Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆԸ՝ ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ ՄԷՋ. ՍՈԼԻՍ ԹԱՏՐՈՆԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ԵՐԱԺՇՏԱՀԱՆԻՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳ

July 8, 2024
in Հայաստան
0
ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆԸ՝ ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ ՄԷՋ.  ՍՈԼԻՍ ԹԱՏՐՈՆԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ԵՐԱԺՇՏԱՀԱՆԻՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳ

 

Ուրուկուէյի ամենահեղինակաւոր համերգասրահին՝ Սոլիս թատրոնին մէջ, տեղի ունեցած է աշխարհահռչակ հայ երաժշտահան Արամ Խաչատրեանի 120-ամեակին նուիրուած համերգ:

Բացառիկ համերգի շրջանակներուն մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը՝ Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանին հետ համագործակցութեամբ, Սոլիս թատրոնին մէջ ներկայացուցած է նաեւ Արամ Խաչատրեանի՝ 1957 թուականին Ուրուկուէյ կատարած այցի լուսանկարներու ցուցահանդէս:

Տուն-թանգարանի բարեկամ, Ուրուկուէյի «Ռատիօ Արաքս»-ի տնօրէն Տիեկօ Գարամանուկեանի ջանքերով Արամ Խաչատրեանի 120-ամեայ յոբելեանին առիթով հրատարակուած անգլիալեզու պատկերագիրքը յանձնուած է Ուրուկուէյի մէջ ՀՀ դեսպան Մարիամ Գէորգեանին եւ Մոնթեվիտէոյի ֆիլհարմոնիային:

ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ կայացած այս համերգի ընթացքին ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ, անուանի դաշնակահար Հայկ Մելիքեանը՝ Մոնթեվիտէոյի ֆիլհարմոնիկ նուագախումբին հետ եւ խմբավար Ալվարօ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ, ներկայացուցած է Արամ Խաչատրեանի հանրայայտ դաշնամուրային համանուագը: Երեկոյի ընթացքին Մոնթեվիտէոյի ֆիլհարմոնիկ նուագախումբին կատարմամբ հնչած են նաեւ Արամ Խաչատրեանի հանրայայտ այլ ստեղծագործութիւններ, այդ շարքին՝ «Դիմակահանդէս»-ի վալսը, «Զանգեզուրի քայլերգը», «Գայիանէ» պալետէն հատուածներ եւ այլն:

ՀՀ դեսպանութեան հրաւէրով՝ համերգին ներկայ գտնուած են նաեւ Ուրուկուէյի Արտաքին յարաբերութիւններու նախարարութեան եւ այլ պետական գերատեսչութիւններու աշխատակիցներ, երկրին մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներ:

Համերգին հետեւած ընդունելութեան ընթացքին դեսպան Մարիամ Գէորգեանը շնորհակալագրերով պարգեւատրած է դաշնակահար Հայկ Մելիքեանը եւ խմբավար Ալվարօ Յակոբեանը՝ Արամ Խաչատրեանի երաժշտական ժառանգութիւնը Ուրուկուէյի մէջ լաւագոյնս ներկայացնելու համար:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱԺ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՄՆ ԳՈՆԿՐԷՍԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է ՀՀ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿԱԾ «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ»-Ը

Next Post

ՀՀ ԱԳ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ԱՄՆ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆ ՌՈՃԸՐ ՈՒԻՔԸՐԻ ԳԼԽԱՒՈՐԱԾ ԳՈՆԿՐԷՍԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post
ՀՀ ԱԳ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ԱՄՆ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆ ՌՈՃԸՐ ՈՒԻՔԸՐԻ ԳԼԽԱՒՈՐԱԾ ԳՈՆԿՐԷՍԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՀՀ ԱԳ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ԱՄՆ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆ ՌՈՃԸՐ ՈՒԻՔԸՐԻ ԳԼԽԱՒՈՐԱԾ ԳՈՆԿՐԷՍԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.