Մինչ Հայաստան պատրաստ է օր առաջ ստորագրելու Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը, Ալիեւ կը շարունակէ խօսիլ նոր նախապայմաններու մասին: Թէեւ վերջին շրջանին չենք լսեր «Զանգեզուրի միջանցքի» մասին, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ կը մնայ մերժուած եւ «կարմիր գիծ», սակայն կը դրուին այլ նախապայմաններ, որոնք եւս դժուար իրագործելի են: Այդ պայմաններու շարքին է Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, առարկելով որ հոն կան Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան դէմ ուղղուած դրոյթներ: Խօսքը Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի միաւորման մասին յիշատակումն է: Ալիեւ շատ լաւ գիտէ, որ սահմանադրական փոփոխութիւնները կը կարօտին երկար տարիներու, եւ հետեւաբար այդ նախապայմանին մէջ կայ յստակ նպատակ՝ խաղաղութեան պայմանագրի ձգձգումը, սպասելով աւելի նպաստաւոր ժամանակներու եւ կամ ռազմական գործողութիւններու դիմելու:
Հայաստանի իշխանութիւնները բազմաթիւ անգամներ յայտարարած են, որ թէեւ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը օրակարգի վրայ է, սակայն այդ Հայաստանի ներքին գործն է: Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը անկասկած պիտի բախի այլ կարեւոր մէկ դժուարութեան: Հայաստանի ժողովուրդը երբեք պիտի չքուէարկէ ի նպաստ նոր սահմանադրութեան մը, եթէ այն պարտադրուած ըլլայ Ատրպէյճանի կողմէ:
Վերջերս Ալիեւ հրապարակ նետած է նաեւ Մինսքի խումբը լուծարելու հարցը եւ կը պահանջէ, որ Երեւանն ու Պաքուն միասնաբար դիմեն այդ քայլին: Մինսքի խումբը այն մարմինն էր, որուն մէջ ընդգրկուած համանախագահ երկիրները՝ Ռուսաստանը, Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան 1992 թուականէն սկսեալ կը փորձէին խաղաղ ճանապարհով լուծել Լեռնային Ղարաբաղի հարցը: Հայաստանը առայժմ կողմնակից չէ լուծարման առաջարկին հետ:
Ատրպէյճան նաեւ Հայաստանին կ՛առաջարկէ համաձայնեցնել պայմանագրի հիմնական կէտերը եւ նախաստորագրել զայն, որպէս «բարի դրացիական» արտայայտութիւն եւ այդ ընել նախքան Պաքուի մէջ կայանալիք եւ ՄԱԿ-ի COP29-ը միջազգային գագաթաժողովը, որ նուիրուած է կլիմայի փոփոխութեան հարցին: Պաքու մեծ կարեւորութիւն կու տայ այս ժողովին եւ կը փորձէ իր երկիրը ներկայացնել լաւագոյն լոյսի տակ ու աշխարհին ցոյց տալ, որ ինք դրացիներուն հետ խաղաղութեան ձգտող երկիր մըն է: Վերջին օրերուն յայտնի դարձաւ, որ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան հրաւէր ստացած է մասնակցելու COP29-ը ժողովին: Առայժմ Երեւան չէ արձագանգած այդ հրաւէրին: Սակայն զարմանալի պէտք չէ ըլլայ, որ այդ հրաւէրը ընդունուի, որոշ պայմաններու դիմաց, որոնց շարքին՝ Արցախի քաղաքական ու ռազմական ղեկավարութեան ազատ արձակումը, մանաւանդ որ կայ նման նախընթաց: COP29-ը ժողովի կազմակերպումը Պաքուին շնորհուեցաւ, միայն այն ատեն երբ Հայաստան վերցուց իր վեթօն՝ հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման դիմաց:
Իսկ Ալիեւի մտքի վերջին յղացումը այն է, որ Երեւան պէտք է պատասխան տայ, թէ ինչպէս ատրպէյճանցիները վերադառնան իրենց «պատմական հողերը»: Ան ատրպէյճանցիներու պատմական հողերը կը նկատէ այն գիւղերը, ուր մինչեւ Ղարաբաղեան առաջին պատերազմը կ՛ապրէին որոշ թիւով ատրպէյճանցիներ:
Յստակ է, որ ատրպէյճանական կողմը կը փորձէ տապալել խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը ու կը ձգտի ժամանակ շահելու՝ մինչեւ Նոյեմբերին կայանալիք COP29-ի աւարտը եւ, շատերու կարծիքով, նաեւ նոյն ամսուն կայանալիք Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւնները, այն յոյսով որ Տանոլտ Թրամփը կը վերադառնայ Սպիտակ տուն եւ կը թուլանան ամերիկեան ճնշումները Պաքուի վրայ: Մինչ այդ Ալիեւ իր նոր ու նոր նախապայմաններով պիտի շարունակէ շարժել, պատկերաւոր ըսած, կոլի դարպասաձողը:
Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»