2023 թուականին Լիբանանի հայ ազգային բուժարանը ամբողջացուց իր հիմնադրութեան հարիւրամեակը եւ այս տարի զայն նշեց կազմակերպելով յոբելենական հանդիսութիւն մը։
Այս առիթով հարցազրոյց մը վարեցինք Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանի խնամակալութեան ատենապետ՝ Պրն. Յակոբ Լատոյեանի հետ, անդրադառնալու համար այս հիմնարկին առաքելութեան, պատմականին, իրագործումներուն եւ ապագայի ծրագրերուն:
Հ- Պիտի խնդրենք ամփոփ պատմականը ներկայացնել թէ ի՞նչ պայմաններու տակ հիմնուած է Հայ ազգային բուժարանը։
Պ- Հայ ազգային բուժարանը հաստատուած է թոքախտաւորներ ընդունելու համար, որովհետեւ գոյապայքարը դիմագրաւած եւ ջարդէն ճողոպրած հայ ժողովուրդը հազիւ հասած Լիբանան, ճակատագրուեցաւ թոքախտի համաճարակին եւ վրաններու մէջ աննպաստ եւ վատառողջ պայմաններու տակ գտնուած ըլլալով հարիւրաւոր հայորդիներ մահացան այդ ախտէն։ Հետեւաբար, արագօրէն բազմացած պարագաները բուժելու համար այս վարակիչ եւ մահացու հիւանդութենէն, անհրաժեշտ դարձաւ Յուլիս 1923-ին յատուկ հիւանդանոց մը հիմնել, որ իրականացաւ նախաձեռնութեամբ օրուան երեք հոգեւոր պետերուն եւ գլխաւորութեամբ վերապատուելի Ենովք Հատիտեանի, որ կապ հաստատեց Ամերիկեան բարեսիրական միութեան մը հետ ու վերջինս օգնութեան ձեռք երկարեց՝ հայութեան տրամադրելով Մաամըլթէյնի ծովեզերեայ շրջանին մէջ Միութեան պատկանող կեդրոն մը, որ գործածուի որպէս թոքախտանոց, ուր այդ տարիներուն բուժուած են աւելի քան 800 պարագաներ։ Տարիներ անց, Ամերիկայի մէջ հանգանակութիւն մը կազմակերպուեցաւ, որուն հասոյթը յատկացուեցաւ բուժարանը փոխադրելու Օգոստոս 1938-ին, Պէյրութէն ոչ-շատ հեռու, սակայն Շուֆի Ազունիէի մեկուսացած, մաքուր, օդասուն եւ կանաչազարդ 200.000 քառակուսի մեթր տարածութեամբ շրջանի մը մէջ։ Սկզբնական շրջանին այդ տարածքին մէջ շէնք մը կառուցուեցաւ որպէս թոքախտանոց, ապա տարիներու ընթացքին հերթաբար կառուցուեցան այլ շէնքեր շնորհիւ Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպուած դրամահաւաքի, Գալուստ Կիւլպենկեանի հիմնադրամին եւ այլ նուիրատուներու։
Այսօր բուժարանը կը բաղկանայ 9 շէնքէ, ինչպէս՝ թոքախտանոց, մատուռ, Գալուստ Կիւլպենկեանի հիմնարկի շէնք, որ վերջինս քանդուած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին:
Հ- Ի՞նչ է այս առողջապահական կառոյցին առաքելութիւնը եւ ի՞նչ բաժանմունքներ ունի այսօր թոքախտանոցի կողքին։
Պ- Այս հիմնարկը հարիւր տարիէ ի վեր ստանձնած է թոքախտաւորներու բուժման յատուկ առաքելութիւնը ու մեծ կորովով կը շարունակէ զայն։ Ժամանակի ընթացքին ընդլայնած ըլլալով իր աշխատանքին ծիրը, թոքախտաւորներու կողքին կ’ընդունի նաեւ խնամքի կարօտ յատուկ պարագաներ, ստանձնելով տարեցներու հոգատարութիւնը։
Հ- Կարելի՞ է խօսիլ ներկայիս բուժարանին մէջ գտնուող հիւանդներու եւ պաշտօնէութեան ազգութեան մասին։
Պ- Այս հիմնարկը պետականօրէն վաւերացուած Լիբանանի միակ թոքախտաւորներու բուժարանն է, որ մեծ դեր ունի Միջին Արեւելքի մէջ եւ բժշկական ծառայութիւն կը մատուցէ անխտիր ոչ միայն լիբանանահայ գաղութին, այլեւ բոլոր անոնց, որոնք բուժման կարիքը ունին: Ներկայիս բուժարանին մէջ կը գտնուին 15 թոքախտաւորներ, իսկ 80 պատսպարեալներ, որոնց 95 տոկոսը հայ է։
Ինչ կը վերաբերի պաշտօնէութեան, առողջապահական այս հաստատութեան մէջ այսօր կը գործեն մօտաւորապէս 45 պաշտօնեայ: Նկատի առնելով, որ բուժարանը կը գտնուի հայահոծ շրջաններէ քիչ մը հեռու, բնականաբար երթեւեկի դժուարութեան պատճառով պաշտօնէութեան մօտաւորապէս միայն 30 տոկոսը հայ է։
Հ- Հիմնական ի՞նչ ծրագրեր գործադրուած են մինչեւ այսօր։
Պ- Մեր հիմնական մտահոգութիւնը այն է, թէ վերջերս մեծ է թիւը լիբանանահայ գաղութի արտագաղթող երիտասարդութեան, որուն պատճառով կարելի է ըսել թէ մեր գաղութը կը ծերանայ։ Հետեւաբար պատսպարեալներու պահանջքը պիտի շատնայ եւ մենք պէտք է լաւ պատրաստուած ըլլանք ընդունելու համար մեր հայ պապիկներն ու մամիկները։ Ըստ այնմ, ունինք որոշ ծրագրեր, որոնցմէ կը նշեմ ինչ որ արդէն իրագործուած են կամ գործադրուելու ընթացքի մէջն են։
ա) Լքուած մատուռի վերանորոգում.
բ) Արեւային վահանակներու տեղադրում՝ ելեկտրածինի ծախսերը նուազեցնելու եւ հիմնարկին մնայուն ջեռուցման կարիքը ապահովելու համար.
գ) Հորի ջուրի զտարանի տեղադրում՝ ապահովելու համար մշտական մաքուր ջուր.
դ) Շուրջ 600 պտղաբեր ծառերու եւ այգիի յատուկ խնամք.
ե) «Օթել Տիէօ» հիւանդանոցին հետ համագործակցութեան յատուկ ծրագիրի մը համաձայնագրի քննարկում:
Հ- Ո՞վ նեցուկ կը կանգնի բուժարանի աշխատանքներուն։
Պ- Այժմ Հայ առաքելական եկեղեցին եւ Մերձաւոր արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիները կը հովանաւորեն այս ոչ-հասութաբեր հաստատութիւնը։ Այս օրերուս բոլորովին ինքնաբաւ ըլլալը դժուար է, որովհետեւ լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկման պատճառով, թոքախտանոցի բաժինին համար տրամադրուած պետական նիւթական նպաստը այդքան չնչին գումար մը դարձած է, որ չի բաւեր հսկայական ծախսերը հոգալու համար։
Բարեբախտաբար Հայ ազգային բուժարանի պիւտճէն կը հաւասարակշռուի շնորհիւ Ամերիկայէն ամսական դրութեամբ նպաստի մը յատկացումին, պատսպարեալներու պարագաներէն հաւաքուած եկամուտին, անհատ բարերարներու նուիրատուութիւններուն եւ հասութաբեր ձեռնարկներու շահերուն։
Հ- Ի՞նչ են յառաջիկայ տարիներու բարեկարգման ծրագրերը։
Պ- Ներկայիս չորս փուլերով կ’աշխատինք նորոգութեան եւ բժշկական նոր ենթաբաժանումներու ստեղծման համար։
ա) Թոքախտանոցի նորոգութիւն.
բ) Բուժարանի բարեզարթում եւ ընդարձակում.
գ) Վերականգնումի յատուկ կեդրոնի կառուցում (Rehabilitation center).
դ) Հոգեբուժարանի կառուցում:
***
Ինչպէս յիշեցինք, այս հաստատութեան հարիւրամեակին առիթով, Հայ ազգային բուժարանի խնամակալութիւնը կազմակերպեց արժանավայել յոբելենական հանդիսութիւն մը ու հրաւիրեց Լիբանանի «Ֆայհա» պետական երգչախումբը, գեղարուեստական ղեկավար մայեսթրօ Պրն. Պարգեւ Թասլաքեանի խմբավարութեամբ, ու տեղի ունեցան հերթական երկու համերգներ։ Առաջին հերթին՝ Կիրակի, 9 Յունիս 2024-ին, Պէյրութի Հայ աւետարանական առաջին եկեղեցւոյ մէջ, իսկ միւսը՝ 16 Յունիսին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ։ «Ֆայհա»ն երկու արաբական ազգագրական երգերէ զատ զուտ հայկական երգացանկով, իւրայատուկ եւ աննախընթաց համերգ մը կազմակերպեց, որ պարուրեց ու ներշնչեց ներկաներն ու ոգեւորեց ու սփոփեց անոնց հոգիները։ Իւրաքանչիւր հայ պատիւ զգաց լսելու եւ վայելելու հայկական տոհմիկ երգերը ոչ-հայ եւ ոչ-հայախօս երգողներու բացառիկ կատարողութեամբ եւ մեկնաբանութեամբ։ Ինչպէս նաեւ բուժարանին հարիւրամեակին առթիւ պատրաստուած յուշամատեանը բաժնուեցաւ ներկաներուն։
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Հայ ազգային բուժարանի խնամակալութիւնը այս հիմնարկին հարիւրամեակին առիթով, մաղթելով յառաջիկայ ծրագրերու յաջողութիւն։
Հարցազրոյցը վարեց՝
ՔԱՐԷՆ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ