Համահայկական խաղերը (Pan-Armenian Games) անհատական կամ խմբային բազմաձեւ մարզական մրցումներու միջոցառում մըն է, որ տեղի կ’ունենայ չորս տարին անգամ մը Երեւանի մէջ, սփիւռքահայութեան եւ հայրենաբնակ մարզիկներու միջեւ։
Համահայկական խաղերու յանձնաժողովը միջազգային կազմակերպութիւն մըն է, որ Հայաստանի մէջ մարզական աշխարհը զարգացնելու նպատակով կը համագործակցի ողիմպիական, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի եւ այլ միջազգային մարզական յանձնաժողովներու հետ։
Ինչպէս ողիմպիական խաղերը, նոյնպէս համահայկական խաղերը սկիզբ կ’առնեն յատուկ բացման քայլերգով եւ մասնակից մարզիկներու շքերթով։ Տարբեր երկիրներէ ժամանած մասնակիցներ միասնաբար կը տողանցեն իրենց երկրին դրօշակը պարզած եւ խաղերը կ’աւարտին նոյն փառաւորութեամբ փակման արարողութեամբ մը։
Աւելի լաւ գաղափար մը կազմելու նպատակով այս խաղերուն գլխաւոր նպատակին, մասնակցութեան պայմաններուն, խաղացանկին եւ ապագայի ծրագրերուն մասին, հարցազրոյց մը վարեցինք Համահայկական խաղերու կեդրոնական կոմիտէի անդամ, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Պրն. Միսաք Նաճարեանի հետ։
Հ. Խնդրենք Համահայկական խաղերու պատմականը ներկայացուցէք. եր՞բ եւ որո՞ւ նախաձեռնութեամբ հիմնուած է եւ ի՞նչ է գլխաւոր նպատակը մարզական այս շարժումին։
Պ. Հայաստանի անկախութենէն անմիջապէս ետք, 1990-ական թուականներուն սկիզբը, Մելիք Շահնազարեանի գլխաւորութեամբ եւ առաջարկով հիմնուեցաւ Համահայկական խաղերը, որուն գլխաւոր գաղափարը մարզանքի միջոցաւ միասնականութիւն ձեռք ձգել էր Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ։ Այս խաղերը տեղի կ’ունենան չորս տարին անգամ մը Հայաստանի մէջ, ուր կը կազմակերպուին բազմաձեւ մարզական մրցոյթներ, որոնց կը մասնակցին հայրենաբնակ եւ սփիւռքահայ մարզիկներ։ Այս մէկը ոչ միայն գնահատանք եւ քաջալերանք կը պարգեւէ հայ մարզիկին՝ շարունակելու իր մարզական ուղին, այլեւ սքանչելի առիթ կ’ընծայէ սփիւռքահայ մարզիկին՝ ծանօթանալու մայր հայրենիքին եւ աւանդութիւններուն, եւ այս քայլով կը սերմանուի հայրենասիրութեան ոգին։
Հ. Ի՞նչ է տարիքային սահմանումը եւ մասնակցութեան պայմանները։ Մասնակիցը մարզական ճիւղի մը մասնագիտութեան պայմանը ունի՞, թէ՞ սիրողական զբաղմունքը բաւարար է։
Պ. Համահայկական խաղերը երկսեռ են, որոնց կրնան իրենց մասնակցութիւնը բերել բոլոր անոնք, որոնք կը զբաղին մարզական ճիւղով մը, ըլլայ մասնագիտացած մարզիկներ ըլլան թէ սիրողական մակարդակով զբաղող անհատներ։ Մասնակցութեան միակ պայմանը ազգութեամբ հայ ըլլալն է, իսկ տարիքային սահմանում չկայ, սակայն նախընտրելի է որ մարզիկը ամբողջացուցած ըլլայ 16 տարեկանը, մինչեւ այն ատեն որ առողջական խնդիրներ չունի եւ կարողութիւնը ունի մասնակցելու այս խաղերուն։
Հ. Ի՞նչ տեսակի խաղեր կ’ընդգրկեն համահայկական ամառնային եւ ձմեռնային խաղացանկերը։
Պ. Համահայկական բոլոր խաղերն ու օրէնքները Ողիմպիական կոմիտէէն քաղուած են։ Ամառնային խաղացանկը հիմնական 17 մարզախաղերէ բաղկացած է, ինչպէս՝ ֆութպոլ, պասքեթպոլ, վոլիպոլ, հենտպոլ, թենիս, փինկ փոնկ, աթլեթիզմ, հեծանիւ, կոլֆ, լող, ինչպէս նաեւ «danse de salon», ճատրակ եւ այլն։ Գալով ձմեռնային խաղերուն, նախ նշեմ թէ Հայաստանը որպէս լեռնային երկիր, ունի ձիւնային մրցաշարքեր կազմակերպելու շատ յարմար վայրեր, ուստի առաջին ձմեռնային համահայկական խաղերը տեղի ունեցան 2014-ին, Ծաղկաձորի մէջ։
Ձմեռնային խաղացանկը նաեւ ճոխ է ու հիմնականին մէջ կ’ընդգրկէ ski-ի մարաթոն, snowboard եւ այլ խաղեր, ինչպէս նաեւ կը նախատեսուի «danse de salon», ճատրակ եւ բոլորովին նոր խաղեր աւելցուին այս խաղացանկին վրայ։
Հ. Համահայկական խաղերու մասնակիցներ որպէս անհա՞տ կը մասնակցին կամ իրենց երկիրը կը ներկայացնեն։
Պ. Թէ՛ անհատական եւ թէ՛ խմբային խաղերուն, մարզիկները իրենց երկիրը կամ երկրի մը քաղաքը կը ներկայացնեն։ Օրինակի համար, Լիբանանի մասնակցութիւնը կ’ըլլայ Պէյրութ, Պուրճ Համուտ, Անթիլիաս եւ երբեմն Այնճար քաղաքներու անուններով։
Հ. Ամէնէն շատ ո՞ր քաղաքներէն կը մասնակցին այս խաղերուն եւ ինչպէ՞ս կ’արժեւորէք լիբանանահայութեան մասնակցութիւնը։
Պ. Առաջին տարին քանի մը հարիւր հոգիով ընթացք առին այս խաղերը, ապա մասնակցութեան թիւը տարուէ-տարի բարձրանալով 2023-ի ամառնային խաղերուն հասաւ շուրջ 7.000-ի։ Մասնակցութեան մեծամասնութիւնը կ’ըլլայ Միացեալ Նահանգներու զանազան քաղաքներէն, Պարսկաստանէն, Ֆրանսայի՝ Փարիզ եւ Մարսէյ, Անգլիոյ՝ Լոնտոն եւ Մանչեսթըր քաղաքներէն։ Սակայն չբաւարարուելով Եւրոպայի այս քաղաքներով, Համահայկական խաղերու յատուկ աշխատակազմ մը մէջտեղ եկաւ, որուն առաքելութիւնն է հայ մարզիկներ համախմբել աշխարհի չորս ծագերէն եւ կեդրոնանալ յատկապէս այն երկիրներուն վրայ ուր, բազմաթիւ հայեր կը գտնուին: Բայց մարզիկներ համախմբող մարզական միութիւններու բացակայութեան պատճառով այդ երկիրներուն մասնակցութիւնը գոհացուցիչ չէ, յատկապէս Հարաւային Ամերիկայի եւ Եւրոպայի շարք մը երկիրներու մասին է խօսքը։
Իսկ ինչ կը վերաբերի Լիբանանի մասնակցութեան, կը հաստատեմ որ լիբանանահայութիւնը որպէս սփիւռքահայութեան կորիզ, առաջին համահայկական խաղերէն ի վեր կը փաստէ իր գործօն ներկայութիւնը, շնորհիւ Լիբանանի հայկական երեք մարզական միութիւններուն՝ Հ.Մ.Մ., Հ.Մ.Ը.Մ. եւ Հ.Ե.Ը.-ի բեղուն եւ լուրջ աշխատանքին, որոնք ամէն ճիգ կը թափեն մարզիկներ համախմբելու, որպէսզի այս խաղերուն մասնակցին Լիբանանի դրօշին ներքեւ։ Յատկապէս 2023-ին պատկերը շատ խրախուսիչ էր, երբ լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս յաջողեցաւ փաստելու իր աշխուժ ներկայութիւնը այս խաղերուն, հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական ծանր պայմաններուն։
Հ. Կարելի՞ է խօսիլ վարչական դրութեան մասին. մասնակցող իւրաքանչիւր երկրէ ներկայացուցիչ մը կա՞յ վարչական կազմին մէջ։
Պ. Կեդրոնական կոմիտէի վարչութեան մէջ անպայման ներկայացուցիչ մը կը գտնուի այն երկիրներէն, որոնց մասնակցութիւնը շատ կ’ըլլայ այս խաղերուն։ Մօտաւորապէս 12 տարիէ ի վեր Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահն է պրն. Իշխան Զաքարեանը, որ իր տքնաջան աշխատանքով աւելի գործուն եւ արդիւնաւէտ կը դարձնէ ընդհանուր գործունէութիւնը։ Կ’ուզեմ անդրադառնալ նաեւ ներկայիս Հայաստանի պետութեան հայթայթած դիւրութիւններուն մասին, որ ի սպաս կը դնէ ամէն հնարաւորութիւն, որպէսզի աւելի դիւրին եւ հեզասահ ընթանան այս խաղերը։ Կեդրոնական կոմիտէին մէջ Լիբանանը ներկայացնող իմ կողքիս անդամ է նաեւ պրն. Ստեփան Տէր Պետրոսեանը։
Հ. Հաճեցէք նշել յառաջիկայ տարիներու համահայկական խաղերուն ծրագրերէն։
Պ. Ներկայիս Հայաստանի կառավարութիւնն ու Համահայկական խաղերու վարչութիւնը կ’աշխատին Գառնիի շրջանին մէջ 700 տնակներէ բաղկացած ողիմպիականի յատուկ քաղաք մը (Olympic Village) կառուցելու, որուն ղեկավարութիւնը պիտի յանձնուի Համահայկական խաղերու վարչութեան։ 2027-ի ամառնամուտին, Ֆրանքոֆոնեան ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ։ Հետեւաբար, մինչեւ այդ թուականը, մօտաւորապէս 7.000 հոգի հիւրընկալելու հնարաւորութիւնը ունեցող ողիմպիական քաղաքի շինարարական ամբողջական աշխատանքը պէտք է աւարտած ըլլայ 2027-ի սկիզբը։ Այսպէս արդէն ենթահողը պատրաստ կ’ըլլայ եւ 2027-ի ամառնային համահայկական խաղերու մասնակիցներն ալ շատ հաւանաբար իջեւանեն այդ վայրը։ Ուստի կ’ենթադրուի որ Համահայկական խաղերու մասնակիցներուն թիւը աւելնայ, որովհետեւ ձրիաբար պիտի ապահովուին մասնակիցներուն կեցութիւնը ողիմպիական քաղաքին մէջ։
Հ. Սկզբնական շրջանին այս խաղերը հիւրընկալող միակ քաղաքը Երեւանն էր, սակայն վերջին մրցաշարքերուն այլ քաղաքներ ալ նախաձեռնութիւն առին հիւրընկալութեան, ինչպէս Ստեփանակերտ եւ Կիւմրի։ Արդեօք յստակացա՞ծ են 2-րդ ձմեռնային եւ 9-րդ ամառնային համահայկական խաղերուն թուականը եւ ընդունող քաղաքը։
Պ. Զբօսաշրջութեան եւ տնտեսութեան թափ տալու նպատակով, այլ մարզեր ալ նախապատրաստութիւն կը տանին հիւրընկալելու համահայկական խաղերը։ Կրնամ տեղեկացնել, թէ ձմեռնային 2-րդ համահայկական խաղերը տեղի պիտի ունենան Փետրուար 2025-ին, Ջերմուկի շրջանին մէջ, իսկ «hockey»-ի խաղերը՝ Երեւանի «Կարէն Տէմիրճեան» համալիրին մէջ։ Կը նախատեսուի 700-էն աւելի մասնակցողներ ըլլան այս խաղերուն։ Իսկ ամառնային 9-րդ համահայկական խաղերուն մասին միայն կրնամ ըսել, թէ տեղի պիտի ունենան 2027-ին, սակայն հիւրընկալ քաղաքը տակաւին յստակացած չէ։
Յաջողութիւն կը մաղթենք բոլորին, այն յոյսով որ բոլոր ծրագրերը իրենց բարի նպատակին հասնին։
Հարցազրոյցը վարեց՝
ՔԱՐԷՆ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ