Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ «ԻՐ ԱՄԲՈՂՋ ԶԻՆԱՆՈՑՈՎ», ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ Կ’ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ՝ «ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ԲԱՆԱԿ ՈՒՆԵՆԱԼԸ ԻՐ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆ Է»

July 29, 2024
in Միջազգային
0
«ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ «ԻՐ ԱՄԲՈՂՋ ԶԻՆԱՆՈՑՈՎ», ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ Կ’ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ՝ «ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ԲԱՆԱԿ ՈՒՆԵՆԱԼԸ ԻՐ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆ Է»

 

Հայաստանի Հանրապետութիւնը մագլցողական հռետորաբանութեան մէջ ներքաշելու փորձերը անընդունելի են, կը յայտարարէ Արտաքին գործերու նախարարությեան խօսնակ Անի Բադալեանը՝ արձագանգելով Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան եւ որակելով զայն «անհասկնալի»:

Պաշտօնական Երեւանը կ’ընդգծէ, որ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմին դիւանագիտական խողովակներով եւ հրապարակայնօրէն կատարուած առաջարկները սահմանային միջադէպերու եւ/կամ անոնց մասին տեղեկութիւններու հետաքննութեան՝ Հայաստան-Ատրպէյճան համատեղ մեխանիզմ ստեղծելու մասին կը շարունակեն անարձագանգ մնալ Ատրպէյճանի կողմէ: «Նման մեխանիզմի գործարկումը հնարաւորութիւն պիտի տար պարզաբանելու որեւէ իրավիճակ եւ պիտի կանխարգիլէր իրականութեան չհամապատասխանող տեղեկութիւններու տարածումը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութիւնը պնդած է, թէ վերջին շրջանին հայկական ուժերը իբր ծանր զինատեսակներ կիրառած են Քելբաջարի եւ անօդաչու սարք՝ Թովուզի ուղղութեամբ, ապա շարունակած էգ «Եթէ նման սադրիչ գործողութիւնները չդադրին, ապա ինքնապաշտպանութեան նպատակով Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու զինանոցին մէջ գտնուող բոլոր միջոցներուն կիրառմամբ համապատասխան քայլեր պիտի ձեռնարկուին»։

Պաքուն նաեւ քննադատած է արեւմտեան պետութիւնները Հայաստանի հետ ռազմական համագործակցութիւնը խորացնելու համար. «Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանի մէջ կայացուած զօրավարժութիւնները, Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանին մահաբեր զէնքերու տրամադրումն ու ԵՄ-ի կողմէ՝ Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամի քօղին ներքոյ Երեւանին 10 միլիոն եւրոյի ռազմական օգնութեան տրամադրումը, կ’ոգեշնչեն բռնագրաւող Հայաստանին, որպէսզի նոր սադրանքներու դիմէ եւ Ատրպէյճանի դէմ հերթական պատերազմին նախապատրաստուի»:

Հայաստանի կառավարութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ խաղաղութեան օրակարգին եւ պիտի չշեղի այս ռազմավարութենէն, ի պատասխան՝ ընդգծած է ՀՀ Արտաքին գործերու նախարարութեան խօսնակը:

Անդրադառնալով Հայաստանի Զինուած ուժերու բարեփոխումներուն, սպառազինութեան եւ սարքերու ձեռքբերման, հայկական արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան խօսնակը նշած է, որ մարտունակ բանակ ունենալը որեւէ երկրի ինքնիշխան իրաւունքն է, եւ Հայաստանը պաշտպանութեան ու անվտանգութեան ոլորտին մէջ իր միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքի պաշտպանութենէն դուրս որեւէ այլ նպատակ չունի. «Բանակի բարեփոխումներու գործընթացին մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը գործէ բացառապէս միջազգային իրաւունքի շրջանակներուն մէջ»:

«Նաեւ կը յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դիւանագիտական խողովակներով եւ հրապարակային Ատրպէյճանին առաջարկած է սպառազինութիւններու վերահսկման փոխադարձ մեխանիզմ ստեղծել եւ համապատասխան պայմանագիր կնքել, ինչ որ նոյնպէս Ատրպէյճանը թողած է անպատասխան: Չնայած ասոր, նաեւ այս առաջարկը կը շարունակէ մնալ ուժի մէջ»,- ըսուած է Անի Բադալեանի հաղորդագրութեան մէջ:

Share61Tweet38
Previous Post

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ՍԿՍԱԾ ԵՆ ԱՐԱԳԸՆԹԱՑ ԳՆԱՑՔՆԵՐՈՒ ՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ

Next Post

ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ԱՌԵՂԾՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ԼԱԲԻՐԻՆԹԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՓՆՏՌՈՒԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ՈՐՈՆՔ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻՆ 

Next Post

ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ԱՌԵՂԾՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ԼԱԲԻՐԻՆԹԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՓՆՏՌՈՒԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ՈՐՈՆՔ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻՆ 

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.