Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժա հակադարձեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի երկխօսութեան պայմանին, նախագահ ընտրելէ առաջ: Ան Այս քայլը համարեց ոտնակոխում սահմանադրութեան, ուր որեւէ նշում չկայ նախագահ ընտրելէ առաջ ժողով գումարելու: Երկխօսութեան քայլը ան համարեց խախտում երկրի սահմանադրութեան, ուր նշուած է թէ երեսփոխաններ ժողով կը գումարեն անդադար մինչեւ որ նախագահը ընտրուի: