Դէպի ետ՝ 172 տարիներու հեռաւոր անջրպետ մտասուզուելով, երբ այս օրերուն՝ 25 Յուլիսին կը յիշատակենք ծննդեան տարեդարձը Մինաս Չերազի (Պոլիս, 25 Յուլիս 1852 – Փարիզ, 24 Փետրուար 1929, շիրիմը անյայտ), կը մտաբերենք 1850-1885 երկարող ժամանակաշրջանը Զարթօնքի Սերունդի գրողներու,- Սրբուհի Տիւսաբ, Յակոբ Պարոնեան, Մատթէոս Մամուրեան, Ռեթէոս Պէրպէրեան, Եղիա Տէմիրճիպաշեան,- որոնց մէջ յառաջադէմ գաղափարներու խիզախ պաշտպան մը համարուող Մինաս Չերազ, ազգային ջիղի ու նկարագիրի տեսակէտէ զատորոշուող գրագէտ անձնաւորութիւն մըն ալ, գործեց ոչ միայն Նահապետ Ռուսինեանի եւ Գրիգոր Օտեանի առաջնորդութեամբ ստեղծուած 1860-ի Հայոց Ազգային Սահմանադրութեան հակոտնեայ, այլեւ նոյն գրական տղոց տրամադրութիւններէն տարբեր:
Բաց աստի, իբրեւ կրթական մշակ, ազգային-քաղաքական գործիչ, հրապարակագիր եւ խմբագիր, բանաստեղծ եւ քրոնիկագիր, թարգմանիչ եւ քննադատ, աշխարհաբարի գրապայքարի կողմնակիցներէն մին, Մինաս Չերազի համբաւը տարածուեցաւ եւ մինչեւ այսօր ալ մելան սպառել կու տայ 1878-ին Խրիմեան Հայրիկի հետ Պերլինի նշանաւոր ու պատմական վեհաժողովին իր մասնակցութեան համար՝ որպէս քարտուղար, պաշտպանելու Հայ դատը միջազգային եւ օտար հեղինակութիւններու առջեւ, ուրկէ վերադարձին, ան հրատարակութեան յանձնեց իր «Թէ ի՛նչ շահեցանք Պերլինի վեհաժողովէն» (1878, որուն ֆրանսերէնի թարգմանութիւնը հրատարակեց անգլիական կառավարութիւնը իր «Կապոյտ գիրք»ին մէջ), «Հայաստան եւ Իտալիա» (1879) եւ «Գրիչ եւ սուր» (1881) գրքոյկները: Նախապէս ալ՝ 1874-ին, լոյս տեսած էր Չերազի «Գրական փորձեր» հատորը, որուն մէջ ի մի բերուած էին իր տաղերն ու ճառերը, նամականին, առածները, գրական-քննադատական յօդուածները եւ այլն:
Յակոբ Օշականի բնութագրումով, Չերազի անունը «հոմանիշ է աննահանջ հայրենասէրի»: Աւելին, ազգային-քաղաքական բովանդակութեամբ Մինաս Չերազի խմբագրած էջերը Յակոբ Օշական համարած է մեր գրականութեան բերուած մեծագոյն նպաստը, անկշռելի նպաստը Չերազի ճիգերուն, որոնց ընդմէջէն կ’արտացոլան գրողին հայրենասիրական պոռթկումները, Հայ դատին նուիրուած անոր հերոսական ջանքերը, ինչո՛ւ չէ նաեւ՝ անոր միամիտի ակնկալութիւննե՜րը եւրոպական երկիրներէն՝ հայոց հին ու նոր արժէքները արեւմտեան հզօր տէրութիւններուն ծանօթացնելու եւ մեզի համար անոնց բարեկամութի՜ւնը շահելու, ապա մեր երկրին անկախութի՜ւն բերելու երազով…: Այս մասի՛ն է որ կը խօսին Չերազի ֆրանսերէնով հրատարակած պատմաբանասիրական երկերը, անոր կատարած թարգմանական էջերն ու Լոնտոնի մէջ խմբագրած «L՛Armenie» հանդէսը, մեզի քչիկ մը յիշեցնելով դէպի Եւրոպա բացուելու ճիգերը Մեծն Արշակ Չօպանեանի, հարկաւ բնաւ չունենալով վերջինի գործին տիտանեան տարողութիւնն ու քաղաքական խորատեսութիւնը, գրականագիտական, աշխարհաքաղաքական հմտութիւնն ու հարուստ գրական վաստակը:
Եւրոպական հանդէսներու մէջ իր աշխատակցութեան առընթեր, Չերազի ֆրանսերէնի թարգմանած արգասիքին կը պատկանին «Հայ բանաստեղծները» խորագիրով Ռափայէլ Պատկանեանի, Պետրոս Դուրեանի, Խորէն Գալֆայեանի եւ այլ գրողներու նուիրուած ընտիր գործերը: Ֆրանսերէնով ստեղծագործած ապա զանոնք հրատարակած հատորներու շարքին են իր «Poetes Armeniens», «L’orient Inedit» եւ «Nouvelles Orientales»-ը, որոնցմէ վերջինը ի՛նք է թարգմանած հայերէնի՝ «Արեւելեան վիպակներ» խորագիրի տակ, որմէ ունինք «Օհան րէիզը» նշանաւոր պատմուածքը:
Ակնի «Չերազ» գիւղէն Կ. Պոլիս գաղթած եւ սնանկացած ամիրայի ընտանիքի մը զաւակն է Մինաս Չերազ, որ Պոլսոյ Խասգիւղ թաղամասի Ներսէսեան վարժարանին մէջ նախնական կրթութիւն ստանալէ յետոյ կը տեղափոխուի Նուպար Շահնազարեան վարժարան: Դեռ 18-ամեայ պատանի, ան կը սկսի խմբագրել «Երկրագունդ» ամսագիրը, այնուհետեւ գրականութիւն, պատմութիւն եւ այլ լեզուներ դասաւանդելով տեղի վարժարաններու մէջ: Բացի իր մայրենի լեզուէն՝ տիրապետելով յունարէնի, թրքերէնի, անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի, 1876-ին Արեւմտահայաստանի մէջ կրթական մարզին զարկ տալու նպատակով, խումբ մը մտաւորականներու հետ կը հիմնէ «Արարատեան ընկերութիւն հայոց», «Դպրոցասիրաց արեւելեան ընկերութիւն» եւ «Կիլիկեան ընկերութիւն»ը, որոնք 1880-ին միաձուլուելով կոչուեցան «Միացեալ ընկերութիւնք հայոց»՝ իր կողքին հիմնադիր-ղեկավար ունենալով Արփիար Արփիարեանը: Ընկերութիւն մը, որ ուղեցոյց եղաւ հետագային 85 վարժարաններ բանալու Արեւմտահայաստանի մէջ: Նոյն թուականին է, որ իբրեւ պատուիրակ Ներսէս Վարժապետեան պատրիարքի (1837-1884) կ’ուղեւորուի Անգլիա՝ տեսակցութիւն ունենալու Անգլիոյ վարչապետ Ուիլիամ Էուըրթ Կլատըսթընի (1809-1898) հետ, վերջինէն խնդրելու, որ մղիչ ոյժ ըլլայ Պերլինի վեհաժողովէն ներս նախատեսուած բարենորոգումները իրականացնելու հարցին մէջ՝ Պոլսոյ հայկական գաւառներէ ներս:
1886-1889 թուականներուն Չերազ տնօրէն կը նշանակուի Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանին: Խոյս տալով թրքական կառավարութեան հետապնդումներէն՝ 1890-ին կը փախչի Լոնտոն, ուր «Քինկս» քոլէճին մէջ կը հիմնէ ու կը ղեկավարէ հայոց լեզուի ամպիոնը, կը հրատարակէ, ինչպէս նշեցինք, «L՛Armenie» գրական-քաղաքական թերթը, որուն հրատարակութեան վայրը հետագային տեղափոխուելով Փարիզ՝ կը շարունակուի մինչեւ 1906 թուական:
1908-ին, Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակման տարին, կրկին Պոլիս կու գայ Չերազ, որ կ’ընտրուի Կ. Պոլսոյ Ազգային ժողովի նախագահ: Նոյն տարին, հայոց խնդրիներուն լուծում գտնելու նպատակով կը շարունակէ իր ճամբորդութիւնները եւ կը հասնի այս անգամ Փեթերսպուրկ, Ռուսիոյ ցարին ու վարչապետին քով, ուղեկցութեամբ Ամենայն Հայոց Մատթէոս Բ. Կոստանդնուպոլսեցի (Սիմէոն Մարտիրոսի Իզմիրլեան՝ աւազանի անունով) նորընտիր կաթողիկոսին, որ շատ չանցած պիտի վախճանէր 1910-ի Դեկտեմբերին, 65 տարեկանին: Երկու տարի ետք Չերազի հայրենասիրական առաքելութիւնը այս անգամ կ’ընդգրկուի Հ.Բ.Ը.Մ.ի նախագահ Պօղոս Նուպարի գլխաւորած Ազգային պատուիրակութեան կազմէն ներս:
Իր սերնդակիցներէն շատերուն պէս, Մինաս Չերազի բանաստեղծութիւնները լոյսի բարիքին կու գան պատանի տարիքին: 1868-ին, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի մահուան առիթով «Մասիս»ի մէջ լոյս կը տեսնէ իր առաջին քերթուածը, նուիրուած վաղամեռիկ քերթողին՝ «Ի մահ Պէշիկթաշլեան» խորագիրով, որ կը կրէ Զարթօնքի Սերունդի ռոմանթիկ զգայնութեանց քնարական շունչն ու կնիքը:
1926-ին, իր գրական գործունէութեան 60-ամեակին առիթով իր արտասանած ճառին մէջ դրուատելով Խ. Ռուսաստանի դերը, Չերազ հետեւեալը կ’ըսէ ի միջի այլոց. «… Տեղահանութիւնն ու ջարդը անապատի ու գերեզմանատան փոխեցին մեր Տաճկահայաստանը, սակայն հայութեան մոխիրներուն մէջէն Ռուսաստանը ծնաւ իբրեւ փիւնիկ: Այժմ հոն է մեր մխիթարութեան աղբիւրը, մեր յոյսերուն խարիսխը: Օգնե՛նք այդ երկրին՝ ի՛նչ վարչաձեւի տակ ալ ըլլայ անիկա: Վարչաձեւը առօրեայ է, Հայրենիքը՝ յաւիտեան»:
Այս յոբելեանին առիթով հաւաքուած 200 հազար ֆրանքը Չերազ կը յանձնէ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան այն պայմանով, որ այդ գումարին միայն տոկոսը ստանայ մինչեւ իր մահը, որմէ ետք ամբողջ գումարը նուիրաբերուի Հայաստանին՝ Չերազի անունով վարժարան մը կառուցելու նպատակով:
Այստեղ գլխաւոր հարցումը.- Արդեօ՞ք գործադրուեցաւ եւ իրականացաւ Մինաս Չերազի այս իղձը, քանի որ Հայկական Սովետական Հանրագիտարանը գրողին կենսագրական տողերուն մէջ ակնարկութիւն մ’իսկ չ’ըներ գրողին սոյն փափաքին:
Ըստ անստոյգ աղբիւրներու, 1936-ին, Փարիզէն Երեւան բերուած Կոմիտասի աճիւնին հետ կը բերուի նաեւ Մինաս Չերազի աճիւնը եւ հանդիսաւորութեամբ կը թաղուի ու կ’ամփոփուի Նուպարաշէնի դպրոցի բակին մէջ, որ ներկայիս կը կրէ Ղեւոնդ Ալիշանի անունը: Սակայն տարի մը ետք՝ խորհրդահայ մտաւորականներու եւ արուեստի գործիչներու դէմ եղեռնակոծ տարին ու յատենի վարչակարգի ղեկավարութեան կարգադրութեամբ, Չերազի աճիւնը կրկին կը հանուի, այս անգամ Նուպարաշէնի դպրոցի բակէն, ու կը տարուի անյայտ ուղղութեամբ, հետեւեալ զրպարտութեամբ. «Դաշնակի գերեզմանն այստեղ ի՞նչ գործ ունի»:
Հետագային, Չերազի եղբօր թոռնուհին՝ Բիւրակն Չերազ, կու գայ պարզելու, թէ մեծ գրագէտին աճիւնը թաղուած է ներկայիս Նուպարաշէնի հիւսուածեղէնի գործարանի տարածքին, անմշակ ու ամայի վայրի մը մէջ:
Իր բազմերախտ գործունէութեան եւ ժողովուրդներու ազատագրական պայքարին մատուցած բազում ծառայութիւններուն համար Վենեզուելայի կառավարութեան կողմէ «Ազատարար Պոլիվարի խաչ»ով պարգեւատրուած եւ պարսկական «Առիւծի եւ Արեւի սպայութեան աստիճան» շքանշանակիր Մինաս Չերազին ալ ճակատագիրը եղաւ եղերական: Իր աճիւններուն նման աշխարհի անյայտ խորշերու մէջ ցաւատանջ կը տառապին աճիւնները Եղիշէ Չարենցի, Ակսէլ Բակունցի, Վազգէն Շուշանեանի, Յակոբ Պարոնեանի եւ այլ մեծերու, որոնք իրենց անմահ գործերը կտակեցին հայ ժողովուրդին ու սերունդներուն եւ չունեցան գէթ վերջին անդորրն ու պաշտպանութիւնը իրենց յաւիտենական նիրհի…:
Ի՞նչ ըսենք, դժխե՜մ նսեհ հայ գրողի, որ փոքր դամբանի մ’իսկ արժանի ըլլալու բախտը չունեցաւ:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
«Աղթամար»-«Ծաղիկ»