Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՀ ԱԳ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ԱՄՆ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆ ՌՈՃԸՐ ՈՒԻՔԸՐԻ ԳԼԽԱՒՈՐԱԾ ԳՈՆԿՐԷՍԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

July 8, 2024
in Հայաստան
0
ՀՀ ԱԳ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ԱՄՆ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆ ՌՈՃԸՐ ՈՒԻՔԸՐԻ ԳԼԽԱՒՈՐԱԾ ԳՈՆԿՐԷՍԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

 

ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է ԱՄՆ ծերակուտական Ռոճըր Ուիքըրի գլխաւորած գոնկրէսական պատուիրակութիւնը։

Զրուցակիցները քննարկած են ՀՀ-ԱՄՆ քաղաքական երկխօսութեան օրակարգային, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն առնչուող հարցեր:

ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը ընդգծած է. «Վերջին շրջանին ԱՄՆ-ի հետ մենք ձեւաւորած ենք աշխոյժ երկխօսութիւն տարբեր մակարդակներու վրայ, եւ շատ կարեւոր է, որ մօտ մէկ ամիս առաջ կայացուցինք համատեղ որոշում՝ բարձրացնել մեր համագործակցութեան մակարդակը ռազմավարական գործընկերութեան»:

Արարատ Միրզոյեան յաւելած է, որ ՀՀ-ԱՄՆ համագործակցութեան զարգացումը միտուած է նաեւ ՀՀ դիմակայունութեան ամրապնդման, ինչ որ հայկական կողմը բարձր կը գնահատէ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու ընթացքին եւ արձանագրուած նշանակալի յառաջընթացին, ինչպէս նաեւ ներկայիս աշխարհաքաղաքական զարգացումներու պայմաններուն մէջ ժողովրդավարական զարգացման ճանապարհին հանդիպող շարունակական մարտահրաւէրներուն:

Քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր: ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը ներկայացուցած է Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան ու երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման ՀՀ տեսլականը, այդ շարքին՝ հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասով: Ատրպէյճանի հետ ընթացող գործընթացներու ծիրին մէջ, Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է 1991թ. Ալմա-աթայի հռչակագրի հիման վրայ սահմանազատման գործընթացի շարունակականութեան ապահովման եւ բանակցուած խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման կարեւորութիւնը:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային կապուղիներու ապաշրջափակման, ինչպէս նաեւ մարդասիրական բնոյթի հարցերու:

ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը եւ ԱՄՆ խորհրդարանականները միտքեր փոխանակած են Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ:

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆԸ՝ ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ ՄԷՋ. ՍՈԼԻՍ ԹԱՏՐՈՆԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ԵՐԱԺՇՏԱՀԱՆԻՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳ

Next Post

ՇՈՒՐՋ 70 ՏԱՐՈՒԱՆ ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ԼՌՈՒԹԵՆԷ ԵՏՔ ԱՍՈՐԻՆԵՐԸ, ՔԱՂԴԷԱՑԻՆԵՐԸ, ՆԵՍՏՈՐԱԿԱՆ ԱՇՈՒՐԻՆԵՐԸ ՔԱՆԻ ՄԸ ՏԱՐԻԷ Կ’ՈԳԵԿՈՉԵՆ 1915 Թ.-Ի «ՍԷՅՖՕ» ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post
ՇՈՒՐՋ 70 ՏԱՐՈՒԱՆ ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ԼՌՈՒԹԵՆԷ ԵՏՔ  ԱՍՈՐԻՆԵՐԸ, ՔԱՂԴԷԱՑԻՆԵՐԸ, ՆԵՍՏՈՐԱԿԱՆ ԱՇՈՒՐԻՆԵՐԸ ՔԱՆԻ ՄԸ ՏԱՐԻԷ Կ’ՈԳԵԿՈՉԵՆ 1915 Թ.-Ի «ՍԷՅՖՕ» ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

ՇՈՒՐՋ 70 ՏԱՐՈՒԱՆ ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ԼՌՈՒԹԵՆԷ ԵՏՔ ԱՍՈՐԻՆԵՐԸ, ՔԱՂԴԷԱՑԻՆԵՐԸ, ՆԵՍՏՈՐԱԿԱՆ ԱՇՈՒՐԻՆԵՐԸ ՔԱՆԻ ՄԸ ՏԱՐԻԷ Կ'ՈԳԵԿՈՉԵՆ 1915 Թ.-Ի «ՍԷՅՖՕ» ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.