Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՇՈՒՐՋ 70 ՏԱՐՈՒԱՆ ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ԼՌՈՒԹԵՆԷ ԵՏՔ ԱՍՈՐԻՆԵՐԸ, ՔԱՂԴԷԱՑԻՆԵՐԸ, ՆԵՍՏՈՐԱԿԱՆ ԱՇՈՒՐԻՆԵՐԸ ՔԱՆԻ ՄԸ ՏԱՐԻԷ Կ’ՈԳԵԿՈՉԵՆ 1915 Թ.-Ի «ՍԷՅՖՕ» ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

July 8, 2024
in Յօդուածներ
0
ՇՈՒՐՋ 70 ՏԱՐՈՒԱՆ ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ԼՌՈՒԹԵՆԷ ԵՏՔ  ԱՍՈՐԻՆԵՐԸ, ՔԱՂԴԷԱՑԻՆԵՐԸ, ՆԵՍՏՈՐԱԿԱՆ ԱՇՈՒՐԻՆԵՐԸ ՔԱՆԻ ՄԸ ՏԱՐԻԷ Կ’ՈԳԵԿՈՉԵՆ 1915 Թ.-Ի «ՍԷՅՖՕ» ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Բազմաթիւ ոգեկոչման հանդիսութիւններով, իրենց օրրան Սուրիոյ (Գամիշլի), Թուրքիոյ (Տիարպեքիր), Քիւրտիստան Իրաքի (Տհօք, Էրպիլ), Հայաստանի (Դուին, Արզնի), Գերմանիոյ (Վիսպատէն), Պելճիքայի (Պրիւքսէլ), Շուէտի (Սթոքհոլմ) եւ այլ ոստաններու մէջ, «Սէյֆօ» ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացին շուրջ կէս միլիոն ասորի, քաղդէացի, նեստորական աշուրի անմեղ քաղաքացիներ, հազարաւորներ ալ բռնագաղթի եւ սովամահութեան ենթարկուեցան, նոյնինքն Լիբանանի մէջ ալ:

Քանի մը շաբաթ առաջ ասորական եւ քրտական հեռատեսիլի ալիքներուն մէջ իրագործած հարցազրոյցի ընթացքին «Սէյֆօ» ոգեկոչման միջազգային համագումարի առիթով (Գամիշլիի մէջ), հայց տուինք թէ ինչո՞ւ համար 70 տարուայ լռութենէ ետք ասորի-քաղդէացի նեստորական աշուրի ազգութիւնները, որոնք 3000 տարիէ ի վեր կ’ապրին եւ քաղաքակրթութիւններ ստեղծած են Սուրիոյ, Իրաքի, Թուրքիոյ, Իրանի, Հայաստանի տարածքներուն մէջ, յանկարծ սկսած են ոգեկոչել 1915 թ.-ին իրենց դէմ գործուած ահաւոր ոճիրները, թրքացումները, թալանն ու ցեղասպանութիւնը: Յիշեցնենք որ «Չելլօ»-ները Հիւսիսային Իրանի ասորիներու ֆետայական խումբերն էին, որոնք մարտնչեցան հնչակեան զինեալ խմբաւորումներուն հետ, փրկելով անթիւ կեանքեր:

Ինչպէս ասորի-քաղդէացի-նեստորական աշուրի ազգութիւններուն դէմ ցեղասպանական արարքները կրկնուեցան 1914 թ.-էն սկսեալ, Իրաքի Նինուէ հովիտին, հիւսիսային Սուրիոյ, Թուրքիոյ մէջ «Իսլամական պետութիւն» կոչուած եւ «Տաէշ» յորջորջուած արիւնախումներու կողմէ, նոյն թրքա-ազերիական ոճով, տեղի ունեցան 2020-2023 թուականներուն Արցախի եւ Հայաստանի 3000 տարուան ազգաբնակչութեան դէմ 21-րդ հազարամեակի ցեղասպանական արարքները:

Ասորի-քաղդէացի-նեստորական աշուրիները իրենց հերոս նահատակներով մասնակցեցան արցախեան վերջին գոյամարտերուն: Իսկ հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ մէջ, անոնք «Սուրիական ժողովրդավար ուժեր» ազատագրական բանակի, «Ասորական ռազմական ատեան»-ի, «Սոթորօ» (Ռազմական ոստիկանութիւն) մարտիկներով, իրենց քիւրտ եւ հայ եղբայրներուն հետ արժանի պարտութեան մատնեցին «Տաէշ»-ը եւ անոնց սատարող թրքական պետութեան ոճրապետերը, Էրտողանի գլխաւորութեամբ: Անոնցմէ կարելի է յիշել Քինօ Գաբրիէլը, Արամ Հաննան, Աքքար Հաննան, Էլիզապէթ Ղավրիէ, Նազիրա Գուրիէ, Հաննա Սօմի եւ ուրիշներ:

Այսօր արդէն շուրջ 90.000-նոց բանակ մը գոյութիւն ունի այնտեղ, միջազգային խաղաղապահ զօրքերու կողքին, որոնք հզօր պատուար են բոլոր ջարդարարներու եւ անոնց գործակալներուն դէմ:

Ժամանակն է արդէն, որ ոչ միայն «Սէյֆօ» եւ Հայոց ցեղասպանութիւն ոգեկոչել, այլեւ միացեալ ջանքերով կերտել նոր արշալոյս Միջին Արեւելքի բազմաչարչար ժողովուրդներու պաշտպանութեան եւ արդարութեան հաստատման համար:

 

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

Share61Tweet38
Previous Post

ՀՀ ԱԳ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ԱՄՆ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆ ՌՈՃԸՐ ՈՒԻՔԸՐԻ ԳԼԽԱՒՈՐԱԾ ԳՈՆԿՐԷՍԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ

Next Post
ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ  ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ

ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.