Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱԺ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՄՆ ԳՈՆԿՐԷՍԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է ՀՀ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿԱԾ «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ»-Ը

July 8, 2024
in Հայաստան
0
ԱԺ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՄՆ ԳՈՆԿՐԷՍԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է ՀՀ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿԱԾ «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ»-Ը

 

Հայաստանը մեծապէս կը կարեւորէ Միացեալ Նահանգներու դերը Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին մէջ:

Այս մասին ընդգծած է ԱԺ նախագահ Ալէն Սիմոնեանը ԱՄՆ ծերակուտական Ռոճըր Ուիքըրի գլխաւորած գոնկրէսական պատուիրակութեան ընդունելութեան ընթացքին:

Նեղ կազմով տեղի ունեցած զրոյցին յաջորդած է ընդլայնուած կազմով հանդիպումը, որուն մասնակցած են նաեւ ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներ:

Ողջունելով պատուիրակութեան ժամանումը Հայաստան՝ ՀՀ ԱԺ նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է ԱՄՆ-ին՝ Հայաստանի ժողովրդավարական տեսլականին շարունակական աջակցութեան համար:

«ԱՄՆ շարունակաբար աջակցած է Հայաստանի ժողովրդավարական տեսլականին եւ զգալիօրէն նպաստած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հիմնարկներու եւ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման ու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան: Այս ծիրին մէջ մենք մեծապէս կը կարեւորենք Միացեալ Նահանգներու դերը մեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին մէջ եւ բարձր կը գնահատենք ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան, անկախութեան, ժողովրդավարութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անխախտելիութեան՝ հիմնուած 1991 թուականի Ալմա-աթայի հռչակագրին վրայ»,- ըսած է Ալէն Սիմոնեան:

Քննարկումներու առանցքին եղած են խաղաղութեան պայմանագրին, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, Ատրպէյճանում մէջ պահուող հայ գերիներու հայրենադարձութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերող հարցերը: Ամերիկացի հիւրերուն ներկայացուած է ՀՀ կառավարութեան մշակած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ՁԳՁԳՈՒՄ ՉԿԱՅ, ԳՆԴԱԿԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԿՈՂՄՆ Է

Next Post

ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆԸ՝ ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ ՄԷՋ. ՍՈԼԻՍ ԹԱՏՐՈՆԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ԵՐԱԺՇՏԱՀԱՆԻՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳ

Next Post
ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆԸ՝ ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ ՄԷՋ.  ՍՈԼԻՍ ԹԱՏՐՈՆԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ԵՐԱԺՇՏԱՀԱՆԻՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳ

ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆԸ՝ ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ ՄԷՋ. ՍՈԼԻՍ ԹԱՏՐՈՆԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ԵՐԱԺՇՏԱՀԱՆԻՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.