Կազմակերպութեամբ «Agenda Culturel» լիբանանեան ֆրանսախօս լրատուամիջոցի, 3- 6 Յուլիս 2024-ին, Պէյրութի զանազան շրջաններու մէջ «Պէյրութի Արուեստի օրեր» (Beirut Art Days) խորագրով արուեստի բազմաթիւ միջոցառումներ տեղի ունեցան:
Մասնագիտացած ըլլալով Լիբանանի մշակութային գործունէութեան խթանման գործին մէջ, «Agenda Culturel»-ը միակ տպագիր եւ առցանց ֆրանսախօս ամսագիրն է, որ 1994 թուականէն ի վեր կը գործէ: «Agenda Culturel»-ը մշակութային կեանքի զարգացման հիմնական դերակատարն է, որ կը հաղորդէ ու կը թուարկէ երկրի մշակութային կեանքը խթանող գործունէութիւններուն մասին:
«Agenda Culturel» յատուկ ծրագրով մը կոչ ուղղեց Պէյրութի եւ անոր շրջակայքը գտնուող բազմաթիւ պատկերասրահներու, թանգարաններու, թատրոններու եւ մշակութային կեդրոններու, որ իրենց մասնակցութիւնը բերեն «Պէյրութի արուեստի օրեր»-ու ձեռնարկին, իրենց սեփական տարածքներուն մէջ ներկայացնելու արուեստի աշխատանքները, եւ սոյն միջոցառումներու ծանուցումները «Agenda culturel» յանձն առաւ հրապարակելու։ Այս ծրագրի հիմնական նպատակը Պէյրութի մէջ զբօսաշրջիկներու եւ տեղացիներու համար խանդավառութիւն ստեղծելն էր արուեստի եւ մշակութային տարբեր ձեռնարկներով: Ուստի այս նախագիծը իրականացնելու համար իւրաքանչիւրը իր գործունէութիւնը ունեցաւ կազմակերպելով ցուցահանդէսներ, ներկայացումներ, սեփական հաւաքածոներու ցուցադրութիւններ, դասախօսութիւններ, համերգներ, բանավէճեր, գեղարուեստական շրջագայութիւններ, արուեստագէտի մեկնաբանութիւններ եւ շատ աւելին:
«Agenda Culturel»-ի նախաձեռնած այս իւրայատուկ շարժումը պատգամ մըն է աշխարհին, որ Պէյրութը որ ծանօթ է որպէս գեղեցկութեան եւ ստեղծագործութեան քաղաք, կը շարունակէ կանգուն մնալ որովհետեւ արուեստը Լիբանանի բաբախող սիրտն է։ Թէեւ աւելի քան 5 տարի է երկիրը դէմ-յանդիման կը գտնուի ու կը պայքարի ճգնաժամերու յաջորդականութեան դէմ, սակայն արուեստի եւ մշակոյթի տեսարանը աւելի քան եւս կը ծաղկի։
Իր կարգին, «Պատկեր» մշակութային կեդրոնը «Agenda Culturel»-էն ստացաւ Պուրճ Համուտը արուեստով շէնցնելու եւ աշխուժացնելու համար առաջարկ մը. անմիջապէս եւ առանց երկմտանքի «Պատկեր»-ի հիմնադիր եւ տնօրէնուհի Օրդ. Արփի Մանկասարեան ընդառաջեց այս առաջարկին եւ լծուեցաւ այս օգտաշատ գաղափարը իրագործելու: Ընկերային ցանցերու եւ ծանուցումներու միջոցաւ, յայտարարուեցաւ «Պատկեր»-ի մէջ տեղի ունենալիք շարք մը ձեռնարկներու մասին:
Թէեւ «Պատկեր»-ը շատերու հանրածանօթ եւ հարազատ հասցէ մըն է, սակայն անծանօթի համար կարելի է ներկայացնել, թէ կը գտնուի Պուրճ Համուտի Մարաշ թաղամասի մէկ խաղաղ անկիւնը, որ թէեւ հիմնականօրէն որպէս ճաշարան կը յիշուի, սակայն հայ մշակոյթի տուն մըն է եւ օտար միութիւններու համար հայերուն հետ գործակցելու կարեւոր կեդրոն մը։ «Պատկեր» կը հաւատայ, որ միասնականութեամբ կարելի է բարեփոխումներ կատարել եւ շատ կարեւոր է նոր սերունդին առիթներ ստեղծել եւ յոյս ներշնչել որպէսզի իր կարողութիւններն ու ձիրքերը զարգացնէ Լիբանանի մէջ։
«Պէյրութի արուեստի օրեր»-ու քառօրեայ խիտ ժամանակահատուածին մէջ «Պատկեր» կազմակերպեց շատ հետաքրքրական յայտագիր մը ու հրաւիեց արուեստագէտներ որպէսզի ներկայացնեն զրոյցներ, խտացուած դասախօսութիւններ, ելոյթներ եւ մշակութային այլ ձեռնարկներ։ Բազմաթիւ տեղացի եւ լիբանանահայ արուեստագէտներ իրենց մասնակցութեամբ նեցուկ կանգնեցան մշակութային օրերը ճոխացնելու համար:
Տեղին է նշել, թէ «Պատկեր»-ի վերջին նախաձեռնութիւններէն էր վերակենդանացնել եւ վերաշխուժացնել կաշեգործութեան արհեստը, որ յաջողութեամբ աւարտեցաւ Ապրիլ 2024-ին։ Բազմաթիւ խանդավառ երիտասարդներ, որոնք մասնակցած էին արհեստավարժութեան ծրագրին ու ստացած էին իրենց վկայագրերը, ներկայ գտնուեցան իրենց գործերը «Պատկեր» մշակոյթի տան ցուցադրասրահին մէջ ներկայացնելու համար, եւ ներկաներուն յայտնեցին իրենց ձեռք ձգած փորձառութիւններուն մասին։ Ինչպէս նաեւ ներկաները խորաթափանց եւ հետաքրքրական զրոյցներ ունեցան երիտասարդ նախագծողներու (designer) հետ։ Յատուկ այցելութիւններ կազմակերպուեցան Պուրճ Համուտի արհեստաւորներու արհեստանոցներ։ Նաեւ հաճելի ընթերցումներ կատարուեցան «Պատկեր»-ի նորատիպ եւ իւրայատուկ գրքոյկէն, որ կը ծանօթացնէ Պուրճ Համուտի մէջ կաշեգործութեան արհեստի զարգացման եւ արհեստաւորներու մասին։ Ասոնց կողքին կարճ վաւերագրական ժապաւէն մը եւս ցուցադրուեցաւ Պուրճ Համուտի աւանդական արհեստներու մասին:
Իսկ հայկական եւ մշակութային արժէքներու ծանօթացման եւ հայոց լեզուի խօսակցական տարրական նախադասութիւններ կազմելու համար, «Պատկեր»-ի բարեկամներ համախմբուեցան փոխանցելու համար իրենց գրական եւ մշակութային գիտելիքները ոչ-հայախօս ներկաներուն։ Հայկական խոհանոցի փառատօն մըն ալ կազմակերպուեցաւ ծանօթացնելու համար հայկական ճոխ ճաշացուցակը։ Հայկական պարարուեստի մասին յատուկ բացատրական դասախօսութիւն մը ներկայացուեցաւ, ինչպէս նաեւ ներկաներ հայկական պարի հիմնական շարժումներու փորձեր կատարեցին։ Անշուշտ այս ձեռնարկներու շարքը չէր ամբողջանար առանց հայկական ժողովրդական երեկոյ մը կազմակերպելու, ուր հայկական սիրուած ազգագրական երգեր ներկայացուեցան։
«Պատկեր» միշտ կը փորձէ աշխուժացնել ոչ միայն հայկական, այլեւ լիբանանեան մշակոյթը։ Մեկնելով այս գաղափարէն, տեղացի տաղանդաւոր կիթառահարներ «Charme de la Guitare» խորագրով դասական եղանակներու համերգ մը կազմակերպեցին։ Իսկ տեղական «Թարապ» երաժշտութեան մեկնաբաններ ճոխացուցին «արեւելեան երեկոն»՝ ուտի, սրինգի եւ հարուածային գործիքներու մեղեդիներու ներդաշնակութեամբ։
Վստահաբար «Պատկեր»-ի կազմակերպած զանազան ձեռնարկներուն եւ միջոցառումներուն ներկայ գտնուողներ աւելցուցին իրենց մշակութային գիտելիքներու պաշարը եւ պիտի փափաքին միշտ ներկայ գտնուիլ «Պատկեր»-ի այլ ձեռնարկներուն։
ՔԱՐԷՆ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ