Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ ՏԱՐՀԱՆՈՒՄԻ ԾՐԱԳՐԵՐ

August 8, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ ՏԱՐՀԱՆՈՒՄԻ ԾՐԱԳՐԵՐ

 

Լիբանանի օդային տարածքին իսրայէլեան շարունակական խախտումները եւ գրեթէ բոլոր շրջաններուն վերեւ ձայնի պատին խզումը դարձած են սովորական երեւոյթներ եւ լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը, ըստ երեւոյթին, համակերպած է ապահովական այս զարգացումին հետ եւ իրավիճակը կը դիմագրաւէ լիբանանեան կատակներով, համացանցային անեկդոտներով եւ մեծ տարածում ունեցող WhatsApp հարթակին վրայ օրուան պայմաններէն բխող երգիծական նկարներ հնարելով, միաժամանակ բոլորելով տարածաշրջանային հակամարտութեան առնչուած սպասողական ձգտուած վիճակը: Իր կարգին, Առողջապահութեան նախարարութեան մէջ առողջապահական ծառայութիւններու բաժանմունքի տնօրէն Ժոզէֆ Հըլու հաւաստիացուց, որ լիբանանեան հիւանդանոցները պատրաստ են որեւէ արտակարգ դրութեան ու նախարարութեան մօտ կայ դեղերու բաւարար պաշար:

Այսուհանդերձ, հարաւի մէջ գործող ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերու բարձրաստիճան սպայ մը ահազանգեց սահմանային գօտիին վրայ տիրող իրավիճակէն եւ հակամարտութեան ընդարձակումի հնարաւորութենէն: Անոր համաձայն, Հըզպալլա ընդդէմ Իսրայէլի բախումները սկսած են փոփոխական բնոյթ կրել եւ կողմերը սկսած են գործածել կրակային աւելի ուժեղ միջոցներ եւ աւելի ծանր զէնքեր: «Երկու կողմերը այսօր աւելի քան երբեք պատրաստ են մագլցումի եւ փոխադարձ կարմիր գիծերը հատելու», յայտնեց խաղաղապահ սպան:

Լիբանանեան օդանաւային MEA ընկերութիւնը յայտարարեց, թէ յառաջիկայ երեք օրերու իր թռիչքներուն ժամանակացոյցը մեծ մասամբ կը մնայ անփոփոխ, բացի քանի մը թռիչքներէ, որոնք ենթակուած են որոշ փոփոխութեան: Սակայն, գերմանական Lufthansa օդանաւային ընկերութիւնը որոշեց մինչեւ 13 Օգոստոս երկարաձգել իր թռիչքներուն առկախումը դէպի Պէյրութ, Թեհրան ու Թել Աւիւ:

Ապահովական անկայուն եւ պղտոր իրավիճակին մէջ, շարք մը երկիրներ սկսած են մշակել իրենց քաղաքացիները անհրաժեշտութեան պարագային Լիբանանէն տարհանելու ծրագրեր: Կիպրոսի նախագահ Նիկոս Խրիսթոտուլիսէս յայտնեց, որ Նիկոսիա աւելի քան 10 երկրէ ստացած է օգնութեան դիմում՝ անհրաժեշտութեան պարագային նշեալ երկիրներուն քաղաքացիները Լիբանանէն տարհանելու համար: Իսկ բրիտանական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ բրիտանացի շուրջ հազար զինուոր կը պատրաստուի անհրաժեշտութեան պարագային միջամտելու եւ բրիտանացիները Լիբանանէն ապահով տարհանելու: Գերմանիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը երկրի քաղաքացիներուն անգամ մը եւս յորդորեց անյապաղ հեռանալ Լիբանանէն:

Share61Tweet38
Previous Post

ԳԻՏԱԿԱՆ

Next Post

  ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ՃԱՄԲԱՆ

Next Post
  ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ՃԱՄԲԱՆ

  ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ՃԱՄԲԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.