Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՔԱՂԱՔԱԳԷՏ. «ԵՄ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՈՒՆԻՆ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ» 

July 25, 2024
in Հայաստան
0
ՔԱՂԱՔԱԳԷՏ.  «ԵՄ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՈՒՆԻՆ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ» 

 

ԵՄ Արտաքին գործերու նախարարներու խորհուրդին որոշումները, որոնք կ՛առնչուին Հայաստանին, ունին կենսական նշանակութիւն եւ լաւ հիմքեր կը ստեղծեն ԵՄ-ի հետ Հայաստանի հետագայ սերտ համագործակցութեան համար։

Այդ կարծիքը յայտնեց քաղաքագէտ Դաւիթ Ստեփանեանը՝ անդրադառնալով ԵՄ Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի երկու որոշումներուն, որոնց համաձայն՝ ԵՄ-ն Հայաստանի հետ կը սկսի վիզաներու ազատականացման երկխօսութիւն եւ Հայաստանին Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամէն պիտի յատկացուի 10 միլիոն եւրոյի օգնութիւն։

«Տասը միլիոն եւրոյի յատկացումը Հայաստանի պաշտպանական պիւտճէին եւ պաշտպանական ծախսերուն համար թէեւ ճակատագրական որոշում չէ, բայց կ’ուզէի ուշադրութիւն հրաւիրել այն հանգամանքին վրայ, որ առաջին անգամ է, երբ խաղաղութեան գործիքի ներքոյ Խաղաղութեան հիմնադրամէն գումար կը յատկացուի երկրի մը, որ կը հանդիսանայ ՀԱՊԿ-ի անդամ։ Այդ տեսակէտէն որոշումը իսկապէս կարեւոր է, որովհետեւ մենք շատ երկար ճանապարհ անցած ենք, մինչեւ կրցած ենք գալ այդ որոշման, որ, իմ կարծիքով, պիտի կրէ շարունակական բնոյթ։ Շատ լաւ հեռանկարներ կը բացուին, որպէսզի Եւրոմիութեան աջակցութիւնը Հայաստանի պաշտպանական ծրագրերուն ու մեր երկրի դիմադրողականութեան բարձրացման երթալով աւելի ընդլայնուի»,- ըսաւ Ստեփանեան։

Իսկ ինչ կը վերաբերի վիզաներու ազատականացման շուրջ երկխօսութիւն սկսելու գործընթացին, քաղաքագէտը ընդգծեց, որ այդ որոշումը նոյնպէս կանխատեսելի էր, վաղուց սպասուած քայլ։

«Մենք մօտ ապագային՝ ամենաուշը երկու տարուան մէջ, պիտի ունենանք այդ ազատականացումը։ Հայաստանի համար վիզային կարգը պիտի հանուի, եթէ մեր քաղաքականութեան մէջ դէպի Եւրոմիութիւն տանող ճանապարհին չըլլան փոփոխութիւններ։ Այս որոշումը նոյնպէս դրական է եւ մեզ աւելի կը մօտեցնէ եւրոպական ընտանիքին։ Յոյս ունիմ, որ սա առաջին քայլերէն մէկն է, որ ուղղուած է դէպի Եւրոպա երկար, ծանր, բայց մեր պարագային այլընտրանք չունեցող ճանապարհին։ Հայաստանը պէտք է շարժի դէպի ԵՄ, պէտք է մօտ ժամանակին դառնայ եւրոպական ընտանիքի լիիրաւ անդամ»,- նշեց քաղաքագէտը։

Քաղաքագէտը անդրադարձաւ նաեւ Ժողովրդավարական արեւմտամէտ ուժերու հարթակի նախաձեռնութեան, որով կը նախատեսուի ԵՄ-ին Հայաստանի անդամակցութեան հանրաքուէի վերաբերեալ սկսիլ համապետական ստորագրահաւաք։

«Ես նոյնպէս այդ նախաձեռնութեան անդամներէն մէկն եմ։ Կը կարծեմ, որ ատիկա մեզի համար այլընտրանք չունեցող քայլ է, որովհետեւ առանց անոր Հայաստանը չի կրնար դիրքաւորուիլ մեր տարածաշրջանին մէջ, այսինքն՝ մեր երկիրը որեւէ լուրջ հեռանկար չունի առանց Եւրոպային համարկուելու։ Մենք շրջապատուած ենք թշնամի հարեւաններով, որոնց անունները յայտնի են բոլորին։ Իրանը մեզի համար բարեկամ, գործընկեր պետութիւն է, որուն հետ պէտք է աշխատինք առանձին ձեւաչափով՝ կառուցելով երկկողմ յարաբերութիւններ։ Վրաստանը նոյնպէս բացառութիւն է, այդ երկիրը մեզի համար ունի կենսական նշանակութիւն, որուն հետ նոյնպէս պէտք է սերտօրէն աշխատինք։ Մեր ապագան միայն Եւրոպայի հետ է։ Արեւմուտքը այս պարագային ՆԱԹՕ-ն չէ, թէեւ յոյս ունիմ, որ օր մըն ալ Հիւսիսատլանտեան դաշինքին միանալու դիմում պիտի ներկայացնենք։ Սակայն տուեալ պահին, եթէ կը համեմատենք մեր հեռանկարներն ու հնարաւորութիւնները, այդ միանշանակ Եւրոմիութիւնն է, եւրոպական ուղղութիւնը»,- ըսաւ Ստեփանեան։

Քաղաքագէտը միանգամայն իրատեսական կը համարէ ԵՄ-ին անդամակցելու հանրաքուէի կայացումը։ Ան վստահութիւն յայտնեց, որ այդ նպատակով իրենք պիտի յաջողին հաւաքել 50 հազար ստորագրութիւն։

«Կ՛ունենանք նոյնիսկ աւելի շատ ստորագրութիւններ, քանի որ հայ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կը փափաքի ատիկա տեսնել, կ՛ուզէ երթալ Եւրոպա, մեր երկիրը կը տեսնէ որպէս արեւմտեան արժէքային համակարգի մաս։ Եթէ մեր երկրի ղեկավարութեան համար հասարակութեան, ժողովուրդի մեծամասնութեան ձայնը ունի վճռորոշ նշանակութիւն, ապա ատիկա անպայման տեղի պիտի ունենայ։ Ժողովուրդը կ՛ակնկալէ, կը սպասէ եւ կը պահանջէ իշխանութենէն այդ մէկը։ Եթէ ըլլայ հանրաքուէ, միանշանակ վստահ եմ, որ պիտի ըլլայ դրական արդիւնք»,- եզրափակեց քաղաքագէտը։

Share61Tweet38
Previous Post

ՄԱՐՏ 1-Ի ԳՈՐԾՈՎ ՔՈՉԱՐԵԱՆԻՆ ԵՒ ՄԻՒՍՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔԸ ԿՐՆԱՅ ՎԵՐԱՈՐԱԿԱՈՒԻԼ. ՍԴ-Ն ՈՐՈՇՈՒՄ ԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է

Next Post

ՅԻՇԵԼՈՎ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԶԻՆՈՒՈՐԱԳՐԵԱԼ, ԽԻԶԱԽ ՈՒ ԱՆԽՈՆՋ ՊԱՇՏՊԱՆ ԵՒ ԳՐԱԳԷՏ ՄԻՆԱՍ ՉԵՐԱԶԸ

Next Post
ՅԻՇԵԼՈՎ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԶԻՆՈՒՈՐԱԳՐԵԱԼ, ԽԻԶԱԽ ՈՒ ԱՆԽՈՆՋ ՊԱՇՏՊԱՆ ԵՒ ԳՐԱԳԷՏ ՄԻՆԱՍ ՉԵՐԱԶԸ

ՅԻՇԵԼՈՎ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԶԻՆՈՒՈՐԱԳՐԵԱԼ, ԽԻԶԱԽ ՈՒ ԱՆԽՈՆՋ ՊԱՇՏՊԱՆ ԵՒ ԳՐԱԳԷՏ ՄԻՆԱՍ ՉԵՐԱԶԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.