Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՎՐԱՍՏԱՆԸ ՇԱՀԱԳՐԳՌՈՒԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹՅԱՄԲ. ՍԱՄՑԽէ-ՋԱՒԱԽՔԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

July 29, 2024
in Հայաստան, Միջազգային
0
ՎՐԱՍՏԱՆԸ ՇԱՀԱԳՐԳՌՈՒԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹՅԱՄԲ.  ՍԱՄՑԽէ-ՋԱՒԱԽՔԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

 

Վրաստանի խորհրդարանի առաջին փոխխօսնակ, Վրաստան-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Կիա Վոլսքին Սամցխէ-Ջաւախքի տարածաշրջանին մէջ ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հայաստան-Վրաստան պատգամաւորական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Ռուբէն Ռուբինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։

Վրաստանի խորհրդարանի մամուլի ծառայութիւնը յայտնած է, որ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի պատուիրակութիւնը՝ ի դէմս Թենկիզ Շարմանաշվիլիի, Անթոն Օպոլաշվիլիի եւ Սամուէլ Մանուկեանի, հայ գործընկերներուն հետ այցելած է Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցի եւ Ախալքալաքի ու Կումուրտոյի թեմի տաճար: Թեմի մեթրոփոլիթ Տէր Նիկոլոզը հիւրերուն հետ շրջայց կատարած է թեմական թանգարանին մէջ եւ անոնց ներկայացուցած է թանգարանի ստեղծման պատմութիւնը։

«Խորհրդարանի բարեկամական խումբի անդամներուն, ինչպէս նաեւ Սամցխէ-Ջաւախքի տարածաշրջանի տեղական մարմինի եւ Սաքրեպուլոյի ներկայացուցիչներու հետ ունեցած հանդիպումներուն ընդգծուած է ինչպէս ներքին, այնպէս ալ արտաքին ուղղութիւններով իրարու աջակցիլը: Մենք ուրախ ենք, որ Վրաստանի կառավարութիւնը պատշաճ ուշադրութիւն կը դարձնէ տարածաշրջանի հայ բնակչութեան, եւ մենք մեր կողմէ կ՛աջակցինք Վրաստանի կառավարութեան՝ նախաձեռնած բոլոր գործերուն մէջ»,- ըսած է ՀՀ Ազգային ժողովի փոխխօսնակ Ռուբէն Ռուբինեանը։

Սամցխէ-Ջաւախք կատարած աշխատանքային այցի շրջանակներուն մէջ բարեկամութեան խումբի անդամները հանդիպած են Ախալցխայի բնակչութեան եւ տեղական ինքնակառավարման մարմինի ներկայացուցիչներուն հետ, ուր քննարկուած են վրաց-հայկական համագործակցութեան ներկայ ուղղութիւնները եւ կապերու ապագայ խորացման կարեւորութիւնը:

«Ախալցխայի մէջմ տեղի ունեցած է Վրաստան-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի համանախագահներունի հանդիպումը` Վրաստանի եւ Հայաստանի խորհրդարաններու պատգամաւորներու մասնակցութեամբ։ Հանդիպած ենք նաեւ տարածաշրջանի եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներու հետ։  Կը կարծեմ, որ պէտք է յատուկ ընդգծել մէկ հանգամանք՝ ատիկա վրացական կողմին շահագրգռուածութիւնն է Հայաստանի կայունութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի խոր շահագրգռուածութիւնն ու գործնական մօտեցումը այն կայունութեան նկատմամբ, որ մեր երկիրը պահպանած է այս բարդ իրավիճակին մէջ։ Հարեւանները պէտք է լաւ իմանան իրարու խնդիրները։ Մենք կ՛աջակցինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի խնդիրի կարգաւորման, որ շատ մօտ է վերջնական հանգուցալուծման։ Հանդիպման ընթացքին քննարկած ենք տարբեր հարցեր, այդ շարքին՝ խորհրդարանական համագործակցութիւնը եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ուղղութիւնները»,- իր խօսքին մէջ նշած է Կէորկի Վոլսքին։

Վրաստանի խորհրդարանի մամուլի ծառայութիւնը նաեւ յաւելած է, որ Սամցխէ-Ջաւախքի տարածաշրջանին մէջ կայացած հանդիպումներուն մասնակցած են տարածաշրջանի պետական յանձնակատար Պեսիք Ամիրանաշվիլին, Հայաստանի մէջ Վրաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կիորգի Շարվաշիձէն եւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Սմբատեանը:

Ռուբէն Ռուբինեանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ են ՀՀ ԱԺ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորներ Շիրակ Թորոսեանը, Վահագն Ալեքսանեանը, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը։

Share61Tweet38
Previous Post

ՀՀ-Ի ՄԷՋ ԷՍԹՈՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԵՄ ԴԻՏՈՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԱՅՑԵԼԱԾ Է ԳՈՐԻՍ

Next Post

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄՇՏԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏՆԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

Next Post
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄՇՏԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏՆԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄՇՏԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏՆԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.