Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ՍԿՍԱԾ ԵՆ ԱՐԱԳԸՆԹԱՑ ԳՆԱՑՔՆԵՐՈՒ ՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ

July 29, 2024
in Միջազգային
0
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ՍԿՍԱԾ ԵՆ ԱՐԱԳԸՆԹԱՑ ԳՆԱՑՔՆԵՐՈՒ ՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ

 

Փարիզի դատախազութիւնը հետաքննութիւն սկսած է այն բանէն յետոյ, երբ Ֆրանսայի արագընթաց գնացքներուն ցանցը Ողիմպիական խաղերու բացումէն ժամեր առաջ լայնածաւալ սապոթաժի ենթարկուած էր՝ խոչընդոտելով հարիւր հազարաւոր մարդոց տեղաշարժը։

«France24» պարբերականը կը յայտնէ, որ Ֆրանսայի անվտանգութեան ուժերը կը փորձեն գտնել տեղի ունեցած յարձակումներուն մեղաւորները։

«Մեր հետախուզական ծառայութիւնները եւ իրաւապահ մարմինները զօրաշարժի ենթարկուած են՝ գտնելու եւ պատժելու այս յանցաւոր գործողութիւններու հեղինակները»,- գրած է Ֆրանսայի վարչապետ Կապրիէլ Աթալը X ընկերային հարթակով՝ անուանելով յարձակումները «նախապատրաստուած եւ համակարգուած սապոթաժի գործողութիւններ», որոնք «հսկայական եւ լուրջ հետեւանքներ» ունեցած են երկաթուղային ցանցի համար։

Փարիզի դատախազութիւնը հետաքննութիւն սկսած է «հիմնարար ազգային շահերը» խաթարելուն ուղղուած գործողութիւններուն փաստով՝ նշելով, որ այս յանցագործութեան համար կը սպառնայ մինչեւ 20 տարուայ բանտարկութիւն։

Դատախազութիւնը պիտի հետաքննէ ենթադրաբար կազմակերպուած խումբին կողմէ պատճառուած վնասը եւ տուեալներու մշակման ինքնաշխատ համակարգի վրայ յարձակումները։

Փարիզի մէջ Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութենէն ժամեր առաջ Ֆրանսայի արագընթաց երկաթուղային ցանցը կաթուածահար եղած է՝ ազդելով մօտ 800.000 ուղեւորի վրայ։

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ՀԱՄԸՆԹԱՑ ՓԱՐԻԶԻ ՍԻՐՏԻՆ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏՈՒՆԸ»

Next Post

«ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ «ԻՐ ԱՄԲՈՂՋ ԶԻՆԱՆՈՑՈՎ», ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ Կ’ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ՝ «ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ԲԱՆԱԿ ՈՒՆԵՆԱԼԸ ԻՐ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆ Է»

Next Post
«ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ «ԻՐ ԱՄԲՈՂՋ ԶԻՆԱՆՈՑՈՎ», ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ Կ’ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ՝ «ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ԲԱՆԱԿ ՈՒՆԵՆԱԼԸ ԻՐ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆ Է»

«ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ «ԻՐ ԱՄԲՈՂՋ ԶԻՆԱՆՈՑՈՎ», ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ Կ'ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ՝ «ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ԲԱՆԱԿ ՈՒՆԵՆԱԼԸ ԻՐ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆ Է»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.