Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային ֆիլմի փառատօնը 21-րդ անգամ Հայաստանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Քաննի, Պերլինի եւ այլ հեղինակաւոր փառատօներուն մէջ յաղթած, ինչպէս նաեւ օսքարակիր ֆիլմեր, հնարաւորութիւն պիտի տայ հանդիպելու անուանի այնպիսի բեմադրիչներու հետ, ինչպիսիք են Ատոմ Էկոյեանը, Թարսեմ Սինկհը, թատրոնի, ֆիլմի դերասան Քեվըն Սփէյսին եւ այլք:
Հայաստանի ֆիլմի գործիչներու միութեան նախագահ, «Ոսկէ ծիրան»-ի հիմնադիր Յարութիւն Խաչատրեան ըսաւ՝ 21-րդ տարին է՝ կը շնորհաւորէ փառատօնի բացումը: «Այսօր իմ կողքին են այն երիտասարդները, որոնք փառատօնի մեկնարկի ժամանակ ուսանողներ էին եւ որպէս կամաւորներ կ՛աշխատէին մեզի հետ, իսկ այսօր կը ղեկավարեն, կը կազմակերպեն փառատօնի կարեւոր իրադարձութիւնները»,- ըսաւ ան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարութեան, Երեւանի քաղաքապետարանին եւ բոլոր այն կառոյցներուն, որոնք կ՛աջակցին «Ոսկէ ծիրան»-ի կայացման:
Ֆիլմի փառատօնի տնօրէն եւ գեղարուեստական ղեկավար Կարէն Աւետիսեանի խօսքով՝ 21-րդ փառատօնը լի է անակնկալներով, կարեւոր շեշտադրումներով: Ան վստահեցուց՝ իրենց կարեւորագոյն նպատակն է ֆիլմի միջոցով կամուրջ հանդիսանալ Հայաստանի եւ աշխարհին միջեւ: Աւետիսեան կը կարծէ՝ ֆիլմը, որ կը համադրէ արուեստի տարբեր ճիւղերը, համախմբման միջոց է: «Այս տարի փառատօնին պիտի նշենք Սերկէյ Փարաճանովի եւ Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեայ յոբելեանները: Ուզած ենք մէկ այլ տեսանկիւնէ հայեացք նետել անոնց արուեստին վրայ: Անոնք չափազանց տարբեր քաղաքակրթութիւններու, արուեստներու կրողներ են, որոնց կը միաւորէ ֆիլմը: Մեր փառատօնը, որ քաղաքակրթութիւններու, մշակոյթներու խաչմերուկ ըլլալու կարգախօսն ունի, ձօն ու յարգանքի տուրք կը մատուցէ երկու մեծերուն: Կը նախատեսուին անոնց նուիրուած ցուցահանդէսներ, կատարումներ տարբեր արուեստագէտներու մասնակցութեամբ»,- շեշտեց Աւետիսեան:
21-րդ «Ոսկէ ծիրան»-ին հիւրերը ոչ թէ կարմիր գորգով պիտի քալեն, այլ՝ հայկական ձեռագործ գորգով: Կարէն Աւետիսեան շեշտեց, որ գորգը նկարազարդած են ժամանակակից արուեստագէտները, գործած են արհեստավարժ գորգագործները: «Ըստ ինծի՝ մենք կրնայինք մեզի նման բան թոյլ տալ՝ հաշուի առնելով դարերէն եկող գորգագործական աւանդոյթները եւ համադրել անցեալն ու ներկան»,- ըսաւ ան:
Կարէն Աւետիսեան ուրախալի համարեց այն, որ ֆիլմի փառատօնին պիտի ցուցադրեն օսքարակիր, Քաննի ֆիլմի փառատօնի մրցանակակիր եւ այլ ֆիլմեր, պիտի հիւրընկալեն ականաւոր արուեստագէտներ: «Լիամեթրաժ ֆիլմերու դատական կազմը պիտի գլխաւորէ կրկնակի օսքարակիր Ալեքսանտր Փէյնը, տարածաշրջանային համայնապատկեր մրցութային ծրագրի դատական կազմի նախագահը Թարսեմ Սինկհն է: Ան մեծ արուեստագէտ է եւ ոգեշնչուած է Փարաճանովի արուեստով: Հնարաւորութիւն պիտի ըլլայ անոր հարցումներ ուղղել բոլոր այն դաւադրապաշտական տեսութիւններուն մասին, որոնք կապուած են Լէյտի Կակայի «911» տեսահոլովակին հետ: Հիւրերէն է նաեւ Ատոմ Էկոյեանը, որ կանգնած է փառատօնի ակունքներուն: Ան 12 տարի է չէ մասնակցած փառատօնին, բայց պիտի վերադառնայ ֆիլմով, որով պիտի մեկնարկէ «Ոսկէ ծիրան»-ը: Էկոյեանը նաեւ կարճամեթրաժ դատական կազմի նախագահն է, ինչ որ մեծ պատիւ պիտի ըլլայ երիտասարդ, սկսնակ բեմադրիչներու համար, որոնք առաջին քայլերը կ՛ընեն այդ մրցութային ծրագրին մէջ: Քեվըն Սփէյսին հիւրընկալելու մասին բոլորը գիտեն, միայն կ՛ըսեմ, որ ան բաց հանդիպում պիտի ունենայ արուեստասէրներու հետ, իսկ ուսանողներուն համար վարպետութեան դաս պիտի կատարէ: Անոր այցը ոչ թէ յայտնի մարդու խորհրդանշական մասնակցութիւն է փառատօնին, այլ ունի կրթական բաղադրիչ»,- շեշտեց «Ոսկէ ծիրան»-ի տնօրէնն ու գեղարուեստական ղեկավարը:
ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարի տեղակալ Դանիէլ Դանիէլեանը խոստովանեցաւ՝ խանդավառութեամբ հետեւած է «Ոսկէ ծիրան»-ին, որ տարիներու ընթացքին մեծ հեղինակութիւն ձեռք բերած է ու կայացած է անկախ Հայաստանի զարգացման զուգահեռ: «Մեր արուեստագէտները պէտք է ելոյթներ ունենան ամբողջ աշխարհի մէջ, հանրահռչակեն մեր մշակոյթը, սակայն կարեւոր է, որ աշխարհէն Հայաստան գան մեծերն ու այստեղ ներկայացնեն իրենց արուեստը՝ ֆիլմերը, երաժշտութիւնը եւ այլն ու Հայաստանը դարձնեն «սովորական երկիր», ուր այցելելը բնական երեւոյթ է: Ատիկա կը բարձրացնէ մեր երկրին վարկանիշն ու կը նպաստէ զբօսաշրջութեան զարգացման»,- ըսաւ Դանիէլեան եւ վստահեցուց, որ «Ոսկէ ծիրան»-ը իւրայատուկ է, գեղեցիկ հոգի ունի:
Փոխնախարարը տեղեկացուց, որ վերջին ամիսներուն շատ աշխատած են ֆիլմի մասին օրէնքը փոխելու, զարգացնելու շուրջ եւ շուտով մանրամասնութիւններ պիտի յայտնեն ներդրումներու մասնակի վերադարձի օրէնքի մասին, որ առարկայական օգուտ պիտի տայ ոլորտին:
««Դրամական խրախուսում» ծրագրի շրջանակին մէջ ալ, որ այս տարի հաստատուեցաւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ, ունինք երկու շահառու: Հեղինակաւոր մրցոյթներու, փառատօներու մասնակցութեան համար պետութիւնը մինչեւ 660 հազար ամսական գումար կը տրամադրէ յաղթողին մէկ տարուայ կտրուածքով: Տարուայ ընթացքին կը ստացուի աւելի քան 7 միլիոն դրամ գումար»,- ըսաւ Դանիէլ Դանիէլեանը:
Երեւանի քաղաքապետարանը 21-րդ «Ոսկէ ծիրան»-ի գլխաւոր հովանաւորն է: Երեւանի փոխքաղաքապետ Լեւոն Յովհաննիսեանի համոզմամբ՝ «Ոսկէ ծիրան»-ը Երեւանի այցեքարտերէն է: «Արդէն երեք տարի է փառատօնի հովանաւորն ենք: Կը կարծեմ՝ մենք կը կարենանք թէ՛ բովանդակութեան, թէ՛ հիւրերու, թէ՛ քաղաքացիներու ներգրաւուածութեան առումով դրական ցուցանիշեր ապահովել: Այս քաղաքականութիւնը պիտի ըլլայ շարունակական: 21-րդ փառատօնին յատկացուցած ենք շուրջ 100 միլիոն դրամ գումար: Այս տարի Երեւանի քաղաքապետարանը սեփական ֆիլմով հանդէս պիտի գայ փառատօնին, ինչին համար շնորհակալ եմ կազմակերպիչներուն: Երիտասարդ բեմագրերը, ֆիլմ արտադրողները խրախուսելու համար մրցոյթ կազմակերպած էինք ու շուտով արդիւնքները պիտի ներկայացնենք հանրութեան: Պիտի ըլլայ երեւանեան պատմութիւններու հաւաքածու»,- տեղեկացուց Յովհաննիսեանը:
Երեւանի 21-րդ միջազգային «Ոսկէ ծիրան» ֆիլմի փառատօնը տեղի պիտի ունենայ 7-14 Յուլիսին։ Ֆիլմերու ցուցադրութիւնները պիտի կազմակերպուին Կինոյի տան, Մալեանի անուան թատրոնին եւ «Մոսկուա» շարժանկարի սրահին մէջ: