Սոկրատես այս ուղղութեամբ փիլիսոփայի նախատիպարն էգ ան, որ կը պարծենար մարդոց ամենաիմաստունը ըլլալ, որովհետեւ գիտէր, թէ ոչինչ գիտէր կամ բան մը չէր գիտերգ «գիտեմ այն, թէ բան մը չեմ գիտեր»։ Այսպիսով ան մեզ թողած է բանավէճի եւ վիճաբանութեան աւանդութիւնը, նաեւ հաւատալիքներու հարցադրումը, որպէսզի կարողանանք խորացնել մեր հասկացողութիւնը եւ լուսաբանել հիմնական ճշմարտութիւնները։ Սոկրատեսի աշակերտ Պղատոնին գրութիւնները երկխօսութիւններ են, որոնց գլխաւոր խօսակիցը յաճախ Սոկրատեսն է։
Իր գաղափարները ներկայացնող փիլիսոփան պատրաստ պէտք է ըլլայ ընդունելու մեկնաբանութիւններ, ինչպէս «Այո, բայց» կամ «Եւ եթէ…», փոխանակ անվերապահ, հաստատակամ պատասխան սպասելու։ Այսպէս նոյնիսկ Պղատոն եւ իր աշակերտը Արիստոտել կը խոստովանէին առաջադրել տրամագծօրէն հակոտնեայ տեսակէտներ ամենահիմնական փիլիսոփայական հարցերու շուրջ եւ իրենց տարակարծութիւնը այդ շրջանէն ի վեր չէ դադրած բաժնելու փիլիսոփաները։ Այս պարագան պատճառ դարձած է նոր վիճաբանութիւններու եւ նոր գաղափարներու ծագման։
Սակայն ի՞նչպէս կարելի է, որ այս փիլիսոփայական հարցերը շարունակեն դեռ վիճարկումի եւ բանավէճի նիւթ դառնալ։ Մտածողները ինչո՞ւ ցարդ վերջնական եզրակացութեան չեն յանգած։ Որո՞նք են այս հիմնական հարցերը, որոնց մասին փիլիսոփաները այսքան երկար ատենէ ի վեր չեն դադրած բանավէճ ստեղծելու կամ շարունակելու վիճիլ։
Երբ ասկէ 2500 տարի առաջ Յունաստանի մէջ երեւցան առաջին փիլիսոփաները, անոնք հետաքրքուեցան զիրենք շրջապատող աշխարհով։ Կը դիտարկէին Երկրագունտի վրայ գոյութիւն ունեցող կեանքի բոլոր երեւոյթները, Արեւը, մոլորակները, աստղերը, բնութեան տարբեր իրադարձութիւնները, ինչպէս անձրեւը, գեղեցիկ օդը, երկրաշարժերը եւ խաւարումները։ Անոնք կ՛ուզէին հասկնալ այս իրողութիւնները, զանց առնելով աւանդական առասպելներն ու հաւատքները, որոնք որպէս բացատարութիւն ունէին չաստուածները։ Իրենց առաջին հարցումն էրգ «Աշխարհ ի՞նչ բանէ շինուած է, իւրաքանչիւր գոյութեան բնութիւնը ի՞նչ է»։ Այս ոլորտը կը կոչենք բնազանցութիւն-metaphysique։ Նոյնիսկ եթէ արդի գիտութիւնը բաւական լայն իմաստով առաջնական հարցումին պատասխանած է, դեռ «ինչո՞ւ կայ բան մը, փոխանակ ոչինչի» նման բնազանցական հարցադրումներու պատասխանները պարզ չեն։ Բնազանցութիւնը կ՛ուսումնասիրէ նաեւ մարդկային լինելութեան բնութիւնը, ինչպէս նաեւ գիտակից մարդ ըլլալու նշանակութիւնը։ Ո՞րն է յարաբերութիւնը մեր մտային եւ մարմնական գոյութեան միջեւ։ Կարելի՞ է յղանալ անմահ հոգի մը։ Ահաւասիկ բնազանցութիւնն է, որ կ՛ուսումնասիրէ եւ կը պրպտէ գոյութենական եւ էաբանական հարցերը, ներկայանալով արեւմտեան փիլիսոփայութեան որպէս հիմնասիւնը։
Մեր ծանօթութիւնը տրամաբանութեան քննութեան ենթարկելէ յետոյ կը ծագի ուրիշ հարցում մըգ «Ի՞նչպէս գիտենք»գ գիտելիքներու բնոյթը եւ սահմանները ուսումնասիրող փիլիսոփայական դաշտն ալ կը կոչուի ռpistռmologie։ Այս վերջինն է, որ կը բացայայտէ իւրացումը գիտելիքինգ ի՞նչպէս կը յաջողինք գիտնալ այն ինչ որ գիտենք։ Մեր գիտելիքները բնազդայի՞ն են, թէ՞ փորձառութեամբ ձեռք ձգուած։ Պէտք է վստահ ըլլանք, որ այն ինչ որ կը հաւատանք գիտցած ըլլալ` չըլլայ մի գուցէ արդիւնքը մեր զգայարաններու խաբէութեան։
Պատրաստեց`
ՍՈՒՐԷՆ ՇԷՐԻՔ