Թիւ 27
«Արեւելեան Թուրքիոյ շրջանը, Վանայ լիճին շուրջը, սիրտն էր Հայաստանի վաղեմի քրիստոնէական թագաւորութեան: Իր ժամանակին, հարուստ էր անիկա ճարտարապետական մեծ շահեկանութիւն ունեցող եկեղեցիներով եւ վանքերով: Երկար տարիներ այս շրջանը դժուարամատչելի էր: Այժմ ճանապարհորդներ ի յայտ կը բերեն, թէ այս կոթողներէն շատեր աւերակի վիճակին կը մատնուին կամ փաստօրէն կ’անյայտանան քանի քիւրտ գիւղացիներ զանոնք կը գործածեն իբրեւ քարանոց…»:
Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս, «Հող, մարդ եւ գիր» գիրքէն
Հազարամեակներու խորքէն եկող մեր ժողովուրդը դէմ կրցած է դնել հազարաւոր մարտահրաւէրներու: Պայքարած է, դիմացած է իր հողին վրայ ներխուժող ուժերու դէմ: Ասորեստան, Պարսկաստան, Մակեդոնիա, Հռոմ, Բիւզանդիոն, մոնկոլ-թաթարներ, սելճուքներ, մեմլուքներ, օսմանցիներ եւ շատ այլ ուժեր եղած են անոնք: Անոնցմէ մաս մը քաղաքակրթուած բարբարոս, ուրիշ մաս մը՝ անկիրթ եւ արիւնարբու: Քանի՜-քանի՜ նահատակներ տուած է մեր ազգը այդ ճամբուն վրայ: Սակայն, հողի կորուստը եւ հազարաւոր տարիներու մեր հայրենի օրրանին կորուստը հոգեբանական մեծ հետք ձգած է մեր ժողովուրդի զաւակներուն վրայ: Հայրենի հողը մնացած է առանց իր բնիկ, հարազատ ժողովուրդին: Քոչուոր ցեղերը նստած են հայուն տեղը, որովհետեւ հայը դարձուցած են տարագիր ու սփռած են զայն աշխարհի տարբեր երկիրներ: Հողին վրայ մնացածներն ալ չեն ուզեր յայտնել իրենց ինքնութիւնը արիւնարբու գրաւողին պատիժին չենթարկուելու համար: Ո՞վ հոգ պիտի տանի հայու եկեղեցիին եւ վանքին: Հայ մարդն էր որ իր աչքի լոյսին նման կը պահէր իր նախնիներէն մնացած այդ սրբատաշ քարերը եւ կոթողները, մեր վանքերը, եկեղեցիները եւ բերդերը: Հայուն հեռանալով հողը եւ հողին վրայ շինուածը դարձան օտար: Գրաւողին վերջին հոգն էր մշակութային արժէքը: Ան շահագործողն էր այդ բոլորին: Ինք չէր շինած, իսկ շինողը դադրած էր գոյութիւն ունենալէ հողին վրայ: Դիմանալ պէտք է: Ուրիշ ճար չունինք որպէս հին ցեղի մը զաւակները: Պիտի դիմանանք պահելով մեր մշակոյթը ուր որ ալ ըլլանք: Մշակութային արժէքը պահելով պիտի սորվեցնենք մեր զաւակներուն, թէ լեզուն եւ մշակոյթն են որ մեզ պահած են հայ: Անոնցմէ հեռանալը ուծացումի եւ ձուլումի առաջին քայլերն են: Դիմանալ է պէտք, հայ մարդուն արժէքը բարձրացնելով, որպէսզի չդառնայ անդէմ թիւ մը այս կուլ տուող աշխարհին մէջ: Հայուն իմացնելով թէ զաւակն է հզօր, ազնուական ազգի մը, որ շատ բան տուած է համաշխարհային մշակոյթին ու տակաւին շատ բան ունի տալիք:
Արեւմտահայ եկեղեցական գործիչ Գարեգին եպիսկոպոս Սրուանձտեանց եւ ամերիկացի գրող Էտկար Ալէն Փօ հիւրերն են մեր այսօրուան «Մշակոյթի անդրադարձ»ին: Այս ստեղծագործող մարդիկ շատ բան տուին մեզի, Աշխարհի մշակոյթին: Անոնք իրենց կեանքով եւ գործով փաստեցին, որ յաւերժականը ոչ-նիւթական, հոգեկան աշխարհն է: Ան է որ մեզի պիտի ապահովէ յաւիտենական կեանք, մեր մարմնի միակ յաւերժական մասին՝ հոգիին միջոցով: Որքան բարձրանանք հոգեկան աշխարհի գաղտնիքներու իմացութեան մէջ, այնքան պիտի սիրենք այդ կեանքը ու դառնանք այդ կեանքի ուղին փնտռող անհատներ: Սրուանձտեանց հայ գիւղացին կապեց իր հողին, մշակոյթին: Անոր ցոյց տուաւ աստուածահաճոյ կեանք վարելու, հողէն բարիք արտադրելու ճամբան: Ցոյց տուաւ հողին արժէքը: Իսկ Էտկար Ալէն Փօ իր ներկայցուցած երեւակայական պատկերներու խորքին մէջ դրաւ այս աշխարհի գնայուն ըլլալը: Մարդուն կեանքը ակնթարթ մըն է միայն Տիեզերքի հսկայ գոյութեան մէջ: Ճակատագիրէն փախուստ չկայ մարդուն համար այս կեանքին մէջ: Տառապող մարդկութեան հարցերը ներկայացնողն են անոնք:
ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
ԳԱՐԵԳԻՆ ԵՊՍ. ՍՐՈՒԱՆՁՏԵԱՆՑ (1840-1892)
Գարեգին եպիսկոպոս հոգեւորական, բանասէր-բանահաւաք, ազգագրագէտ, հասարակական գործիչն էր։ Իրմով կը սկսի դէպի գաւառ գրականութեան շարժումը, որոնցմէ նշանաւոր են Թլկատինցին, Ռուբէն Զարդարեանը եւ ուրիշ գրողներ։ Սասունցի Դաւիթ դիւցազնավէպին առաջին արձանագրութիւնը կատարած է Մշոյ Առնիստի գիւղացի Կրպոյի բերնէն։
Ծնած է Վան: Փոքր տարիքէն յաճախած է տեղական դպրոցը: 12 տարեկանին երկու ընկերներու հետ փախած է դպրոցէն եւ գացած Վարագայ վանք՝ Խրիմեան Հայրիկին բացած Ժառանգաւորաց վարժարանը յաճախելու։ 1860-էն մինչեւ 1862 աշխատակցած է Խրիմեան Հայրիկի «Արծուի Վասպուրական» թերթին, որուն մէջ լոյս ընծայած է յօդուածներ, արծարծելով ազգային-ազատագրական պայքարի գաղափարներ, եւ Պոլսոյ «Մասիս»ին, Թիֆլիսի «Մեղու»ին եւ Իզմիրի «Արեւելեան մամուլ»ին։ 1863-էն մինչեւ 1865 Մշոյ Ս. Կարապետ վանքին մէջ խմբագրած է «Արծուիկ Տարօնոյ» նորաբաց երկշաբաթաթերթը Խրիմեան Հայրիկի քաջալերանքով:
Խրիմեանի հետ իբրեւ նուիրակ ու քարոզիչ, 1860-1861 թուականներուն կը շրջագայի հայոց գաւառները եւ իր ակնարկներուն ու թղթակցութիւններուն մէջ ճշմարտացիօրէն կը նկարագրէ հարստահարիչներէն հայ աշխատաւորութեան կրած տառապանքները։ Մեր ժողովուրդին հոգեմտաւոր ժառանգութեան շնչաւոր «հանրագիտարան»ը կը հանդիսանայ Գարեգին եպս. Սրուանձտեանց, որ հայոց առակներն ու առածները, հեքիաթներն ու դիւցազնապատումները, ազգային-հայրենասիրական երգերն ու տենչերը կը քաղէ իր ժողովուրդին շրթներէն, իր սիրտին եւ միտքին հնոցով կը մշակէ ու կը յղկէ զանոնք եւ, ամէնէն կարեւորը, հարազատօրէն ժառանգ կը յանձնէ յաջորդող սերունդներուն։ Այդ յօդուածները գրաւած են օսմանեան կառավարութեան ուշադրութիւնը եւ ենթարկուած է գաղտնի հսկողութեան։ Շրջագայութեան ընթացքին Սրուանձտեանց հաւաքած եւ պարբերաբար հրապարակած է նաեւ ժողովրդական բառ ու բանի նմուշներ։
Իր նախաձեռնութեամբ դպրոցներ բացուած են հայկական տարբեր բնակավայրերու մէջ։
Իրմով նոր դարաշրջան մը կը բացուի աշխարհաբարի եւ գրական աշխարհայեացքի հայացման առումով։ Եթէ մինչ այդ եւրոպականացման ճիգը տիրական էր թէ՛ հայերէնի մշակման եւ թէ՛ ազգային-հայրենասիրական ապրումներու գեղարուեստականացման մէջ, Սրուանձտեանցով կը սկսի հայրենի հողին ու մարդուն հարազատութեամբ առաջնորդուելու մօտեցումը, որուն արգասիքը կ’ըլլան հայ գեղապաշտ գրականութեան հետագայ նուաճումները։
1864-ին կը ձեռնադրուի վարդապետ եւ իբրեւ ուսուցիչ կը գործէ Վանի եւ Պոլսոյ մէջ։ 1866-ին լոյս կ՛ընծայէ հայերէնի «Նոր ընթերցարան» դասագիրքը, որ մինչեւ 1880-ականներու վերջերը կ’օգտագործուի ազգային վարժարաններու կողմէ։ 1867-1869 թուականներուն կը ստանձնէ Կարնոյ վարժարաններու լիազօր տեսուչի պաշտօնը: 1869-ին կը նշանակուի Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքին վանահօր փոխանորդ, միաժամանակ՝ սահմանադրութեան գործադրիչ Վասպուրականի մէջ: 1872-ին կը մասնակցի Վանի մէջ կազմակերպուած «Միութիւն եւ փրկութիւն» ազգային-ազատագրական գաղտնի խմբակի ստեղծման գործին։
1879-էն մինչեւ 1880, ռուս-թրքական պատերազմէն անմիջապէս ետք, Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք Ներսէս Վարժապետեանին յատուկ կոնդակով, Սրուանձտեանցի կը յանձնարարուի շրջիլ «ի բնագաւառս մայրենի եւ տեղագրել զամենայն ամենայնի»: Ան կը շրջի հայկական զանազան գաւառները վիճակագրելու եւ ցուցակագրելու համար հայութեան թիւը, աւանդութիւններն ու հայ եկեղեցիներն ու վանքերը։ Այդ շրջանի իր գրառումներով հանդէս կու գայ ժամանակի Պոլսոյ, Թիֆլիսի եւ Զմիւռնիոյ հայ մամուլի էջերուն («Մասիս», «Արեւելեան մամուլ», «Կռունկ հայոց աշխարհին», «Մեղու Հայաստանի» եւ այլն)։ Անոր գրական-բանասիրական վաստակը հաւաքուած է «Մանանա», «Համով-Հոտով», «Գրոց-Բրոց», «Թորոս աղբար», «Հնոց-Նորոց» եւ այլ անուններով տասնեակներով հատորներու մէջ։
1879-1881 թուականներուն, կը նշանակուի Վանի վիճակաւոր՝ հոգեւոր առաջնորդի (թեմակալի) փոխանորդ-օգնականը, կը մասնակցի «Սեւ խաչ» հայրենասիրական գաղտնի կազմակերպութեան աշխատանքներուն։ 1881-ին կառավարութեան հրամանով կը հեռանայ Վանէն, ժամանակաւոր կերպով վիճակաւոր առաջնորդի պաշտօն կը վարէ Բաղէշի (Պիթլիս), ապա՝ Խարբերդի մէջ:
1885-ին կը մեկնի Էջմիածին, ուր կը ձեռնադրուի եպիսկոպոս։ Կը շարունակէ գրել, այս անգամ «Վարդ» ծածկանունով, Պոլսոյ «Երկրագունտ» թերթին մէջ։
Կ’ընտրուի Կարնոյ եւ Տրապիզոնի՝ համայնքներու առաջնորդ, սակայն թրքական կառավարութեան աչքին լաւ չեն երեւիր իր քարոզներն ու յօդուածները ու ստիպուած կ’ըլլայ Պոլիս մեկնիլ. հոն խիստ հսկողութեան տակ կը դառնայ քարոզիչը Բերայի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ: Ուսուցչական պաշտօն կը վարէ Ղալաթիոյ կեդրոնական վարժարանին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Կրօնական ժողովի ատենապետի պաշտօն։ Ազգագրութեան ու հնագիտութեան բնագաւառին մէջ կատարած բեղմնաւոր գործունէութեան համար, Սրուանձտեանց Փեթերսպուրկի կայսերական հնագիտական ակադեմիային պատուաւոր անդամ կ’ընտրուի։
«Նարեկայ վանք» գրութիւնը առնուած է իր «Համով-Հոտով» հատորէն: Ան գեղեցիկ նկարագրութիւնն է Նարեկայ վանքին ու այդ ձեւով հայ մարդը կը կապէ իր կրօնական ու ազգային արժէքներուն: Նկատի առնել օգտագործուած լեզուն, որ կը համարուի անցում մը գրաբարի ու աշխարհաբարի միջեւ:
Նարեկայ վանք
Ժամու մը չափ հեռի Նոր Գիւղէն, յաջ կողմն շեղելով, կը բարձրանանք բլրադաշտիկի մը գոգը. Եւ ահասխրալի տեսարանով մը կը բացուի Նարեկ գիւղը մեր աչաց առջեւ, որոյ մէկ կուշտը բարձիկի նման դիրքի վրայ, շքեղ վսեմութեամբ, իրեն կը կապէ նայողին բիբերն ու սիրտը՝ երկնանման տաճարն Նարեկայ վանուց: Ոչ եւս կրնայ մարդ նայիլ գիւղին, գեղացւոյն, գեղեցկութեանց բնութեան, եւ բնակչաց աշխատութեամբ զեղեալ բարութեան: Աստեղատանց կամարէն հիանալի կ’երեւի գմբէթն Նարեկայ ու զանգակատունն. Եւ ձայն զանգակահար կոչնակին անլսելի կ’ընէ գեղի հօտաղներուն եւ մացառաց բիւլբիւլին ձայները, որ քաղցրախառն ներդաշնակութեամբ կը լնուն այդ դրախտին բլուրը, եւ արձագանգը կու տան կ’առնուն շրջակայ լերանց եւ երկնից կամարաց հետ:
– Հո՛ղը սուրբ, ջուրը սուրբ, քարը սուրբ, խոտը սուրբ, ծառը սուրբ, օդը սուրբ, արեւը սուրբ, ամենայն ինչ սուրբ է. տեղւոյս ամէնուն դիպեր է սուրբ Նարեկացւոյն ձեռքը, ոտքը, շունչը, ձայնը, հառաչանքն, օրհնէնքը….: Ափսո՜ս սակայն, մարդն՝ որ կը բնակի այս տեղը՝ ինչո՞ւ չեմ կրնար ըսել սուրբ…:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
ԷՏԿԱՐ ԱԼԷՆ ՓՕ (1809-1849)
Էտկար Ալլէն Փօ նշանաւոր 19-րդ դարու ամերիկացի գրող է, բանաստեղծ եւ գրական քննադատ: Ան նշանաւոր է իր բանաստեղծութեամբ եւ պատմուածքներով: Պատմուածքներուն նիւթը երեւակայական է եւ կապ ունի մահուան հետ: Ճակատագրապաշտ անձ մըն էր Փօ եւ իր կարճ կեանքի ընթացքին միշտ այս նիւթն էր որ ներկայացուց իր բոլոր երեսներով: Սեւ թռչուններ, մահ, տարօրինակ ձեւով թաղուած էակներ նիւթերն էին իր պատմուածքներուն, որոնք այդ օրերուն մեծ հռչակ ապահովեցին իրեն որպէս վախազդու եւ անակնկալ ներկայացնող հեղինակ: Գիտական եւ քննչական երեւակայական պատմուածքներու ռահվիրան էր ան: Մնաց այն քիչ հեղինակներէն, որոնք կրցան ապրուստ ապահովել գրելով միայն:
Անապահով մանկութիւն եւ պատանեկութիւն մեծ ազդեցութիւն ձգեցին երիտասարդ Էտկարի վրայ: Ծնունդէն մէկ տարի ետք հայրը հեռացաւ տունէն, իսկ մայրը մահացաւ մէկ տարի ետք: Մեծցաւ օտար ընտանիքի մը յարկին տակ: 1845 թուականին գրեց «The Raven» բանաստեղծութիւնը, որ մեծ հռչակ ապահովեց իրեն: Նիւթը թռչունի մը ազդեցութիւնն է մարդոց կեանքին վրայ: Փօ կը հաւատար բնութեան մէջ գտնուող աներեւոյթ ուժերու, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունէին մարդոց կեանքին վրայ: Այդ թռչունն ալ իր սեւ փետուրներով մահ բերաւ իր այցելած ընտանիքին:
«The Mask of the Red Death» պատմուածքը իշխանի մը պատմութիւնն է, որ պալատին մէջ հիւրախաղ կը կազմակերպէ, մինչ պարիսպէն դուրս քաղաքին մէջ մարդիկ ժանտախտէ կը մեռնին: Ինքզինք ապահով կը կարծէ իշխանը, սակայն կը մոռնայ որ ճակատագիրը մարդը կը հալածէ նոյնիսկ պարիսպներու ետեւ եթէ պահուըտի… եւ մահը կը հասնի իրեն չսպասուած ձեւով:
Կարմիր մահու դիմակը
«Կարմիր մահը» շատոնց աւերած էր երկիրը։ Ոչ մէկ ժանտախտ երբեք այսքան մահացու կամ այդքան սարսափելի չէր եղած: Արիւնը անոր նշանն էր եւ կնիքը՝ արեան կարմրութիւնն ու սարսափը: Եղան սուր ցաւեր եւ յանկարծակի գլխապտոյտ, իսկ յետոյ վէրքերը կ’արիւնէին։ Կարմիր գոյնի բիծերը մարմնին վրայ եւ յատկապէս զոհի դէմքին, որ զինք հեռու կը պահէր իր ընկերներու օգնութենէն եւ համակրանքէն: Իսկ հիւանդութեան ամբողջ տարածումը ու աւարտը կէս ժամուան հարց էր:
Բայց արքայազն Փրոսփերօ երջանիկ էր, անվախ եւ խելամիտ: Երբ անոր իշխանապետութիւնը կիսով չափ ամայացաւ, ան իր քով կանչեց իր արքունիքի ասպետներէն ու տիկիններէն հազարաւոր խենթ ու թեթեւամիտ ընկերներ, եւ անոնց հետ հեռացաւ դէպի իր ամրոցային վանքերէն մէկը: Սա ընդարձակ եւ հոյակապ կառոյց էր՝ արքայազնի սեփական տարօրինկան ճաշակին համակերպող: Ամուր ու բարձր պարիսպը կը գօտեպնդէր զինք։ Այս պարիսպը ունէր երկաթէ դարպասներ։ Պալատականները, ներս մտնելով, վառարաններ ու մուրճեր բերին եւ ամրացուցին պտուտակները։ Անոնք որոշեցին ոչ թոյլ տալ ներս մտնել եւ ոչ ալ դուրս ելլել դուրսէն յուսահատութեան կամ ներսէն մոլեգնութեան յանկարծակի մղումներու պատճառով: Վանքը բաւական ապահով էր։ Նման նախազգուշական միջոցներով պալատականները կրնան գրաւ դնել վարակին դէմ: Արտաքին աշխարհը կրնար ինքզինքին հոգ տանիլ: Նոյն ատեն տխուր ըլլալը կամ մտածելը յիմարութիւն էր։ Արքայազնը տրամադրած էր հաճոյքի բոլոր յարմարութիւնները։ Կային հտպիտներ, կային դերասաններ, պալէ պարողներ, կային երաժիշտներ, կար թղթախաղ, կար գեղեցկութիւն, կար գինի: Այս ամէնը եւ ապահովութիւնը ներսն էին։ Դուրսն էր «Կարմիր մահը»:
Այս մեկուսացումի հինգերորդ կամ վեցերորդ ամսուան վերջաւորութեան, եւ մինչ ժանտախտը կը մոլեգնէր դուրսը, արքայազն Փրոսփերօ իր հազար ընկերները հրաւիրեց դիմակահանդէսի մը: Հաճելի տեսարան էր այդ դիմակահանդէսը:
Սակայն, բոլոր ներկաները, կարծես, հիմա զբաղած էին անծանօթով մը, որուն հագուստը յարմար չէր այս առիթին: Դիմակով անձը բարձրահասակ էր ու նիհար, եւ ոտքէն գլուխ պատուած էր գերեզմանի բարքերով: Դիմակը, որ կը թաքցնէր դէմքը, պատրաստուած էր այնպէս, որ նման ըլլար կոշտացած դիակի դէմքին: Անոր հագուստը կարծես թաթխուած էր արեան մէջ, եւ անոր ճակատը ու դէմքը կը կրէին մահուան գոյնը:
Երբ արքայազն Փրոսփերոյի աչքը ինկաւ այս տարօրինակ անձին վրայ, ան ջղայնացաւ առաջին իսկ պահուն, սարսափի կամ զզուանքի ուժեղ սարսուռով. ապա, անոր դէմքը կարմրեցաւ զայրոյթէն։ «Ո՞վ կը համարձակի»: Ան խռպոտ հարցուց իր շուրջը կանգնած խումբին. «ո՞վ կը համարձակի այդպէս ծաղրել մեր դժբախտութիւնները։ Հանեցէք դիմակը, որպէսզի մենք իմանանք, թէ ով պէտք է կախենք վաղը արեւածագին պատերէն: Ոչ ոք չ’ուզե՞ր կատարել խնդրանքս: – Բռնեցէ՛ք զինք եւ հանեցէ՛ք, կ’ըսեմ, սրբապղծութեան այդ կարմրած զգեստները։
… Եւ անոնք նայեցան մահուան դէմքին: Հիմա ընդունուեցաւ Կարմիր մահուան գոյութիւնը: Գիշերը գողի պէս եկած էր։ Եւ մէկ առ մէկ ինկան բոլոր ներկաները իրենց խրախճանքի արիւնոտ սրահներուն մէջ, եւ իւրաքանչիւրը կը մահանար իր անկումի յուսահատ ձեւով։ Սրահի մեծ ժամացոյցը կանգ առաւ եւ մարեցան եռոտանիներու բոլոր բոցերը: Եւ խաւարն ու քայքայումը եւ կարմիր մահը անսահմանափակ տիրապետեցին բոլորին վրայ:
ՊՐԻՍՄԱԿ