Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ վերջին տարիներուն ստացուած առաւել քան 4000 նիւթերու եւ «Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու յուշագրութիւններ» մատենաշարի երեք հատորներու եւ գիտական պարբերականներու շնորհահանդէսը:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Էտիթա Գզոյեան տեղեկացուց, որ շնորհահանդէսին ընդգրկուած են նախորդ տարի «Ցեղասպանագիտական հանդէս» եւ «International Journal of Armenian Genocide Studies» գիտական պարբերականներու տպագրուած երկուքական թիւեր, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութենէն վերապրածներու յուշագրութիւններու շարքի հատորները եւ ռուսերէն, ֆրանսերէն հրատարակուած գիտական երկու աշխատութիւններ:
«Ինչ կը վերաբերի նիւթերուն, ապա անոնք Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին վերջին տարիներուն տրուած նուիրատուութիւններն են: Անոնք բաւականին մեծ թիւ կը կազմէին, այդ պատճառով որոշեցինք շնորհահանդէսի ձեւով ներկայացնել. 4000-է աւելի անուն նիւթ ստացած ենք: Անոնք կ՛ընդգրկեն, օրինակ՝ բնօրինակ լուսանկարներ ինչպէս Հայոց ցեղասպանութեան, այնպէս ալ համիտեան կոտորածներու տարիներուն կատարուած: Բաւականին մեծ թիւով լուսանկարներ ստացած ենք նաեւ Արցախի մէջ տեղի ունեցածին հետ կապուած», բացատրեց Գզոյեան՝ աւելցնելով, որ աշխարհի զանազան անկիւններէ՝ Լիբանանէն, Յունաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Ռուսիայէն ստացուած նիւթերուն մէջ կան նաեւ յուշագրութիւններ ու օսմանատառ փաստաթուղթեր:
Անոնց մաս կը կազմեն նաեւ տակաւին չհրապարակուած ֆրանսահայ լուսանկարիչ Արշակ (Մաքս) Սիւասլեանի լուսանկարները, որոնք կը ներկայացնեն դրուագներ թէ՛ 1992-ի, եւ թէ 2016-ի Արցախի պատերազմներէն:
Շնորհահանդէսին ներկայ էին նուիրատուներու եւ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու ժառանգորդներ, որոնց նախնիներուն յուշագրութիւնները ներկայացուեցան: