբը կ’երթայ մինչեւ նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանը Հայկական լեռնաշխարհին մէջ, երբ պատմական Հայաստանի կրօնքն էր հեթանոսութիւնը եւ հանդիսացած է հայ ժողովուրդի բնաւորութիւնը նկարագրող գեղագիտական վառ արտայայտչամիջոցներէն մէկը։ Պարին միջոցով կարելի է տեսնել հայ ժողովուրդին մտածողութիւնը, հոգեկան աշխարհը եւ բնութեան ու կեանքին հանդէպ ունեցած վերաբերմունքը։
Հայկական պարը կրնանք դասաւորել ըստ կատարումի եւ ձեռքերը բռնելու ձեւի եւ բովանդակութեան:
Կարինէ Հայրապետեան գեղեցիկ ձեւով կը բացատրէ հայկական պարին ծիսական էութիւնը: Արեւապաշտ մեր նախնիներէն մեզի մնացած ամենաուժեղ կապը հայկական առասպելական պարն է, որովհետեւ ան կը կրէ ծիսական պաշտամունքի ոգին ու ձեւը:
Հայ ժողովրդական բանահիւսութեան մէջ, օձը չորս ծուծ ունի գլուխին մէջ՝ երկուքը մահացու, երկուքը՝ կենսատու յատկութիւններով, մասնագիտական գրականութեան տուեալներով օձին գլխուղեղը նոյնպէս քառամաս է՝առջեւի ուղեղ, միջին ուղեղ, ուղեղիկ, երկայնաձիգ ուղեղ: Բնականաբար օձին դրական եւ կենսատու՝ իմաստուն եւ բուժիչ յատկանիշերը կը վերագրուին հայոց տիեզերական խորհրդանիշը կրող Նաղաշ Հայ Օձին, որուն յատկանիշերը կը կրէ հայ մարդը, իսկ մահացու թունաւոր՝ նենգ եւ դաւադիր, օձի տեսակը վերագրուած է այն ազգերուն, որոնց հետ ունեցած ենք հակադրութիւն եւ անոնք կը համարուին Շահմար Օձ տեսակ:
Շահմար օձ կոչած են մարերը, իրանեան մեդացիները: Հայ ժողովուրդի ընկալումներուն մէջ Շահմար Օձերը եւ Վիշապները միշտ կրած են հայ մարդու, հայ աստուածներու հսկողութիւնը եւ խոնարհած ու ենթարկուած են անոնց:
Հայ ժողովրդական բանահիւսութեան մէջ, օձի իմաստութիւն, օձի հնարամտութիւն, օձ պարեցնող արտայայտութիւնները հիմնականին մէջ կը վերագրուին հայ կնոջ, որ հայ տղամարդուն հաւասար պայքարած է հայրենիքի եւ ընտանիքի համար ու իր խելամիտ, իմաստուն արարքով օժանդակած է կանխելու վերահաս վտանգը: Յիշենք ըստ գործող անձերու՝ հայկական աւանդութեան փաստերը:
Հայոց «Սասնայ Ծռեր» դիւցազնավէպի Ծովինար թագուհին, ապրելով Մըսրի մէջ, խալիֆին չի յանձնուիր, կը խաբէ, ուղղակի կը «պարեցնէ», մինչեւ Սանասարի եւ Պաղտասարի հասուն տղամարդ դառնալը եւ գերութենէն ազատիլը:
Աղբիւր՝ «Ուիքիփետիա»
ՆՈՐ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԾՐԱԳՐԵՐ
Բջիջային հեռախօսը կրնայ վերածուիլ արուեստի պաստառներ արտադրելու գործիքի մը: Ութ ծրագրեր կան, որոնք ձեր լուսանկարները կը վերածեն արուեստի գործերու:
Առաջին ծրագիրն է «Prisma»ն, որ ձեր լուսանկարները կը վերածէ արուեստի գործերու: Այս ծրագրին մէջ կան «Ֆիլթըր»ներ, որոնք ձեր լուսանկարը կը վերածեն գեղեցիկ արուեստի գործի մը: Ապա, կրնաք ձեր մատը օգտագործելով փոխել որեւէ յատկանիշ այդ արուեստի գործին մէջ: «Ֆիլթըր»ը կրնաք օգտագործել միայն խորքին (background) վրայ: Կրնաք փոխել նաեւ գործին exposure-ը, contrast-ը, saturation-ը եւ այլ յատկանիշեր:
Աղբիւր՝ «www.makeuseof.com»
Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ