Մտաւորականներ Քամուի, Նէյրուի եւ գեղանկարիչ Փիքասոյի համաձայն, «մշակոյթը կ’ընդարձակէ մեր միտքն ու հոգին» եւ «առանց անոր նոյնիսկ իտէալական հաւաքականութիւն մը կը նմանի անտառի», մինչ «արուեստը սուտ մըն է, որուն միջոցաւ կը հասնինք իրականութեան»: Այս իմաստութեան վրայ հիմնուելով, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ մշակութային միութիւնը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը, միշտ նպատակ ունենալով լիբանանահայ եւ ոչ-հայ մշակութասէր հանրութեան ներկայացնել տաղանդաւոր հայ երիտասարդներու աշխատանքը: Այս ուղղութեամբ, Միութեան վարչութեան 26 Յունիս 2024-ին հրամցուցած լարային քառեակի ելոյթով բեմ բարձրացան տաղանդաւոր երիտասարդներ Ալեք եւ Առնօ Տօնէրեաններն ու Սագօ եւ Շահէ Աւագեանները:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի սրահին մէջ մատուցուած համերգին ներկայ էին նախկին նախարար Ռիշար Գույումճեանը, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի անդամներ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանն ու վարչութեան անդամները, Ներքին ապահովութեան ուժերու նուագախումբի խմբավար գնդապետ Անթուան Թոհմէն, լրատուական, մշակութային եւ կրթական քոյր հաստատութիւններու խմբագիրներ, տնօրէններ ու ներկայացուցիչներ, նաեւ հայ եւ արաբ մշակութասէր բազմութիւն մը:
Կազմակերպիչ վարչութեան անդամ, գեղանկարչուհի Մարալ Մանիս անգլերէնով եւ հայերէնով ողջունեց ներկաները եւ ընդգծեց, որ առանց արուեստի, երգի ու երաժշտութեան կեանքը պիտի ըլլար սեւ ու սպիտակ, ուստի անհրաժեշտ է զայն գունաւորել՝ վեր առնելով հայկական մշակութային արժէքները: «ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ԱՆԴՐԱՆԻԿ մշակութային միութիւնը նորեկ մը չէ լիբանանահայ մշակութային ընդարձակ բեմին վրայ, այլ մեծ եւ հարուստ է անոր աւանդը՝ երաժշտական, թատերական, պարային, գրական եւ այլ ոլորտներու մէջ: Տարիներու ընթացքին, ԱՆԴՐԱՆԻԿ մշակութային միութիւնը իր գեղեցիկ ու բարձրորակ աշխատանքներով Լիբանանի մէջ ջերմացուցած է մշակութասէր բազում հոգիներ», յիշեցուց Մանիս:
Յաջորդող աւելի քան 60 վայրկեաններուն, ջութակահարներ Ալեքն ու Շահէն, ալդի եւ թաւջութակի մասնագէտներ Սագօն ու Առնօն հանդիսատեսներուն ներկայացուցին հայկական եւ միջազգային ծանօթ երաժշտահաններու գլուխգործոցներ, սկսեալ Կոմիտասի հոգեպարար եւ դիւրայոյզ մեղեդիներէն, Պրամսի անժամանակ յօրինումներէն եւ Մոզարի շնորհալի գործերէն մինչեւ Փիացոլայի ժամանակակից, Կարտելի արտայայտիչ եւ Շոսթաքովիչի ու Տը Ապրույի բուռն երաժշտութիւնը, հասնելով Արամ Խաչատուրեանի ներշնչական ու կոթողական, Ճոփլինի եւ Ճենքինզի ցնծալից գործերը, հանդիսատեսը փոխադրելով արուեստի քնարերգական երազային աշխարհ:
Նշենք, որ հակառակ իրենց երիտասարդ տարիքին, քառեակի բոլոր անդամները արդէն անցած են երաժշտական երկար ու բեղուն ուղիով, ստացած են երաժշտական համապատասխան բարձրագոյն ուսում, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ մաս կազմած են զանազան երաժշտախումբերու, որոնց հետ յաճախ բարձրացած են բեմ, նոյնիսկ իրենց կարգին դառնալով երաժշտութեան ուսուցիչներ:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ մշակութային միութեան վարչութեան ատենապետ Շահէ Պապահէքեանի խօսքով, հայ երիտասարդ ծանօթ թէ անծանօթ երաժիշտները Միութեան մնայուն ուշադրութեան կեդրոնին են, որպէսզի բոլորը տեսնեն, թէ լիբանանահայ գաղութին մէջ կան շատ տաղանդներ: «Այս որակաւոր սերունդը շատ բան կը խոստանայ ոչ միայն այս համայնքին, այլեւ՝ համաշխարհային երաժշտութեան, ուստի կարեւոր է անոնց աջակցիլ ու գնահատել, որպէսզի շարունակեն եռանդով ստեղծագործել», կ’ըսէ Պապահէքեան:
Տակաւին վերջերս Լիբանանի Ներքին ապահովութեան ուժերու նուագախումբին հետ առաջին անգամ ըլլալով համատեղ ելոյթ կազմակերպելէ ետք, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ մշակութային միութիւնը այսպիսով անգամ մը եւս ապացուցեց, որ առողջ սերունդներու կերտումին գործօններէն է երաժշտական տաղանդներու մշակումը եւ անոնց արժանի գնահատումը:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակ