Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՅԱՌԱՋՄՂՄԱՆ ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋ ՄԵԾ Է ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԴԵՐԸ» ԱԺ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԻՆ ԵԼՈՅԹԸ՝ ԵԱՀԿ ԽՎ-ԻՆ ՄԷՋ

July 5, 2024
in Հայաստան
0
«ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՅԱՌԱՋՄՂՄԱՆ ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋ ՄԵԾ Է ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԴԵՐԸ»  ԱԺ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԻՆ ԵԼՈՅԹԸ՝ ԵԱՀԿ ԽՎ-ԻՆ ՄԷՋ

 

Հայաստանի Հանրապետութիւնը յստակօրէն յառաջ կը մղէ խաղաղութեան օրակարգը՝ փորձելով հարթել բոլոր տեսակի խնդիրները իր հարեւաններուն հետ, եւ այս գործընթացին մէջ չափազանց մեծ է եւրոպական ընտանիքին դերը։

Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Խորհրդարանական վեհաժողովի նստաշրջանին մէջ ունեցած ելոյթի ընթացքին ըսած է Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան քարտուղար, ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Արթուր Յովհաննիսեանը:

«Անվիճելի է, որ մարդու ապրելու համար ամենայարմար միջավայրը պետութիւնն է, իսկ պաշտպանուած, ազատ ու բարեկեցիկ ապրելու միջավայրը՝ ժողովրդավար պետութիւնը, ուր ազատ ընտրութիւնը կարեւորագոյն արժէք է»,- նշած է Յովհաննիսեան՝ ափսոսանք յայտնելով, որ հիմա շատ ուղիղ ու շատ ուժգին յարձակում տեղի կ՛ունենայ ժողովրդավարութեան դէմ եւ ոչ թէ տարածքային ամբողջականութեան, կամ ալ մարդու իրաւունքներու։

Ան իր խօսքին մէջ նշած է, որ այդ յարձակումը կ՛իրականացուի ժողովրդավարութեան դէմ, որովհետեւ առանց անոր չեն կրնար պաշտպանուած ըլլալ թէ՛ տարածքային ամբողջականութիւնը, եւ թէ՛ ալ մարդու իրաւունքները։

Արթուր Յովհաննիսեանի դիտարկմամբ՝ ժողովրդավարութիւնը այսօր պաշտպանութեան կարիք ունի՝ առաւել քան երբեւէ, եւ հետեւաբար ժողովրդավար պետութիւններու համախմբումն ու համատեղ պայքարը մենատիրութեան դէմ՝ նպատակ ունի ապահովել մեր ժողովուրդներու անվտանգութեան ազատութիւնը։

«Անոր համար ալ իմ պետութիւնը՝ Հայաստանը, անշեղօրէն շարժելով ժողովրդավարութեան ճանապարհով, հաստատակամօրէն կը շարժի դէպի Եւրոմիութիւն, դէպի ժողովրդավարական արժէքներ, եւ հայ ժողովուրդը իր ազատութեան եւ անկախութեան համար մղուող ոչ-դիւրին պայքարի ընթացքին կը ձգտի եւ կ՛ակնկալէ ժողովրդավար պետութիւններու աջակցութիւնը՝ յանուն ազատութեան յաղթանակին»,- ըսած է ԱԺ պատգամաւորը՝ շեշտելով, որ Հայաստանը յստակօրէն յառաջ կը մղէ խաղաղութեան օրակարգը՝ փորձելով հարթել բոլոր տեսակի խնդիրները իր հարեւաններուն հետ։

Յովհաննիսեանը այս ծիրին մէջ եւս մէկ անգամ կարեւորած է պաշտօնական Երեւանի կողմէ տարածաշրջանի երկրներուն առաջարկուող «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը, որ համակեցութեան եւ խաղաղութեան մասին է։

«Այս գործընթացներին մէջ եւրոպական ընտանիքին դերը չափազանց կարեւոր է։ Հետեւաբար, չկայ ո՛չ ազատութիւն, ո՛չ ալ խաղաղութիւն առանց ժողովրդավարութեան։ Կեցցէ՛ ժողովրդավարութիւնը»,- եզրափակած է ան։

Share61Tweet38
Previous Post

ԵՄ ԴԵՍՊԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԻՄԱԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՉԷ, ԱՅՆ ՇԱՀԵԿԱՆ Է ՆԱԵՒ ՎԵՐՋԻՆՆԵՐՈՒՍ ՀԱՄԱՐ» 

Next Post

«ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ»-Ը՝ ԿԱՄՈՒՐՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԻՋԵՒ. ՍՊԱՍՈՒԱԾ ՖԻԼՄԻ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԵՐԵՒԱՆ ՊԻՏԻ ԲԵՐԷ ՅԱՂԹԱՆԱԿԱԾ ՖԻԼՄԵՐ ՈՒ ԱԿԱՆԱՒՈՐ ՀԻՒՐԵՐ

Next Post
«ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ»-Ը՝ ԿԱՄՈՒՐՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԻՋԵՒ.  ՍՊԱՍՈՒԱԾ ՖԻԼՄԻ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԵՐԵՒԱՆ ՊԻՏԻ ԲԵՐԷ ՅԱՂԹԱՆԱԿԱԾ ՖԻԼՄԵՐ ՈՒ ԱԿԱՆԱՒՈՐ ՀԻՒՐԵՐ

«ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ»-Ը՝ ԿԱՄՈՒՐՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԻՋԵՒ. ՍՊԱՍՈՒԱԾ ՖԻԼՄԻ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԵՐԵՒԱՆ ՊԻՏԻ ԲԵՐԷ ՅԱՂԹԱՆԱԿԱԾ ՖԻԼՄԵՐ ՈՒ ԱԿԱՆԱՒՈՐ ՀԻՒՐԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.