Ռուս-վրացական «Վերին Լարս» սահմանային կէտը կրնայ ընդգրկուիլ Ռուսիան Պարսից ծոցին եւ Հնդկաստանին կապող հիւսիս-հարաւ միջանցքի ցանցին մէջ: Այս մասին «ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութեան յայտարարած է Հիւսիսային Օսեթիոյի ղեկավարը: Ան աւելցուցած է, որ այս ուղղութեամբ կ’աշխատին նաեւ ռուս գործարարներ եւ արտադրողներ:
Պատժամիջոցներու պարագային, Ռուսիա կը փնտռէ վստահելի անցքեր իր արտադրածը հիւսիսէն հարաւ կամ Պարսից ծոց փոխադրելու համար: Այս անցքը կը համարուի ռազմավարական այդ պայմաններուն մէջ: Այս ճամբուն երկարութիւնը Սան Փեթերպուրկէն Հնդկաստանի Մումպայ քաղաքը 7200 քիլոմեթր է: «Վերին Լարս»ը Ռուսիան կը կապէ Վրաստանին, Հայաստանին ու մնացեալ երկիրներուն: Ան կը համարուի ռազմավարական անցք: