Դաշնամուրային Համոյթի մը ձգած քաղցր տպաւորութեան առթիւ.
Շաբաթ, 28 Յունիս 2024-ի երեկոյեան, քայլերս զիս առաջնորդեցին Պէյրութի սիրտին վրայ բարձրացած Հայ Աւետարանական եկեղեցին, ներկայ ըլլալու դաշնամուրային համոյթի մը, կազմակերպուած՝ Լիբանանի Ազգային Երաժշտանոցի տնօրէնութեան, ի մասնաւորի, տնօրէնուհի դոկտոր Հիպա Քաուասի կողմէ, ուր հանդէս պիտի գային Ազգային Երաժշտանոցի երեք փայլուն աշակերտներ՝ Համբիկ Մարտիրոսեանը (Պուժանեան), Հէլէնա Խուրին եւ Նանոր Առնելեանը:
Անձամբ, մէկ երկու ամիս առաջ հնարաւորութիւնը ունեցած էի կարճ ունկնդրութիւն մը ունենալու, երբ «Խաչիկ Պապիկեան» դաշնամուրային մրցանքի առթիւ կազմակերպուած համերգի մը ընթացքին, (նախաձեռնութեամբ Ազգային երաժշտանոցի եւ Համազգային մշակութային միութեան) այլոց կողքին ելոյթ ունեցած էին Երաժշտանոցի այս երեք փայլուն աշակերտները՝ շատ կարճ յայտագրով:
Այսօր, անոնք՝ նոյն երեքը, հանդէս կու գային առանձին, խնամեալ, բացառիկ ու բաւական դժուար յայտագիրով մը, իրենց կատարողութեամբ փառք ու պատիւ բերելու Ազգային երաժշտանոցին եւ Երաժշտանոցի ուսուցչական կազմին, հակառակ այսօրերս Լիբանանին սպառնացող բազմապիսի մարտահրաւէրներուն: Հոս կ’ուզեմ մեծ գնահատանք տալ Ազգային երաժշտանոցի տնօրէնուհիին, շատ կարճ ժամանակի մէջ կազմակերպած այս բացառիկ նախաձեռնութեան համար:
Երեկոյեան բացումը կատարելով, Դոկտ. Հիպա Քաուաս յայտնեց իր ուրախութիւնը, հպարտութիւնը եւ սքանչացումը, որ հակառակ տիրող ոչ-նպաստաւոր պայմաններուն, Ազգային երաժշտանոցը կը յարատեւէր ու ահա՛ ներկայացուած համոյթը պիտի ըլլար լաւագոյն փաստն ու յաջող վկայականը կատարուած աշխատանքին եւ ձեռք բերուած արդիւնքին, ու ան դրուատելով երեք աշակերտներուն ձեռք ձգած յաջողութիւնները, խոստացաւ, որ Ազգային երաժշտանոցը պիտի մնայ նեցուկ, որպէսզի լիբանանցի այս երեք շնորհալի երիտասարդներ շարունակեն իրենց ուսումը եւրոպական աւելի բարձր երաժշտանոցներու մէջ, միշտ բարձր պահելու համար Լիբանանի անունը:
Երեք խոստումնալի երիտասարդները աշակերտներն էին Երաժշտանոցի տաղանդաւոր ու փորձառու ուսուցչուհի տիկին Արմինէ Ապաճեանի, որ, պատի՛ւ իրեն, լաւագոյնս պատրաստած էր իր աշակերտները, որոնք, հակառակ ամառնային կիզող շոգին, գարնանային անձրեւ իջեցուցին այդ երեկոյ՝ զովացնելով մեր սիրտերն ու հոգիները: Երեք արժէքաւոր երիտասարդ դաշնակահարներ՝ Համբիկ Մարտիրոսեան (Պուժանեան), Հէլէնա Խուրի եւ Նանոր Առնելեան, իրենց հրաշք կատարումներով լեզու տուին դաշնամուրին, տուին թե՛ւ ու թռի՛չք… առին՝ թեւ ու թռիչք, եւ իրենց հետ ներկայ հասարակութիւնը վայելեց արուեստի բացառիկ ու անմոռանալի երեկոյ մը, ուր հնչեցին Պախ, Պէթհովըն, Շոփէն, Մէնտէլսոն, Պրամս, Չայքովսքի, Աբրահամեան եւ Խաչատուրեան:
Ստեղիներու մերթ մեղմ, մերթ երազկոտ, մերթ հզօր հարուածներուն տակ, մեր ականջները շոյուեցան հեռուներէն եկող զեփիւռի շոյանքով, յաճախ թռչնիկներու գեղգեղանքով, աւելի շատ առուներու ծարաւ յագեցնող կարկաջանքով եւ նաեւ երբեմն ամպերու որոտընդոստ գոռումով, ու մենք այդ բոլոր կատարումներու ընթացքին վայելեցինք երեք հրաշք երիտասարդներու բարձրորակ նուագները, երբ անոնց ոսկի մատները կը պարէին անկաշկանդ, վերակենդանացնելով իւրաքանչիւր երաժիշտի սքանչելի գործը, ուր մեծ խանդավառութեամբ վայելեցինք դասական արուեստի հաճոյքը, հմայքը, գեղեցկութիւնը եւ յաղթական հնչեղութիւնը: Շատ ապրին..:
… Անակնկալներու երկիր Լիբանան… այսօր հարաւիդ վրայ կը շարունակուին ջրհեղեղը ռումբերուդ… հիւսիսիդ վրայ կը շարունակուին ջուրի, ելեկտրականութեան ու հացի տագնապները… իսկ կեդրոնիդ վրան, հակառակ անհաշիւ սպառնալիքներու, ահա՛ կը շնչէ ու կը հնչէ եւ կը բարձրաձայնէ՛ մշակոյթը, արուեստը, գիրն ու գրականութիւնը, երաժշտութիւնը, պարարուեստն ու թատերական արուեստը եւ շնորհիւ լիբանանցի շատ յատուկ «խենթերու», կը շարունակուի կեանքը՝ նոյն խանդավառութեամբ… հակառակ անոր, որ քանի՜-քանի՜ պատերազմներ ու քամիներ, պայթումներ ու զրկանքներ անցած են այս երկրին ու լիբանանցի ժողովուրդի գլխուն վրայէն եւ մենք՝ լիբանանցիներս, տակաւին կը յամառինք յանձնուիլ ու բարձր են մեր ճակատները Սաննինի նման, Մայրիներու դափնիով զարդարուն..:
Ուրախացի՛ր Լիբանան… «խենթերու շոգեկառքը» օժտուեցաւ երեք շնորհալի արուեստի նոր, ծաղիկ հասակով խենթերով՝ Համբիկ, Հէլէնա եւ Նանոր… երիտասարդ, գեղեցիկ, խոստումնալի, արուեստի հմտութեամբ օժտուած տաղանդներով: Եւ ուրեմն՝ կարաւանդ պիտի քալէ աւելի քան անխոտոր… անսայթաք… խրոխտ ու հպարտ… ձեռնոց նետած քեզ զգետնել փորձող հարեւան նախանձորդիդ..: Ուստի, այս բոլորէ ետք կ’ըսեմ.
– Կը շնորհաւորեմ ձեզ, սիրելի երիտասարդներ, քանի որ ձեր կատարումներով գարնանային նոր ու զուարթ եղանակ մը հրամցուցիք մեզի: Արդ, բարի եւ հարթ ճանապարհ ձեզի, երաժշտութեան բարձր ձիրքերով օժտուած շնորհաշատ շնորհալիներուդ..:
– Գնահատանքի ազնիւ խօսք՝ Ազգային երաժշտանոցի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, ի մասնաւորի՝ դոկտ. Հիպա Քաուասին եւ տիկին Արմինէ Ապաճեանին, որ պատրաստած են նման բարձրորակ, ճաշակաւոր արժէքներ:
Աւարտին.
– Ուրախացի՛ր Լիբանան… քու ծոցիդ մէջ դեռ որքա՜ն ծագելիք կոյս արեւներ կան..:
Կը հաւատամ..:
ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ