Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԱՆՈՒԷԼԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏՈՒՆԵՐԸ

July 25, 2024
in Յօդուածներ
0
ՄԱՆՈՒԷԼԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏՈՒՆԵՐԸ

 

Մանուէլ Չէքէմեան ծնած է Մալաթիա, Թուրքիա: Մալաթիայէն եկած է Պոլիս եւ ուսում ստացած՝ Հայոց դպրեվանքին մէջ: Պոլիսը` սկսելով դպրեվանքէն, եղած է իր կեանքին մէկ մասը: Եւ յստակ է, թէ կեանքի այդ «մէկ մասը» Մանուէլին համար եղած է երազային, ուր ան վայելած է Պոսֆորի գեղեցիկ Պոլիսը ու անոր հայկական կեանքը:

Ես Մանուէլին հանդիպեցայ Նետըրլանտներու Ռոթերտամ քաղաքին մէջ` Յունիս 2024-ին:

Վահէն` տղաս, լաւ ճանչցած է զիս: Գիտէ իմ հետաքրքրութիւններս եւ մանաւանդ անոնց հայկական բնոյթը:

«Պա՛պ, այսօր քեզ հայու մը պիտի ծանօթացնեմ», ըսաւ ան:

Ուրեմն Ռոթերտամի մէջ ալ հայ կայ, տղուս կողքին` նաեւ ուրիշներ: Թէեւ հատուկենտ, բայց անոնք հայեր են, որոնք կ՛ապրին, կը գործեն եւ կը ստեղծագործեն այս քաղաքին մէջ:

Նետըրլանտները հռչակ ունին իրենց պանիրի արտադրութեամբ: Ինչպէս չունենան, երբ ամբողջ երկրի տարածքին կան կանաչ մարգագետիններ, ուր անդադար արջառներ կ՛արածին: Մանուէլ հասկցած է երկրին ու անոր բնութեան հարստութիւնը եւ լծուած է աշխատանքի:

Քաղաքի շատ բանուկ եւ կեդրոնական մասին մէջ մտանք Մանուէլին վաճառատունը` «De Kaashoeve» անունով: Կարելի չէ չզմայլիլ վաճառատան մէջ տեղ գտած պանիրներու տարբեր տեսակները տեսնելով: Երեւի վաճառատունէ աւելի պէտք էր ան թանգարան ըլլար: Մանուէլին տիկնոջ` Թագուհի Սէքէմի բոլոր յատկանիշերը ցոյց կու տան, թէ ան ոչ միայն աշխատասէր հայ կին մըն է, այլ նոյնքան ալ բանիմաց եւ վարչական-կազմակերպչական յատուկ կարողութիւններով օժտուած:

Վաճառատունը խճողուած էր յաճախորդներով: «Ամէն օր այս է վիճակը», ըսաւ Վահէն` շարունակելով. «Շատ լաւ անուն վաստկած են: Ամէն մարդ հոս կու գայ պանիր գնելու համար»:

Հայկական ջերմութիւնը, սակայն, զգլխեց ու շրջանցեց խճողուած յաճախորդներուն կարգը: Թագուհին գեղեցիկ եւ հաղորդական ժպիտով մը մօտեցաւ մեզի եւ ողջունեց բոլորս:

«Մալաթիա ծնայ եւ մեծցայ, հոն կարելիութիւն չունէինք հայերէն սորվելու», ըսաւ Թագուհի անգլերէնով: Բայց Թագուհին` իր անունին եւ անոր կոչումին յենելով, դուրս հանեց իր հայկական հաղորդական նկարագիրը եւ պատուեց մեզ պանիրներու հիւրասիրութեամբ:

Չուշացաւ Մանուէլի ժամանումը: Անոր դէմքին վրայ կար մեծ ժպիտ մը, որուն մէջէն կ՛արտացոլային հայկական հաղորդականութիւնն ու ջերմութիւնը: Եւ Մանուէլ սկսաւ պատմել իր պատմութիւնը:

«Մալաթիայէն Պոլիս տեղափոխուեցայ եւ հոն աշակերտեցի հայոց դպրեվանքին», ըսաւ Մանուէլ:

Սկզբնական խօսակցութենէն արդէն յստակ էր, թէ ան լաւապէս տիրապետած էր մայրենիին: «Դպրեվանքը, անոր ուսուցմունքը եւ հոգեւոր մթնոլորտը մեծ ազդեցութիւն ձգած են իմ վրաս», շարունակեց ան:

Բայց Մանուէլին ոգեւորութիւնը շատ աւելի մեծ եղաւ, երբ իրեն իմացուցի, թէ յաճախ Պոլիս կը գտնուիմ եւ քաջածանօթ եմ հայկական մեր իրականութիւններուն:

Մանուէլ կարծէք գտած էր ոչ միայն հայ մը, այլ նաեւ երեւի մէկը «իր երկրէն ու քաղաքէն», որուն հետ պիտի թարմացնէր իր անցած կեանքին անուշ յուշերը:

Այսպէս ալ, ան սկսաւ քակել այդ յուշերու ծրարը եւ հոն պահուած պատմութիւնները:

«Կեդրոնական վարժարանի մէջ թուաբանութեան ուսուցիչ եղած եմ քանի մը տարի», ըսաւ Մանուէլ: Բայց թուաբանութենէ անդին, Մանուէլի համար Կեդրոնականի հայկական շունչն է, որ ան տակաւին ամուր բռնած ու պահած է: Մանուէլի դէմքին վրայ ժպիտը աւելիով ընդլայնեցաւ:

Ու շարունակեցինք կիսել մեր ծանօթութիւններու շարքը:

«Արազ հրատարակչատունն է ալ գիտե՞ս», հարց տուաւ ան:

«Անշուշտ գիտեմ», եղաւ արագ պատասխանս:

Այնպէս կ՛երեւէր, որ Մանուէլ «Արազ»-ի սեփականատէր Թովմասեան ընտանիքին հետ լաւ ծանօթութիւն ունէր: Ու երթը շարունակեցինք` «Ակօս», «Ժամանակ», «Նոր Մարմարա» ու տակաւին:

Ճիշդ է, որ Մանուէլ կը խօսէր ինծի հետ, բայց ան շատ աւելիով կ՛ապրէր իր տունը` Պոլիսը եւ Մալաթիան: Յիշատակները մէկ-մէկ կը տողանցէին իր երեւակայութեան մէջ, մերթ հետս խօսելով եւ մերթ` իր ինքնութեան հետ: Մանուէլի հայկական տուներն էին, ուր ան ապրած է կեանք մը` անկախ թէ քառասուն տարիէ ի վեր հաստատուած է Ռոթերտամ, ուր եւս շինած է հայկական տուն: Այդ հայկական տան մէջէն Թագուհին եւ ինք դարձած են շատ յաջող գործարարներ, եւ իրենց մասին խօսիլ կու տան:

Մանուէլ նաեւ ապրած է հայուն «ցաւը»: Ան տեղացիներուն հետ կը խօսի հայուն եւ անոր ցաւին մասին:

Անցեալի յուշերէն եւ հոն ապրուած օրերէն պէտք է վերադառնայինք մեր ներկայ հանդիպումին: Մանուէլ նայեցաւ ինծի ու ըսաւ. «Հաճիս վայրկեան մը սպասէ»: Ան գնաց վաճառատան պահեստի բաժինը եւ վերադարձաւ իր հետ բերելով «Հին Արենի» հայաստանեան գինիի շիշ մը:

«Այս ալ խմէ` մեր հանդիպումը յիշելով», ըսաւ Մանուէլ:

Կրնա՞մ ըսել, որ յուզուած չէի: Անշուշտ յուզուեցայ: Ինչքան դիպուկ է Ուիլիըմ Սարոյեանի հետեւեալ խօսքը, թէ` «երբ երկու հայեր աշխարհի որեւէ տեղ հանդիպին, անոնք կը ստեղծեն նոր Հայաստան մը»:

Մանուէլ ու ես այդ օր Ռոթերտամի մէջ ստեղծեցինք «նոր Հայաստան» մը: Եթէ ոչ աշխարհագրականօրէն, բայց անպայման հոգիով, լեզուով, մշակոյթով, կենցաղով ու շատ աւելին: Վերջապէս Հայաստանը շատ աւելին է, քան աշխարհագրական տարածք: Ան հայուն համար կեանք է` ապրող եւ ապրեցնող: Ան տուն է` հայկական տուն, որուն ճամբով իւրաքանչիւր հայ կ՛ապրի իր ինքնութիւնը եւ իտէալը անկախ անկէ, թէ ֆիզիքապէս ո՛ւր կը գտնուի:

Պէտք էր հրաժեշտ առնէի Մանուէլէն: «Յաջորդ Պոլիս երթալուդ հաճիս իմ կողմէս բարեւէ բոլորին», ըսաւ Մանուէլ` իբրեւ հրաժեշտի խօսք մեր հանդիպումին:

Եւ ինչպէս չբարեւել Մանուէլի հայկական տան անդամներուն, բարեկամներուն եւ ընտանիքին:

Ու դարձեալ սփիւռքահայ մեր իրականութիւնները: Եւ քիչ մը ամէն տեղ` Ռոթերտամ ու այլուր:

Բոլորս տարածուած ենք աշխարհի տարբեր կողմերը: Այդ տարբեր կողմերը կերտած ենք հայկական տուներ: Հիանալի է, որ այս հայկական տուներուն մէջ ինչքան ՈՒԺ կայ: Այս ուժը միայն նիւթական չէ: Անիկա մարդուժի, մասնագիտութեան, փորձառութեան, գործարարական ու տակաւին շատ մը այլ բնագաւառներու մէջի ուժն է: Մանուէլը եւ Թագուհին մէկ օրինակն են այս ուժ-մարդուժին, արդարեւ, անոնք իրենց մասին խօսիլ կու տան իբրեւ շատ յաջող գործարարներ:

Եթէ այս ՈՒԺԵՐԸ համադրենք, կրնանք «լեռներ շարժել»: «Լեռները շարժելը»` աստուածաշնչական բացատրութեամբ, ուր կրնանք ընկալել իբրեւ մեր կեանքերը շարժել: Հայուն կեանքերը: Հայուն տուները: Հայուն հայրենիքը:

Այս հայկական տուներուն մէջ մեր հայկական ուժերը եթէ համադրենք եւ ներմուծենք մեր համահայկական ու հայաստանեան-սփիւռքեան շատ մը օրակարգերուն մէջ, նոր Հայաստաններ եւ նոր սփիւռքներ կրնանք կառուցել:

Մինչ այդ…

Մանուէլ կ՛ապրի իր հայկական տան ու տուներուն մէջ: Ես եւ իւրաքանչիւր հայ նաեւ կ՛ապրիմ-կ՛ապրինք իմ-մեր հայկական տան-տուներուն մէջ: Բայց բոլորս մեր հայկական տուներուն մէջէն կրնանք շատ բան ընել ու յաջողցնել:

Եթէ միայն հաւատանք մեր հայկական տուն-տուներուն եւ անոնց ստեղծած ՈՒԺԵՐՈՒՆ:

Մանուէլին հայկական տունը:

Իմ եւ իւրաքանչիւր հայուն հայկական տունը:

Բոլորս ու միասին` հաւաքաբար: Պիտի շինենք ու ամուր պահենք մեր հայկական տուները` Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ:

 

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Քուէյթ

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ԱՆԴԱՄ ԵՒ Հ.Մ.Մ.-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ՊՐՆ. ՄԻՍԱՔ ՆԱՃԱՐԵԱՆԻ ՀԵՏ 

Next Post

ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ 109-ԱՄԵԱԿԸ

Next Post
ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ 109-ԱՄԵԱԿԸ

ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ 109-ԱՄԵԱԿԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.