Հայկական կառուցապատող «Տեխնոտուն» ընկերութիւնը՝ ի դէմս տնօրէն Տիգրան Մնացականեանի եւ ֆրանսական մեծ հիւրանոցային խումբերէն «Աքորը» (Accor)` ի դէմս խումբի Եւրոպայի գլխաւոր գործառնական տնօրէն Ալեքսիս Տելարոֆի, համագործակցութեան յուշագիր ստորագրած են:
Յուշագրի ստորագրումը տեղի ունեցաւ ՀՀ տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանի ներկայութեամբ։
«Տեխնոտուն» ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ պիտի կառուցէ միջազգային ամենաբարձր չափանիշերուն համապատասխանող համալիր՝ Pullman Living and Residences Yerevan-ը, եւ ըստ յուշագրով ամրագրուած համագործակցութեան՝ համալիրը պիտի կառավարէ Accor խումբը։
Ֆրանսական Accor-ի Pullman մակնիշը առաջին անգամ պիտի ներկայացուի Հայաստանի մէջ՝ հայկական «Տեխնոտուն» ընկերութեան հետ համագործակցութեան շնորհիւ։ Նախագիծի ներդրումային պիւտճէն աւելի քան 100 միլիոն ԱՄՆ տոլար է։
Accor-ը աշխարհի ամենալաւ 10 մեծ խումբերէն մէկն է, որ կը ներառէ շուրջ 5.600 հիւրանոց, 10.000 ճաշարան եւ սրճարան աշխարհի աւելի քան 110 երկրի մէջ։ Խումբը ունի հիւրընկալութեան ամենաբազմազան բնապահպանական համակարգերէն մէկը, ոլորտային նախագիծերու տարաբնոյթ թղթապանակ, որ կը ներառէ աւելի քան 40 հիւրանոցային մակնիշ՝ Raffles, Rixos, Swissotel, Fairmont եւ այլն։ Pullman-ը Accor խումբի փրեմիում դասի մակնիշներէն է։ Pullman-ը կը գործէ աշխարհի այնպիսի մեծ քաղաքներուն մէջ, ինչպիսիք են Փարիզ, Պերլին, Մայամի, Տուպայ, Նիւ Եորք եւ այլն։ Եւ այս քաղաքներու շարքին շուտով պիտի աւելնայ նաեւ Երեւանը։
«Տեխնոտուն» ընկերութեան տնօրէն Տիգրան Մնացականեան կը նշէ. «Այս համագործակցութիւնը թէ՛ մեր ու թէ՛ Հայաստանի համար կարեւոր է ինչպէս մեծ ներդրման, այնպէս ալ սպասարկման ոլորտին մէջ նորարարութեան, նոր հասկացողութիւն եւ միջազգայնօրէն նման ճանաչում ու հեղինակութիւն ունեցող մակնիշի ներկայացուածութեան տեսանկիւնէն: Մեզի համար մեծ պատիւ ու պատասխանատուութիւն է, որ այն բարձր չափանիշերը, որոնք ի սկզբանէ դրած էինք մեր ընկերութեան առջեւ, կը համապատասխանեն միջազգային Accor ընկերութեան պահանջներուն ու չափանիշերուն, ինչի շնորհիւ ալ մենք այսօր կը մեկնարկենք այս համագործակցութիւնը»։
Accor խումբի Նոր Արեւելեան Եւրոպայի գլխաւոր գործառնական տնօրէն Ալեքսիս Տելարոֆի հաւաստմամբ այս նախագիծը քաղաքին մէջ իւրայատուկ պիտի ըլլայ. «Accor ընկերութիւնը հպարտ է այս իւրայատուկ միջոցառման մասը ըլլալով։ Մենք շատ ուրախ ենք, որ շինարարութիւնը արդէն սկսած է, տարածքէն կը բացուի Երեւանի բացառիկ տեսարանը։ Սա, միանշանակ, քաղաքին մէջ պիտի ըլլայ իւրայատուկ նախագիծ, եւ Pullman մակնիշի մուտքը Հայաստանի մէջ պիտի ամրապնդէ նախագիծին բարձր որակը։ Նախագիծը իւրայատուկ է նաեւ այն առումով, որ Երեւանի մէջ մակնիշաւորուած բնակելի համալիրները շատ չեն. այն, ինչ մենք կը բերենք Հայաստան, նոր է, եւ մենք այս գործին մէջ առաջատարներէն ենք, ինչի առթիւ շատ ուրախ եմ։ Վերջին տարիներուն մենք ականատեսը կ՛ըլլանք Հայաստանի զարգացման, մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն եւ կ՛ուզենք այս ամէնուն մէջ մասը ըլլալ ու համագործակցիլ այս հզօր գործընկերոջ հետ։ Սա է մեր համագործակցութեան հիմքին»,- կը նշէ Ալեքսիս Տելարոֆը։
Յուշագրի ստորագրման միջոցառումը տեղի ունեցաւ Նորքի Այգիներ 180 հասցէին մէջ, ուր կը կառուցուի համալիրը։ Միջոցառման ընթացքին պատրաստուեցաւ համագործակցութեան մեկնարկը նշանաւորող խորհրդանիշ, որու պատրաստման անմիջական մասնակցութիւն ունեցան Տիգրան Մնացականեանը եւ Ալեքսիս Տելարոֆը։
Pullman Living and Residences Yerevan համալիրը պիտի գտնուի քաղաքի կեդրոնէն ընդամէնը 4-6 վայրկեան հեռաւորութեան եւ 150 մեթր բարձրութեան վրայ՝ ինչ որ կ՛ապահովէ երեւանեան համայնապատկերի անկրկնելի տեսարան, մաքուր օդ, ապրելակերպի համար բացառիկ հնարաւորութիւններ։ Pullman Living and Residences Yerevan նախագիծը պիտի ընձեռէ ապրելակերպի նոր հնարաւորութիւններ՝ հիւրանոցային մակարդակի բարձրակարգ սպասարկումով, պայմաններով ու ենթակառուցուածքներով։
Համալիրը պիտի ունենայ երկու ձեւաչափ՝ living եւ residence։ Համալիրին մեծ մասը նախատեսուած է մշտական ապրելու համար, ապահովուած պիտի ըլլան բոլոր պայմանները, երեխաներուն հետ ապահով ու անվտանգ ապրելու, ընտանիքով նոր կենսակերպ վարելու համար անհրաժեշտ հնարաւորութիւններն ու ենթակառուցուածքները։
Living հատուածին մէջ բնակարաններ ձեռք բերելը կ՛երաշխաւորէ կայուն ներդրում։ Pullman-ի Living հասկացողութիւնը, որ շուկային մէջ համեմատաբար նոր է, կ՛առաջարկէ երկարաժամկէտ կեցութեան հնարաւորութիւն՝ հիւրանոցային ծառայութիւնները համատեղելով բնակարանային յարմարաւէտութեան հետ:
Այս ձեւաչափը նախատեսուած է այն մարդոց համար, որոնք, օրինակ Հայաստան կու գան աշխատելու եւ կը փնտռեն միջնաժամկէտ կամ երկարաժամկէտ բնակութեան տարբերակներ։ Բնակարաններու կահաւորումն ու վերանորոգումը պիտի իրականացուին Pullman-ի ամենաբարձր չափանիշերով ու պիտի սպասարկուին Pullman-ի կողմէ։
Համալիրի ընդհանուր տարածքը 20.000 քմ է, որուն 16.000 քմ-ը հասարակական ենթակառուցուածքներ, կանաչապատ ու բաց տարածքներ պիտի ըլլան։ Համալիրը հաւատարիմ պիտի մնայ «No Car» քաղաքականութեան՝ խրախուսելով բնապահպանական մաքուր փոխադրամիջոցներ, ինչպէս հեծանիւը, որուն համար պիտի ըլլայ յատուկ հեծանուուղի եւ վազքուղի, որոնք պիտի նպաստեն աշխոյժ ապրելակերպին՝ նուազեցնելով ածխաթթու կազի արտանետումները: Ելեկտրական ինքնաշարժներու լիցքաւորման կայանները եւ մեծաքանակ կայանատեղիները պիտի ապահովեն յարմարաւէտ շարժ բնակիչներու եւ հիւրերու համար: Այս ամէնը երաշխաւորուած չափանիշեր են, որոնք կ՛ապահովեն Accor խումբը, ինչպէս նաեւ Pullman մակնիշը։
Համալիրին բնակիչները բացառիկ հնարաւորութիւն պիտի ունենան նաեւ օգտուելու Accor ակումբի հնարաւորութիւններէն։ Accor անդամակցութեան ակումբը, որ յայտնի է որպէս «ALL – Accor Live Limitless», իր անդամներուն կը տրամադրէ բացառիկ արտօնութիւններ, պարգեւներ եւ անհատականացված փորձառութիւններ Accor-ի բոլոր հիւրանոցներուն, հանգստեան տուներուն եւ բնակարանային համալիրներուն մէջ։
ALL ծրագիրը կ՛առաջարկէ Classic, Silver, Gold, Platinum եւ Diamond անդամակցութեան տարբերակներ։
ALL ծրագիրը ունի համագործակցութիւն շարք մը ընկերութիւններու հետ, որ թոյլ կու տայ անդամներուն կուտակել միաւորներ կամ օգտուիլ այնպիսի արտօնեալ ծառայութիւններէն, ինչպէս օրինակ, ինքնաշարժներու վարձոյթ, սնունդ, ժամանց եւ այլն: ALL անդամները կրնան օգտագործել իրենց միաւորները՝ ամրագրելու այնպիսի փորձառութիւններ, ինչպիսիք են խոհարարական շրջայցերը, մարզական եւ մշակութային միջոցառումները։