Հայոց ցեղասպանութեան մասին Էրնսթ Զոմմերի յուշագիրքի յառաջաբանին մէջ հայագէտ Արշակ Մատոյեան կ՛ըսէ, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը միայն Թուրքիոյ խայտառակութիւնը չէ: Ան նաեւ ամօթանքն է ողջ Եւրոպայի, որ իր անտարբերութեամբ քաջալերեց ցեղասպանը: Պատասխանատուութիւնը մեծ է մանաւանդ քայզերական Գերմանիոյ, որ մեծ բաժին ունի մարդկութեան դէմ այս մեծագոյն ոճիրին իրականացումը թոյլ տալու մէջ: Աւելին. գերմանացի սպաներ մասնակցած են թուրքերու գործած ոճիրներուն: 1914-1923-ին եւ ետքն ալ, Գերմանիոյ իշխանութիւնները ուշի-ուշով կը հետեւէին մամուլին, որպէսզի հայ ժողովուրդին դէմ գործուած եւ գործուող ոճիրներէն ու անմարդկային բռնութիւններէն գերմանացի ժողովուրդը անտեղեակ մնար: 1917-ին Գերմանիոյ գրաքննիչ ատեանը լրատուական բոլոր միջոցներուն կը հրահանգէ. «Լաւագոյնը կը լինի հայերի մասին լռել»:
Հեղինակին գրքոյկին հրատարակչական տուեալները հետեւեալներն են.- Ernst Sommer, «Die Wahrheit uber die Leiden des armenischen Volks in Turkei wahrend des Weltkreigs, Verlag Orient, Frankfurt-am-Main, 2002.
Էրնսթ Զոմմեր, «Ճշմարտութիւնը Աշխարհամարտի ժամանակ Թուրքիայում հայ ժողովրդի կրած տառապանքների մասին», Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, գերմաներէնէ թարգմանեց Էվելինա Մակարեան, Երեւան, 2002, փոքր չափի 87 էջ:
Գրքոյկը տպագրուած է պետական պատուէրով:
Գերմանիոյ մէջ կային առողջ ոյժեր, որոնք Թուրքիոյ հետ Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը, հայագէտ բանասէր Եոզեֆ Մարքվարթի որակումով, «անսուրբ եւ ամօթաբեր» կը նկատէին: Մարքվարթ իր «Փաստեր եւ խոհեր Հայոց հարցին մասին» աշխատութեան մէջ կը նշէ, թէ Գերմանիոյ ողջմիտ տարրերը կը խոստովանին իրենց իշխանութիւններուն կատարած ոճիրը եւ հայ ժողովուրդին համար Միացեալ եւ Անկախ Հայաստան կը պահանջեն: Գերմանիոյ իշխանամէտ թերթերը հայերը ճնշելու եւ հալածելու կողմնակից եղած են, որովհետեւ հայերը իբր թէ Գերմանիոյ թշնամի Ռուսիոյ կողքին դիրքորոշուած են:
Գերմանիոյ մտաւորականութիւնը կը ջանար ժողովուրդը իրազեկ դարձնել Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ քաղաքական իշխանութեանց՝ Հայաստանի արեւմտեան հատուածին եւ Կիլիկիոյ մէջ գործած ոճիրներուն ու բարբարոսութիւններուն: Այս մարզին մէջ, գերմանացի արդարամիտ մտաւորականներ յօդուածներ, ժողովածուներ, յուշեր եւ տեղեկութիւններ կը հրատարակէին ճշմարտութիւնը լայն զանգուածներու ծանօթացնելու համար: Ահաւասիկ քանի մը հատ այդ յօդուածներու խորագրերէն. «Համաշխարհային պատմութեան մէջ խոշորագոյն հալածանքը քրիստոնեաներու նկատմամբ», «Հայ ժողովուրդի բնաջնջման մասին», «Հայկական սարսափները», «Ոճիր Հայաստանի մէջ», «Հայոց հարցին էութիւնը», «Գերմանիան կը հովանաւորէ… Հայոց բնաջնջումը», «Լռութեան յանցանքը», «Ճշմարտութիւնը Հայաստանի մասին», «Հայ եկեղեցւոյ իրաւազրկումը»…
Գերմանացի այդ ուղղամիտ եւ ճշմարտութեան հետամուտ մտաւորականներէն է Էրնսթ Զոմմերը, որ իր ականատեսի յուշերը հեղինակած է ներկայացուող գիրքով: Անոր յուշագիրքին վրայ տպագրութեան թուական չէ դրուած՝ հաւանաբար՝ գրաքննութենէ զերծ մնալու համար: Իրեն մատչելի տուեալներէն Արշակ Մատոյեան կ՛եզրակացնէ, թէ յուշագիրքը տպուած է հաւանաբար 1919-ին կամ 1920-ին:
Էրնսթ Զոմմեր ճշմարտութեան փնտռտուքի մէջ եղող քրիստոնեայ քարոզիչ մըն է: Անոր հաւատամքին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ Մատթէոսի Աւետարանին Ժ. գլուխին 26-րդ համարը. «Չիք ինչ ծածուկ, որ ոչ յայտնի լիցի»: Իր յուշերուն մէջ երբ կը նկարագրէ հայոց դէմ թուրքերուն գործած բարբարոսութիւնները, ան միշտ կը շեշտէ հայուն դիմադրութեան տոկուն ոգին: Անոր հեղինակած յուշագիրքը թէեւ փոքր է ծաւալով, սակայն ծանրակշիռ է ազդեցութեամբ,- կը գրէ Արշակ Մատոյեան:
Էրնսթ Զոմմեր թուրքերը «ջարդարարութեան նուիրուածներ» կը կոչէ երբ կը մէջբերէ անոնց կրօնաւորին խօսքը, որ իրեն ենթակայ ջարդարարներուն խորհուրդ կու տայ չգթալ հայոց, որովհետեւ Ալլահը գութ չունի հայոց հանդէպ: Էրնսթ Զոմմեր երեւան կը հանէ թուրք կրօնաւորին ոճրագործ էութիւնը ու կը քօղազերծէ թուրք ժողովուրդը հրահրելու անոր արարքը: Հեղինակը թուրքերուն ի գործ դրած տանջանքներուն տեսակները կը պարզէ ու կ՛ըսէ թէ անոնցմէ շատերը գործադրուած եւ յիշուած են միջնադարեան վկայաբանութիւններուն մէջ: Ան կը պարզէ շուէտ, գերմանացի, ամերիկացի, յոյն եւ նոյնիսկ թուրք բազմաթիւ ականատեսներու վկայութիւնները: 1910-1930-ական թուականներուն գերմանացի մտաւորականները համոզիչ փաստերով երեւան հանեցին այն ճշմարտութիւնը, թէ Օսմանեան պետութեան մէջ հայոց ցեղասպանութիւնը գիտակցուած, կանխամտածուած, ծրագրուած եւ կազմակերպուած էր պետութեան կողմէ եւ թէ այս հարցին մէջ Օսմանեան պետութեան սատար եւ աջակից էին գերմանական իշխանութիւնները:
Հայոց ցեղասպանութենէն մինչեւ օրս Թուրքիա կը տքնի խեղաթիւրել ճշմարտութիւնը: Ան Արեւմուտքի մէջ վարձկան գրիչներ կը հովանաւորէ քաղաքակիրթ աշխարհը մոլորեցնելու համար:
Էրնսթ Զոմմեր իր յուշագիրքի «Ներածական»ին մէջ խստիւ կը քննադատէ ջարդարար Թուրքիոյ հանդէպ Գերմանիոյ կառավարութեան լռութիւնը, համամտութիւնն ու մեղսակցութիւնը: Այս հրապարակումով ան գերմանացի ժողովուրդը իրազեկ կը դարձնէ թուրքերու կատարած բարբարոսութիւններուն: Զոմմեր կը յիշէ 1895-1896-ի ապտիւլհամիտեան կոտորածները եւ 1909-ի Կիլիկիոյ Աղէտը, շեշտելով այն իրողութիւնը, թէ Մերսինի նաւահանգիստին մէջ եւրոպական ռազմանաւերուն վրայէն եւրոպական երկիրները հաշտ աչքերով կը նայէին հայոց արիւնահեղութեան:
Էրնսթ Զոմմեր կ՛ըսէ, թէ երբ թուրքերը հայեր կը կոտորէին վայրագօրէն, նոյն պահուն գերմանական մամուլը լայն տեղ կու տար թրքական կառավարութեան մասին ապակողմնորոշող տեղեկութիւններու, որոնք սահմանը անցնելով, շատ անգամ թրքասիրութիւն կը սերմանէին գերմանացիներու միտքերուն եւ սիրտերուն մէջ: Այս պատճառաւ Գերմանիոյ մէջ հասարակական սխալ կարծիք կը ստեղծուէր:
Մեկնելով մարդու իրաւունքներու եւ ազատութեան սկզբունքներէն, Էրնսթ Զոմմեր կը նկատէ, թէ գերմանացի ժողովուրդին իրաւունքն է գիտնալ եւ ճանչնալ ճշմարտութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան մասին եւ ոչ թէ ապատեղեկատուական սադրանքներու եւ ճնշումներու զոհը դառնալ:
Ա. գլուխը վերնագրուած է՝ «Ինչպէ՞ս սկսուեց փոթորիկը»:
1914-ի սկիզբը հայ ժողովուրդը յոյսով լեցուած էր, թէ վերջապէս կը ծագէր փրկութեան արեւը: Դարերով ստրկացած հայ ժողովուրդը ի վերջոյ ձեռք պիտի բերէր «մարդավայել գոյութեան հնարաւորութիւնը»,- կ՛ըսէ Զոմմեր: 1878-ին Պերլինի վեհաժողովին տրուած բարենորոգումներու խոստումը թուղթի վրայ մնացած էր: Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ ջանքերը վերջապէս ստիպած էին երիտթուրքական կառավարութիւնը՝ 8 Փետրուար 1914-ին ստորագրելու բարենորոգումներու նոր ծրագիր մը: Հոլանտացի մը եւ նորվեկիացի մը, երկուքն ալ չէզոք երկրի քաղաքացի, պիտի հսկէին համաձայնութեան գործադրութեան վրայ: Սակայն երբ Առաջին Համաշխարհային պատերազմը պայթեցաւ, Թուրքիա երկու հսկիչները վտարեց եւ բարենորոգումներու հարցը ի սպառ փակեց: Թուրքերը վերադարձան իրենց հին քաղաքականութեան: Ապտիւլ Համիտ թէեւ շատ կոտորածներ կատարած էր, սակայն չէր կրցած հայերը իրենց հայրենիքէն արմատախիլ ընել: Սակայն երիտթուրքերը յաջողեցան այդ մեծ ոճիրը իրագործել:
Թուրքերը Վանը կը պաշարեն ու հայերը կը սպաննեն, ներառեալ՝ գիւղերու խաղաղ բնակիչները: Գեղջուկ հայ կիներ ու երեխաներ խումբ-խումբ Վան կու գան: Անոնց մէկ մասը ապաստան կը գտնէ գերմանական միսիոնարութեան կեդրոնին մէջ: Թուրքերը այս կեդրոնը կը ռմբակոծեն: Վանեցիք հերոսաբար կը դիմադրեն ու կը տոկան, մինչեւ որ ռուսական բանակի ջոկատ մը Վան կը մտնէ: Այս դէպքերուն ականատեսի վկայութիւնները կը տեսնենք Մուշի գերմանական առաքելութեան մէջ ծառայած եւ ապա Վան եկած Քոյր Ալմա Եոհանսոնի գրառումներուն մէջ (Զոմմերի յուշագիրքին 16-22-րդ էջերը): Այս գլուխին մէջ յատկանշական է հայկական ոյժերու յաղթանակը նկարագրող հետեւեալ երկտողը. «Աւարտւում էր թուրքերի հերթական ուժեղ գրոհը եւ զարմանալիօրէն դարձեալ պարզուում էր՝ նրանք չեն կարողացել գրաւել դիրքերն ու նորից ետ են շպրտուել կորուստներով»:
Իր յուշագիրքի երկրորդ գլուխին մէջ (էջ 23-30) Էրնսթ Զոմմեր կը վկայագրէ, թէ ինչպէս թրքական կառավարութիւնը հայ մտաւորականներ, հոգեւորականներ եւ հարուստներ կը ձերբակալէ 1915-ի Ապրիլին: Ձերբակալութիւնները տեղի կ՛ունենան Կ. Պոլսոյ, Զմիւռնիայ (պէտք է ճշդել թէ 1915-ին Զմիւռնիոյ մէջ հայերու ձերբակալութիւն չէ եղած- Յ. Ի.) եւ ուրիշ քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ: Ասոր կը յաջորդեն բանտարկութիւն եւ աքսոր, ապա՝ սպանութիւն առանց դատ ու դատաստանի: Խարբերդի մէջ ձերբակալուած մտաւորականներէն Զոմմեր կը յիշէ Փրոֆ. Թենեքէճեանը, Փրոֆ. Պուճիգանեանը, Փրոֆ. Որբերեանը, որ բանտի տանջանքներուն չդիմանալով կ՛իսլամանայ, Փրոֆ. Լիւլեճեանը եւ Մեզիրէի գերմանական միսիոնարութեան բժիշկը՝ Տօքթ. Միքայէլը:
Թուրքերը օսմանեան բանակին մէջ ծառայող հայերը կը զինաթափեն, ճանապարհաշինութեան կը ղրկեն ու ապա կը գնդակահարեն: Անոնք Մեզիրէի, Խարբերդի եւ շրջակայ գիւղերու հայոց զէնքերը կը գրաւեն: Այս մասին շահեկան վկայութիւն ունի Մամուրէթ-իւլ-Ազիզի որբանոցի գերմանացի Քոյրերէն Քլարա Փֆայֆերը (էջ 25-27): Թուրքիոյ բարբարոսական արարքներուն եւ հայերը հալածելու մասին կ՛արտայայտուի նաեւ Քոյր Ալմա Եոհանսոնը (էջ 27):
Մարաշի տղոց որբանոցի վարիչ Քարլ Պլանք մանրամասն տեղեկութիւն կու տայ Մարաշի հայոց դէմ վայրագ արարքներու մասին (էջ 28-29): Ապա Էրնսթ Զոմմեր կ՛անցնի Մարաշի կոտորածը կանխելու համար գերմանական միսիոնարութեան միջնորդութեան նկարագրութեան: Միսիոնարութիւնը Քոյր Պէաթրիս Ռոները Հալէպ կը ղրկէ հիւպատոս Ռոսսլերը Մարաշի հայոց հաւանական կոտորածէն տեղեակ պահելու եւ անոր միջամտութիւնը խնդրելու համար: Ռոսսլեր Մարաշ կ՛երթայ եւ շատ ջանք կը թափէ արիւնահեղութիւնը կանխելու համար: Ան կը կապուի թուրքերու եւ հայերու հետ: Ռոսսլեր որեւէ պաշտօնական իրաւասութիւն չունէր, սակայն ազդեցիկ մէկն էր: Անոր շնորհիւ կոտորածը կը կանխուի, սակայն իթթիհատական կուսակցութիւնը կը զայրանայ իր արիւնարբու ախորժակներուն գոհացումը խոչընդոտող այս միջամտութենէն (էջ 30):
Երրորդ գլուխին մէջ (էջ 30-51) Զոմմեր կը պատմէ աքսորներուն մասին եւ կը վերլուծէ այդ դէպքերը: Ամէն բանէ առաջ ան կ՛ըսէ. «Աքսոր- կարճ մի բառ: Սակայն սարսափներով լի մեր ժամանակներում անգամ դժուար է պատկերացնել, թէ որքան ոճիր է պարունակում այդ բառը» (էջ 30): Իբրեւ թէ Հայաստանի արեւմտեան հատուածին մէջ հայերը կասկածի տակ առնուած են լրտեսութեան եւ դաւաճանութեան յանցանքով, ուրեմն՝ պէտք է զանոնք տեղահան ընել: Այս «գիւտը» օսմանեան բանակի անկախ մարմիններն ու բաժանմունքները կատարած էին: Հայոց հողերն ու ունեցուածքը պետութեան քով պահ կը դրուին: Փոխարէնը՝ Պաղտատի երկաթուղագիծին մերձակայ վայրերու մէջ հողեր պիտի տրուէին հայոց: 1915-ի Ապրիլին Կիլիկիոյ եւ Հիւսիսային Սուրիոյ հայերը, իսկ Մայիս 20-ին՝ Հայաստանի արեւմտեան հատուածին հայերը կը բռնագաղթեցուին: Քանի մը ամիս ետք կարգը կու գայ Փոքր Ասիոյ արեւմուտքը ապրող հայոց: Հոս Զոմմեր կ՛ըսէ. «Ըստ 1918-ի Նոյեմբեր 12-ի «Գերմանա-հայկական թղթակցութեան» թերթին Թուրքիայից տեղահանուել է մօտ 1.400.000-2 միլիոնից քիչ պակաս հայ բնակիչ»: Այս ծրագիրը հրէշային եղանակներով կը գործադրուի:
Շուէտ միսիոնարուհի Թորա ֆոն Վետել-Եարլսբերգը եւ գերմանացի Քոյր Էվա Էլվերս, որոնք 1914-1915-ին Կարինի մէջ թուրք զինուորներ կը խնամէին (Քոյրերը ապա Երզնկա փոխադրուած էին), հայոց բռնագաղթերուն պայմաններուն մասին սկիզբը կ՛ըսէին, թէ թուրքերը ոչ միայն կոտորածներ պիտի չընեն, այլ նաեւ պիտի հոգան տարագրուած մարդոց կարիքները: Ետքը անոնք կը լսեն, թէ քիւրտերը հայ գաղթականներուն վրայ յարձակած են, բռնաբարած, կողոպտած ու սպաննած զանոնք, մանուկները Եփրատի ջուրերուն մէջ նետած: Լուրը ամէն տեղ տարածուած էր: Ուստի իշխանութիւնները օսմանեան բանակի 86-րդ հեծեալ գունդը կը ղրկեն Երզնկա` «քիւրտերը պատժելու համար»: Ջոկատին զինուորները քիւրտերը պատժելու փոխարէն կը սկսին անպաշտպան հայեր ջարդել: Միսիոնարները թուրք զինուորներուն հարց կու տան. «Եւ դուք կրակեցիք կիներու եւ փոքրերու վրա՞յ»: Թուրքերը կը պատասխանեն. «Ի՞նչ կրնայինք ընել, մենք հրամանը կը գործադրենք»: Կողոպուտը կը յաջորդէ ջարդերուն: Թուրք զինուորներն ու չեթէները իրենց ոճիրն ու կողոպուտը կը կատարէին միսիոնարներուն աչքերուն առջեւ:
Այն ինչ որ միսիոնարներուն աչքերէն վրիպած էր, թուրքերը հպարտութեամբ կը պատմէին անոնց: Հայեր կոտորելու վկայութիւնները բազմաթիւ են:
Ականատես վկայութիւններու շարքը կը սկսի Մեզիրէէն եւ Խարբերդէն: Մեզիրէի Փնիլ կոչուած որբանոցի վարիչ Քոյր Քաթարինէ Մատերի նամակը պերճախօս է այս մասին: Հարունիէի որբանոցի տնօրէն Պ. Ֆ. Տոպելերն ալ կը վկայէ հայոց կոտորածներուն եւ հայ որբերու վիճակին մասին: Էրնսթ Զոմմեր կը կեդրոնանայ Մարաշի ջարդերուն վրայ: Քոյր Փաուլա Շեֆըր եւ Քոյր Պէաթրիս Ռոներ կը վկայեն իրենց նամակներով:
Գերմանական առաքելութեան ներկայացուցիչները իրենց ականատեսի վկայութիւնները կու տան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ զանազան շրջաններէն: Բռնագաղթերէն առաջ առաքելութեան հետ կապ ունեցած հայեր անոր անդամներուն ուղղուած նամակներով կը պարզեն իրենց դժբախտ վիճակը: Օրինակ, Պատուելի Յարութիւն Նոխուտեանի (որուն աքսորի փոթորիկը Համա քշած էր) կինը կ՛ըսէ, թէ թուրքերը իր ամուսինին ստիպած էին իսլամանալ եւ թրքանալ, սակայն Նոխուտեան մերժած էր: Ուստի իշխանութիւնները զայն կրկին աքսորած էին մինչեւ Երուսաղէմ:
Հայութիւնը հոս ու հոն տարտղնուած էր Հայաստանի արեւմտեան հատուածէն մինչեւ Փոքր Ասիոյ արեւմուտքը գտնուող քաղաքներն ու գիւղերը, Կիլիկիա, Հիւսիսային Սուրիա՝ Տէր Զօր ու անկէ ալ անդին: Բռնագաղթի ճանապարհին միլիոնաւոր հայեր ինկած էին:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ