Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ԱՌԵՂԾՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ԼԱԲԻՐԻՆԹԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՓՆՏՌՈՒԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ՈՐՈՆՔ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻՆ 

July 31, 2024
in Յօդուածներ
0

 

 

Միայն վերջերս առիթ ունեցայ կարդալու բժ. Արմենակ Եղիայեանի առաքած «Ընթերցումներս» շարքին թիւ 7-ն՝ «Քրիստոսի եկեղեցին եւ ամուսնութիւնը» խորագրով։ Զանց կ՛առնեմ այս գրութեան մասին գովասանական խօսքեր շռայլելը. արդարեւ, հեղինակին բոլոր գրութիւնները, որոնք գերազանցօրէն գեղեցիկին եւ ուսանելիին կնիքը կը կրեն, առատաձիր խօսքերու եւ գովասանքի պէտք չունին։

Անդրադառնալով ամուսնութեան եւ եկեղեցականներու կուսակրօնութեան հարցերուն՝ ան իր խորհրդածութիւններուն մեկնակէտ կը դարձնէ «Կանոնք առաքելականք»-ը, որոնց մասին կը նշէ.

 

«Քրիստոսի եկեղեցին ու հօտը տնօրինելու կոչուած առաջին կանոնները, որոնք ծանօթ են «Կանոնք առաքելականք» անունով, մշակուեցան Քրիստոսի յարութենէն անմիջապէս ետք, Ձիթենեաց լեռան իսկ վրայ, անոր աշակերտներուն եւ առաքեալներուն կողմէ, մինչ «տէր Քրիստոս աներեւոյթ տեսլեամբ ի մէջ նոցա՝ զօրացուցանէր զնոսա եւ շնորհէր զձեռնադրութիւն քահանայութեան»,- այլ խօսքով՝ Քրիստոսի իսկ աներեւոյթ ներկայութեան զօրակցութեամբ եւ Սուրբ հոգիին թելադրութեամբ՝ աշակերտներուն շնորհուած քահանայական ձեռնադրութեամբ»։

 

Բնականաբար «Կանոնք առաքելականք»-ի հեղինակը կամ հեղինակները իրենց յօրինած կամ խմբագրած ստեղծագործութեան յառաջաբանին մէջ, գործին համապատասխան հեղինակութիւն եւ վաւերականութիւն տալու միտումով, զայն ուղղակի վերագրած են Քրիստոսի առաքեալներուն, որ ամենեւին չի համապատասխաներ պատմական իրողութեան։

«Կանոնք առաքելականք»-ը, որ «Կանոնագիրք Հայոց»-ի առաջին կազմութեան ժամանակ՝ ԻԴ. կանոնախումբերու այդ ժողովածուին մէջ ներառած է Յովհաննէս Գ. Օձնեցին Ը. դարուն, կը պարունակէ վաղ քրիստոնէական եկեղեցւոյ կանոնակարգերու եւ ծիսական ցուցմունքներու կարեւոր հաւաքածու մը։ Անոնք միաժամանակ կը համարուին վաղ եկեղեցական կեանքի կարգն ու կարգապահութիւնը հասկնալու ամենաընդգրկուն աղբիւրներէն մին: Առկան, որ մեծ հաւանականութեամբ կազմուած է Դ. դարու վերջը, լիարժէք պատկերացում կու տայ այդ ժամանակաշրջանի ծիսական սովորութիւններու, գործնական աստուածաբանութեան եւ եկեղեցական կառավարման վերաբերեալ:

Պէտք է նկատի ունենալ, որ Յիսուսի երկրաւոր կեանքի եւ առաքելութեան ժամանակաշրջանէն քրիստոնէական ոչ մէկ գրաւոր վկայութիւն աւանդուած է։ Պահպանուած ամենահին քրիստոնէական գրութիւնները Պօղոս առաքեալի թուղթերէն քանի մը հատն են։ Անոնք գրուած են Ք.Ե. 50-60-ական թուականներուն։ Ամենավաղը կը ներառէ Թեսաղոնիկեցւոց Ա. (Ք.Ե. շուրջ 50-ին) եւ Գաղատացւոց ուղղուած թուղթերը (Ք.Ե. շուրջ 53-54-ին):

Անդրադառնալով աւետարաններուն, մեզի ծանօթ՝ ըստ Մարկոսի, Մատթէոսի, Ղուկասու եւ Յովհաննու անուններով, գրուած են Ք.Ե. 60-90-ական թուականներու ընթացքին։ Մարկոսի աւետարանը, ընդհանուր առմամբ, կը համարուի ժամանակագրական կարգով ամենահինը, որ մեծ հաւանականութեամբ գրուած ըլլալու է Ք.Ե. մօտ 65-70-ական թուականներուն: Մատթէոսի եւ Ղուկասու աւետարանները հաւանաբար յաջորդած են Ք.Ե. 70-80-ականներուն, մինչդեռ Յովհաննու աւետարանը գրուած է Ք.Ե. 90-100-ական թուականներուն:

Պօղոս առաքեալի թուղթերէն եւ աւետարաններէն բացի, Ա. դարուն գրուած են նաեւ այլ կարեւոր ստեղծագործութիւններ, ինչպիսիք են Գործք առաքելոցը (հաւանաբար Ք.Ե. 80-90-ական թուականներուն) եւ այլ թուղթեր, օրինակ՝ Յակոբոս առաքեալի ընդհանրական թուղթը, Պետրոս առաքեալի ընդհանրական թուղթերն ու Յովհաննէս առաքեալի ընդհանրական թուղթերը։ Յովհաննու յայտնութիւնը նոյնպէս գրուած է Ա. դարու վերջը, հաւանաբար Ք.Ե. շուրջ 95 թուականին։ Ահաւասիկ սոյնը ենթադրել կու տայ, որ անհաւանական է Քրիստոսի Համբարձումէն եւ Հոգեգալստեան եղելութենէն անմիջապէս ետք, Ձիթենեաց լեռան վրայ, առաքեալներուն ձեռքով իրականացած ըլլայ նման կանոններու յօրինում մը, նոյնիսկ եթէ քրիստոնէական գրականութիւնը անոնց «Կանոնք առաքելականք» անունը վերագրէ։

Ս. գիրքի արդի մեկնաբանները կ՛ենթադրեն, որ «Կանոնք առաքելականք»-ը ծնունդ է ասորական միջավայրի, գրուած ըլլալու է հաւանաբար Սուրիոյ տարածքին եւ կ՛արտացոլացնէ Անտիոքի եկեղեցւոյ ծիսական սովորութիւններն ու կրօնական ընկալումները: Վերեւ նշեցի, որ այս ստեղծագործութեան հեղինակը իր գրութեան կը վերագրէ ուղղակի առաքելական ծագում մը, որ միանգամայն անհաւանական է։ Իրողութիւնն այն է, որ այդ կանոնները հին եկեղեցական աւանդութիւններէ եւ քրիստոնէական գրաւոր վկայութիւններէ քաղուած կանոնակարգերու խմբագրում կամ ժողովածու մըն է։ Գիտութիւնն այսօր հաւանական կը գտնէ, որ «Կանոնք առաքելականք»-ը կը հիմնուի քրիստոնէական աւելի վաղ փաստաթուղթերու վրայ, ինչպիսին Գ. դարէն «Վարդապետութիւն առաքելոց»-ն է, որ նմանապէս ասորական միջավայրէն կը սերի:

Բնականաբար պատմական սոյն փաստերը ամենեւին չեն նսեմացներ «Կանոնք առաքելականք»-ի եկեղեցագիտական նշանակութիւնն ու արժէքը՝ քանի մը պատճառներով. նախ՝ ան կը հաղորդէ վաղ եկեղեցական կեանքի գործառոյթները, ծիսական սովորութիւններու բովանդակ նկարագրութիւնը, նաեւ պատարագի, մկրտութեան եւ այլ խորհուրդներու, որոնք մեզի կ՛ընձեռեն յստակ պատկերացում մը՝ աւելի լաւ ըմբռնելու համար վաղ եկեղեցական կեանքին մէջ կիրարկուող պաշտամունքն ու խորհրդակատարութիւնները։ Բաց աստի, ան արժէքաւոր տեղեկութիւններ կու տայ եկեղեցւոյ նուիրապետական կարգի՝ եպիսկոպոսներու, քահանաներու, սարկաւագներու, նաեւ սարկաւագուհիներու մասին։ Կարելի չէ անտեսել նաեւ այդ կանոններուն պարունակած հոգեւոր եւ բարոյական ցուցմունքները, որոնք կ՛ընդգծեն քրիստոնէական ապրելակերպն ու կարգապահութիւնը։

Անդրադառնալով ամուսնութեան եւ եկեղեցականներու կուսակրօնութեան հարցերուն՝ միանգամայն ճիշդ նկատած է Արմենակ Եղիայեան, որ ո՛չ Յիսուսի ժամանակ եւ ո՛չ ալ Դ. դարուն, ըստ «Կանոնք առաքելականք»-ին մէջ ներառուած կանոններուն, կուսակրօնութիւնը Յիսուսի հետեւելու եւ իր հիմնած եկեղեցիին ծառայելու պարտադիր պայման չէ եղած։ Եկեղեցւոյ նուիրապետական կարգին մէջ ամուսնացեալ եկեղեցականութիւնը շատ բնական երեւոյթ էր, սական անոր կը թելադրուէր մաքրակենցաղ եւ օրինակելի կեանք մը վարել՝ հեռու մնալով հեշտութենէ եւ սեռային անբարոյականութենէ։ «Կանոնք առաքելականք»-ը եկեղեցական բոլոր աստիճաններուն համար կ՛ամրագրէ միակնութեան օրէնքը։

Խիստ հետաքրքրական է Արմենակ Եղիայեանի մատնանշած կանոնը, որ կարգուած է 444 թուականին Հայ եկեղեցւոյ գումարած ազգանին-եկեղեցական անդրանիկ ժողովներէն Շահապիվանի մէջ։ Սոյնը Շահապիվանի սահմանած Ի. կանոններու շարքին ԺԴ.-ն է, որ կը հրահանգէ.

 

«Եպիսկոպոս կամ երէց կամ սարկաւագ, կամ ով եւ իցէ ոք ի պաշտաւնէից կամ ուխտէ, տանտիկին կին զոք մի իշխեսցէ ունել, որպէս եւ սովորութիւն է մծղնէից»[1]։

 

Այս կանոնը յաճախ սխալ մեկնաբանուած կամ նոյնիսկ չարաշահուած է իբրեւ փաստ վերագրուելով, թէ ահաւասիկ Ե. դարուն Հայ եկեղեցին կուսակրօնութեան վերաբերեալ օրէնք կը սահմանէ՝ արգիլելով եկեղեցականներուն «տանտիկին» ունենալ։ Բնականաբար խօսքը այստեղ ոչ թէ ամուսնական օրհնութեամբ կողակից մը ունենալու մասին է, այլ արտաքոյ ամուսնութենէ յաւելեալ «տանտիկին»-ի մը՝ եկեղեցականներու սեռային պահանջքը բաւարարելու նպատակով։ Եղիայեան երեւոյթը կը մեկնաբանէ՝ ընգծելով.

 

«Ասոնք խորքին մէջ անառակ կիներ էին, որոնք ամուսնացած տղամարդոց կողմէ՝ աշխարհիկ թէ հոգեւոր, տուն կ՛առնուէին՝ իբրեւ թէ օգնելու համար օրինաւոր կնոջ, այլ խօսքով՝ յառաջացած էր բազմակնութեան եւ ապօրէն կենակցութեան ուրոյն ձեւ մը, որ շատ ընդհանրացած էր՝ ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհի եւ ի մասնաւորի Հայաստանի մէջ»։

 

Արդարեւ, «Կանոնք առաքելականք»-ի յունարէն բնագիրը եւս նման երեւոյթ մը կը նշէ իր Զ. գիրքի ԺԷ. կանոնին մէջ, ուր կը սահմանէ.

 

«??de?? d? ??????? ?p?t??p?բe? ?ta??a? ? d????? ?????e??, ? ???a? ? ?p??e??բ???? ???s?a?.»

 

«Որեւէ եկեղեցականի թոյլ չենք տար ունենալ կուրտիզանուհի, տնային ստրկուհի, այրի կամ ամուսնալուծուած կին մը»։

 

Փաստօրէն խօսքը պերճաղիճ, այլ խօսքով՝ պալատական հոմանուհի, հանրակին, բարձրաշխարհիկ միջավայրի մէջ քարշ եկող կուրտիզանուհի պահելու մասին է, որ յաճախ չարաշահուած է նաեւ բարձրաստիճան եկեղեցականներու կողմէ՝ գաղտնօրէն յագուրդ տալու համար իրենց սեռային կիրքերուն։

Յիսուս բացայայտօրէն չպահանջեց կուսակրօնութիւն կամ ամենեւին չյայտարարեց, որ այդ տեսակ կենցաղակերպ մը պայման է իրեն հետեւելու համար։ Աւետարանները որոշապէս չեն նշեր ուղղակի Յիսուսէն տրուած պատգամներ, որոնք կը վաւերացնեն կուսակրօնութիւնը՝ աշակերտել կարենալու համար իրեն։ Յիսուսի հետեւող առաքեալներու եւ 72 աշակերտներու թիւին մէջ ստոյգ կային մեծամասնութիւն մը կազմող մարդիկ, որոնք ամուսնացած, ընտանիքի եւ զաւակներու տէր էին։ Այնուամենայնիւ, աւետարաններուն մէջ կան համապատասխան որոշ հատուածներ, որոնք կ՛անդրադառնան խնդրոյ առարկայ նիւթին։

Մատթէոս ԺԹ.-ին մէջ Յիսուս կը հակազդէ փարիսեցիներու ամուսնալուծութեան վերաբերեալ հարցումին եւ կը պատգամէ այր մարդու եւ կնոջ անբաժանելի միութեան սկզբունքը՝ ըսելով. «Արդ, զոր Աստուած զուգեաց՝ մարդ մի՛ մեկնեսցէ»։ Ապա ան հակադրուելով մովսիսական օրէնքին՝ կը շարունակէ. «Ով որ իր կինը կ՛արձակէ առանց պոռնկութեան պատճառի եւ ուրիշ մը կ՛առնէ՝ կը շնայ. կը շնայ նաեւ ան, որ արձակուածը կ՛առնէ»։ Աշակերտներ այս լսելով կը գայթակղին ու կ՛առարկեն. «Եթէ ամուսնութիւնը այդպէս դատապարտութեան պատճառ կրնայ ըլլալ այր մարդու եւ կնոջ համար՝ լաւ է [ընդհանրապէս] չամուսնանալ»։ Յիսուս կը պատասխանէ անոնց. «Ամէնքը ընդունակ չեն այդ բանին, այլ անոնք միայն, որոնց տրուած է. որովհետեւ կան ներքինի­ներ, որոնք իրենց մօր որովայնէն այդպէս ծնած են. կան ներքինիներ ալ, որոնք մարդոց կողմէ ներքինի դարձած են. ներքինիներ ալ կան, որոնք իրենք զիրենք ներքինի դարձուցած են երկինքի արքայութեան համար. ով որ կրնայ տանիլ՝ թող տանի»։ Յիսուսի սոյն յայտարարութիւնը յստակ ու մեկին կը դարձնէ այն փաստը, որ կուսակրօնութիւնը ազատ ընտրութեան տարբերակ մըն է, բայց ոչ՝ պարտաւորութիւն։

Պօղոս առաքեալ, որ նշանակալի դեր խաղացած է նախնական եկեղեցիի կազմաւորման ուղղութեամբ, կուսակրօնութիւնը կը խրախուսէ լոկ անոնց համար, որոնք յօժարակամ կ՛ընդունէին ապրելու այդ տարբերակը, սակայն եւ այնպէս ան պարտադիր օրէնքի մը չի վերածեր զայն: Ա. Կորնթացւոց Է, 7-8 համարներուն մէջ ան կը դրսեւորէ այն ցանկութիւնը, թէ պիտի փափաքէր, որ բոլոր մարդիկ եկեղեցիին առաքելութեան համակ նուիրուելու համար իրեն նման ամուրի ըլլային, սակայն իրատեսօրէն կ՛անդրադառնայ, որ Աստուած իւրաքանչիւր մարդու տուած է համապատասխան շնորհ մը, եւ Յիսուսի հաւատքին բոլոր հետեւողները, անկախ իրենց կուսակրօն թէ ամուսնացեալ կարգավիճակէն, կոչուած են Քրիստոսի յարութեամբ կենսագործուած փրկութեան։

Անշուշտ Յիսուս իր հետեւորդներէն կը պահանջէ թողուլ ամէն ինչ, ձերբազատիլ նիւթական բոլոր տեսակ կապուածութիւններէ՝ շահիլ կարենալու համար հոգեւորը։ Իրեն հետեւելու համար ան տեսակ մը պայման կը դնէր հրաժարիլ ամէն ինչէ՝ թէկուզ սեփական ընտանիքէ, ունեցուածքէ եւ աշխարհիկ կապուածութենէ (Ղկ. ԺԴ, 26-33; Մտթ. ԺԻ, 21): Այնուամենայնիւ, այս կոչը յատուկ չի վերաբերիր ամուրիութեան, այլ շատ աւելի Աստուծոյ արքայութեան համապարփակ նուիրուելու առաջնահերթութեան:

Կուսակրoնութիւնը, որպէս եկեղեցականներու պարտադիր կենսաձեւ, յառաջացաւ եկեղեցւոյ պատմութեան աւելի ուշ շրջաններուն: Միջին դարերուն եկեղեցւոյ գործնական կեանքին մէջ սոյն ապրելակերպը հետզհետէ աւելի ընդունելութիւն գտաւ եւ պաշտօնապէս ամրագրուեցաւ ԺԲ. դարուն՝ 1139 թուականի Լատերանի Բ. ժողովով:

Պատմական երեւոյթներ զուգադիպութիւններով չեն իրականանար, այլ կ՛ունենան իրենց զարգացման դրդապատճառները։ Այսպէս է նաեւ եկեղեցականներու կուսակրօնութեան պարագան, որ յառաջացած է մի քանի աստուածաբանական, գործնական եւ պատմական նկատառումներէ ու պատճառներէ: Ահա այն հիմնական գործօնները, որոնք նպաստած են եկեղեցւոյ մէջ կուսակրօնութեան տարածման.

 

ա) Աստուածաշնչական եւ աստուածաբանական պատճառներ

Յիսուս ամուսնացած չէր, եւ իր առաքեալներէն ոմանք, յատկապէս Պօղոս առաքեալ, իր թուղթերուն մէջ արծարծեց քրիստոնէութեան տարածման եւ եկեղեցւոյ կազմակերպութեան գործին նուիրուելու համար կուսակրօնութեան առաւելութիւնները (հմմտ. Ա. Կորնթացիս Է, 7-8): Կուսակրօնութիւնը կ՛ընկալուէր իբրեւ Քրիստոսի փրկութեան գործին եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան անմնացորդ նուիրուելու լաւագոյն միջոց:

Կար անշուշտ հասկացութիւն մը, որ կուսակրօնութիւնն ու մաքրաբարոյութիւնը կը ներկայացնեն սրբութեան բարձրագոյն մակարդակ մը, որ ամբողջապէս կը նոյնանար քահանայութեան կոչումին հետ։

 

բ) Գործնական պատճառներ

Կուսակրօն եկեղեցականին կ՛ընձեռուէր աւելի մեծ առաւելութիւն մը կեդրոնանալ կարենալու համար իր հոգեւոր եւ հովուական պարտականութիւններուն վրայ՝ առանց ընտանեկան կեանքի պարտաւորութիւններու եւ շեղումներու։

Կուսակրօնութեամբ առաջքը կ՛առնուէր ընտանեկան ժառանգականութեան՝ եկեղեցիին բարձրագոյն պաշտօններու փոխանցումը հօրմէն որդիին եւ այսպէս յաջորդաբար՝ հարազատներուն։ Մինչդեռ ժառանգականութեան բարձումով եկեղեցականներու թողօնը կը մնար եկեղեցիին սեփականութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի կը դառնար պաշտպանել եկեղեցւոյ կառավարման ամբողջականութիւնը։

 

գ) Պատմական եւ ընկերային-հասարակական պատճառներ

Վճռորոշ դեր ունեցան քրիստոնէական անապատական եւ վանական շարժումները։ Ասոնք նախապէս ընկերային-հասարակական միջավայրէ հեռու եւ բոլորովին մեկուսացած կեանք մը կը վարէին։ Կեանքի բոլոր երեւոյթները, որոնք կրնային զգացական հաճոյքի պատճառ դառնալ՝ մեղք կը նկատուէին եւ վճռականապէս կը մերժուէին վանականութեան կողմէ։ Նոյնիսկ մարմնաւոր սնունդը, որ կրնար քիմքին հաճելի թուիլ, իբրեւ մեղսագործութեան առաջնորդող գայթակղութիւն կ՛ընկալուէր եւ, բնականաբար, ընկալումներու այս համատեքստին մէջ մարմնական որեւէ հաճոյք, առնչուած ամուսնութեան եւ սեռային այլ յարաբերութիւններու, ծանրագոյն մեղք կը նկատուէր։ Պէտք չէ մոռնալ, որ մարդիկ բառացիօրէն հաւատացած էին, որ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը վերահաս էր, ուստի հարկ էր ի գին ամէն տեսակ զոհողութիւններու ձեռք բերել հոգեւոր եւ մարմնաւոր սրբութիւն մը՝ պատրաստ ըլլալու համար վերջին դատաստանին եւ այսպէս արժանանալու Քրիստոսի շնորհած մշտնջենական փրկութեան։

Վանական շարժումին սոյն գաղափարախօսութիւնը հետզհետէ քրիստոնէական գրականութեան եւ քարոզախօսութեան միջոցով տարածում գտաւ նաեւ հովուական կեանքի ասպարէզին մէջ, ուր ամուսնացեալ եկեղեցականութիւնը տակաւ առ տակաւ ստիպուած եղաւ իր տեղը զիջիլ կուսակրօն վանականութեան ներկայացուցիչներուն։

Բաց աստի, եկեղեցական զանազան ժողովներ եւ օրէնքներ վճռորոշ դեր խաղացին կուսակրօնութեան յաղթական արշաւին եւ անոր հաստատումին: Վերեւ նշեցինք 1139 թուականին գումարուած Լատերանի Բ. ժողովը, որ պաշտօնապէս ամրագրեց Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ կղերին բացարձակ կուսակրօնութիւնը։

 

դ) Հոգեւոր կարգապահութիւն եւ զոհողութիւն

Կուսակրօնութիւնը նաեւ գնահատուեցաւ իբրեւ Քրիստոսի եւ եկեղեցիին համակ նուիրուածութեամբ ծառայելու համար անձնական զոհղութեան եւ պատրաստակամութեան երաշխիք: Արդարեւ ան կը խորհրդանշէր լիարժէք նուիրում մը հոգեւոր առաքելութեան՝ ազատակամ հրաժարելով աշխարհիկ հոգերէ, ընտանեկան եւ ընկերային կապերէ ու պարտաւորութիւններէ:

Պարագան նոյնն էր նաեւ Հայ եկեղեցիին, ուր մինչեւ Ե. դար՝ Սահակ Պաթեւ կաթողիկոս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչէն սկսեալ հայոց հայրապետներն ու եպիսկոպոսները, քահանաներն ու սարկաւագները ամուսնացեալ էին, իսկ քահանայապետական աթոռը ժառանգական էր։ Այստեղ եւս պատմական գրեթէ նոյն գործօնները իրենց կարեւորագոյն դերակատարութիւնը ունեցան՝ հետզհետէ սահմանափակելու ամուսնացեալ բարձրաստիճան եկեղեցականութեան տոհմիկ աւանդութիւնը։ Բարեբախտաբար, ինչպէս պարագան է Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներուն, Հայ եկեղեցին եւս կուսակրօնութեան կողքին պահպանեց ամուսնացեալ քահանայութեան պաշտօնը, սակայն յատկացուց զայն միայն եկեղեցւոյ հովուական ծառայութեան ասպարէզին՝ զրկելով ամուսնացեալ քահանան,- անկախ իր ունեցած կոչումէն, բարձր գիտակցութենէն եւ ձեռք բերած ուսումնական պատրաստութենէն,- եկեղեցւոյ ղեկավարութեան բարձրագոյն պաշտօններու ձգտելու եւ զանոնք յաջողապէս վարելու հնարաւորութիւնէն։

Մեր բազմաչարչար եւ հաւատաւոր ժողովուրդը այնքան մեծարանք եւ անմնացորդ յարգանք ցուցաբերած է իր կուսակրօն վարդապետներուն հանդէպ, որ չէ զլացած անոնց «հայր սուրբ» գերազանց պատուանունով դիմելու, մինչդեռ Կաթողիկէ եկեղեցին այդ առանձնաշնորհումը միայն Սրբազան քահանայապետին՝ Հռոմի պապին վերապահած է եւ ոչ իսկ իր ծիրանաւոր կարտինալներուն։

Անտարակոյս, մաքրաբարոյ կուսակրօնութիւնը սրբութեան գերազանց երաշխիք մըն է։ Մենք ունեցած ենք արժանահաւատ հայրապետներ եւ վարդապետներ՝ Օձնեցիներ, Նարեկացիներ, Շնորհալիներ, Լամբրոնացիներ, Որոտնեցիներ եւ Տաթեւացիներ, որոնք եղած են Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր-բարոյական հեղինակութեան եւ սրբակենցաղութեան անզուգական ներկայացուցիչները։ Սակայն այսօր կուսակրօնութիւնը դարձած է ձեւ բանի մը, եւ նոյնացած է ընդամէնը պաշտօնապէս ամուսնացած չըլլալու եւ ընտանիք չկազմելու հանգամանքին հետ։ Առանց ընդհանրացնելու երեւոյթը, յարգելով հանդերձ նաեւ մեր մէջ տակաւին սրբակենցաղ եկեղեցականներու ներկայութիւնը, պիտի փոխ առնէի Եղիշէ արք. Տէրտէրեանի թեւաւոր մէկ խօսքը, որ հասցէագրած է մեր մօտ անցեալի եւ թերեւս այսօրուան կուսակրօն եկեղեցականութեան՝ «Կուսութիւննին հազար անգամ փոշիացած կուսակրօններ»։

Կուսակրօնութիւնը նման է երկսայրի սուրի մը. մէկ կողմէ ան սրբակրօն եկեղեցականը կը սրբացնէ, բայց միւս կողմէ ճշմարիտ կոչումէ զուրկ անձը, միեւնոյն է, ինչ տեսակ վեղար կամ անոր վրան ալ ադամանդակուռ խաչ մը կրէ, իր բովանդակ իմաստով, բանիւ եւ գործով, կամայ եւ ակամայ, իր երեւելի թէ աներեւոյթ կերպարով զայն կը դարձնէ կատարեալ անաբարոյական մը։

Այս առնչութեամբ բարեկարգութիւնը այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտութիւն մըն է Հայ եկեղեցիին համար։ Եթէ կայ բնագաւառ մը, ուր շատ մը այլ հարցերու շարքին ամէնէն շատ բարեկարգուելու կարիքը ունի՝ կուսակրօնութի՛ւնն է։

Մեր եկեղեցւոյ է՛ն խոհուն մտածողներէն Մաղաքիա արք. Օրմանեան իր «Խոհ եւ խօսք» ինքնակենսագրական երկասիրութեան մէջ կուսակրօնութեան ուխտին ցմահ ըլլալու բնոյթին մասին հետեւեալ քննադատութիւնը կ՛արձանագրէ.

 

«Խնդիրը ամփոփենք ուխտին մշտնջենաւորութեան վրայ.

Ինչ ալ ըլլայ ոմանց տեսութիւնն ու նախապաշարեալ կարծիքը, եւ խստակրօններու սկզբունքը, ես իմ մասին երբեք անդարմանելի մարդկային գործ մը չեմ ընդունիր, միշտ կարգ ու կանոնի մը եւ օրինական պահանջներու պատկառ մնալով։ Ըստ այսմ [կուսակրօնութեան] ուխտի մշտնջենաւորութիւնն ալ կ՛իմանամ իբր ցնոր տնօրէնութիւն, այսինքն ցորչափ իրաց վիճակը, ուխտադերին դիրքը, էական պայմաններու ձեւը փոխուած չէ։ Մարդ չի կրնար բովանդակ ապագայն նախատեսել, եւ իւր կեանքին բոլոր փոփոխութիւնները գուշակել, ուստի անհրաժեշտ է որ բաց դուռ մը ունենայ իւր դիրքը եւ կացութիւնը փոփոխելու եւ նոր դիրքին յարմարելու։ Ըստ այսմ բնաւ դժուարութիւն չեմ զգար եւ դիտողութիւն չեմ ըներ, եթէ կուսակրօնութեան նուիրեալ եկեղեցական մը իւր կոչումէն հրաժարի, բաւական է որ օրինական պայմանները յարգէ եւ ընդհանուր բարոյականութեան դէմ չմեղանչէ։ Կարծեմ թէ այս բացայայտ վերապահութիւնս բաւական է իմ համոզումս ուղղապէս դատելու, եւ զիս մոլեռանդ եւ անխորհուրդ աւանդապահ մը չսեպելու։

[…] Համառօտիւ միտքս յայտնած ըլլալու համար աւելցնեմ, որ նախնական եկեղեցւոյ մէջ կուսակրօնութիւնը եկեղեցականութեան պայման չէ եղած, թէպէտ կամաւոր յանձնառուն չէ մերժուած, ինչպէս Յովհաննէս եւ Պօղոս առաքելոց մէջ եւ Արիստակէս՝ մեր սուրբ հարց մէջ։ Եկեղեցականութիւնը իբրեւ ժողովուրդի հովուութիւն ամուսնացելոց սեփական եղած է, նոյնիսկ եպիսկոպոսութեան եւ հայրապետութեան աստիճաններուն մէջ։ Իսկ կուսակրօններ իրենց կոչումը անաղարտ պահելուն համար աշխարհէ հեռու եւ աշխարհիկ յարաբերութիւններէ զերծ վանքերու մէջ փակուած են, իրենց նուիրական կենցաղը չվտանգելու համար։ Այժմեան կուսակրօններու սովորական դարձած աշխարհի եւ աշխարհիկ յարաբերութեանց հետ համարձակ շփումը նախնական օրինաց եւ սկզբնական սովորութեանց համաձայն չէ, բայց այդ մասին յետադարձը գործադրելն ալ դիւրին չէ։ Եթէ արեւելեան եկեղեցիներու մէջ պահուած ամուսնացեալ եկեղեցականութեան զարգացումը բարձրանայ, եւ եթէ իւր առջեւ աստիճաններու բարձրացման դուռերը բացուին, կուսակրօն եկեղեցականութիւնը կրնայ հետզհետէ նուազիլ, եւ իւր նախնական բացառիկ եւ պատահական չափին վերածուիլ։ Բայց այս եկեղեցւոյ բարեկարգութեան կէտ մըն է […] գուցէ առաջիկային այն ալ շօշափեմ»[2]։

 

Հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութիւնը էական անհրաժեշտութիւն մըն է, որ կը ձգտի ծառայելու անոր հաւատացեալ հօտին դիմագրաւած արդի բազմաթիւ մարտահրաւէրներու յաղթահարման եւ առօրեայէն բխող կարիքներուն։ Սրբազան աւանդութիւնը արգելք մը չէ, այլ պահանջ մըն է՝ զայն ապահովելու ժամանակակից կեանքի համատեքստին մէջ։ Եկեղեցւոյ պատմական եւ աստուածաշնչական հիմքերը ստոյգ անոր կու տան ճկունութիւն, մինչդեռ բարեփոխումները կը նպաստեն անոր հաստատութենական (institutional) կայունութեան եւ վերածնութեան։ Կուսակրօն եւ ամուսնացեալ եկեղեցականութիւնը եկեղեցիին պէտք է ծառայէ ոչ թէ տէր ընդ ծառայի փոխյարաբերութեան, անհաւասար դիրքերու՝ բարձրի եւ ցածի խտրականութեան անգիր օրէնքով, այլ իւրաքանչիւրը իր ստանձնած պաշտօնին մէջ ի Յիսուս Քրիստոս սիրոյ ծառայութեան հաւասար դիրքերու եւ իրաւունքներու կարգավիճակով։

«Կենցաղ եկեղեցականաց՝ գիրք աշխարհականաց» – «Եկեղեցականներուն կենցաղը աշխարհականներուն համար գիրք (օրէնք) է». հինէն եկող այս ճշմարտացի խօսքը կու գայ անսուտ դրսեւորելու այն իրողութիւնը, որ առաջին հերթին հոգեւորականն է եկեղեցւոյ բարոյական հեղինակութեան արտայայտիչը, ուրկէ հաւատացեալը դասեր կը քաղէ իր հոգիի փրկութեան եւ քրիստոնէավայել կենցաղավարութեան համար։ Եթէ նոյն եկեղեցականը շեղի իր սրբակենցաղ վարքագիծէն ու զանազանել չկարենայ այդ ոսկեձոյլ տարբերութիւնը լինելու եւ ունենալու միջեւ, կոչումի գիտագցութեան, անձնդիր ծառայասիրութեան, սրբութեան, փառքին, ուժին եւ նիւթական հարստութեան ձգտելու միջեւ, իր անձին եւ գործին մէջ առաջին հերթին կը նսեմացնէ եկեղեցին, որուն ծառայութեան ինք կոչուած է։ Այնուհետեւ ան չի կրնար յարգանք պարտադրել հաւատացեալ մարդուն, որուն աչքին ոչ միայն ինք, այլեւ իր ներկայացուցած եկեղեցին ալ հեղինակազրկուած է, նման այն թանկարժէք ադամանդին, որուն վրայ յառաջացած նուազագոյն բիծն անգամ կ՛արժեզրկէ զայն։ Եկեղեցականը հարկ է, որ ըլլայ աստուածային լոյսի ընդունարան եւ բանիւ ու գործով այդ նոյն լոյսը արտացոլացնել կարենայ հաւատացեալ հայ մարդուն վրայ։ Պատմութեան այս կոչն է, որ ինք իբրեւ արժանահաւատ հրաւէր մը՝ Բանին կենաց քարոզութեամբ միշտ պիտի կարդայ իր հայկազուն հօտին դիմելով. «Եկայք շինեսցուք սուրբ զխորանն լուսոյ. քանզի ի սմա ծագեաց մեզ լոյս ի Հայաստան աշխարհի» (շարական)։

 

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Ժընեւ

 

 

[1] Հմմտ. Յակոբեան, Վ., «Կանոնագիրք հայոց», Ա, Երեւան, Հայկական ՍՍՌ գիտութիւնների ակադեմիայի հրատարակչութիւն, Երեւան, 1964, էջ 450։

[2] Հմմտ. Մաղաքիա արք. Օրմանեան, «Խոհ եւ Խօսք», Երուսաղէմ, 1929, էջ 49-50:

 

Share61Tweet38
Previous Post

«ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ «ԻՐ ԱՄԲՈՂՋ ԶԻՆԱՆՈՑՈՎ», ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ Կ’ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ՝ «ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ԲԱՆԱԿ ՈՒՆԵՆԱԼԸ ԻՐ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆ Է»

Next Post

ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ՝ ԷՐՆՍԹ ԶՈՄՄԵՐԻ ՊՈՌԹԿՈՒՄԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Next Post
ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ՝ ԷՐՆՍԹ ԶՈՄՄԵՐԻ ՊՈՌԹԿՈՒՄԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ՝ ԷՐՆՍԹ ԶՈՄՄԵՐԻ ՊՈՌԹԿՈՒՄԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.