Ըստ իսրայէլեան «Ետիյոթ Ահարոնոթ» օրաթերթին, վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու պիտի շեշտէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին, թէ Կազայի մէջ հաստատուելիք զինադադարը պիտի չընդգրկէ հիւսիսային ճակատը Լիբանանի հետ:
Իսկ Միացեալ Նահանգներու բանակներու սպայակոյտի պետ Մարք Մելի յայտարարեց, թէ Իսրայէլի իր գործընկերներուն հետ կը քննեն Կազայի պատերազմի աւարտին առնուելիք քայլերը եւ փոխանցումի շրջանի կարգադրութիւնները: