Լիբանանի Ազգային լրատուական գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երիտասարդ տղայ մը զոհուեցաւ եւ երկու անձ վիրաւորուեցան, երբ իսրայէլեան անօդաչու սարք մը ռմբակոծեց Ռուպ 30 շրջանը: Մէյս Ալ ժապալի ծայրամասերը ենթարկուեցան իսրայէլեան հրետանիի ռմբակոծումին ֆոսֆորային արգիլուած ռումբերով: Հասպայա գաւառի Արքուպ շրջանին մէջ ալ իսրայէլեան անօդաչու սարքեր ռմբակոծեցին կարգ մը բնակարաններ: