Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԻ ՄԸ ԸՆԹԱՑՔԻՆ Ի ՆՊԱՍՏ «ՄԱՍԻՍ» ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԵՑԱՒ 50 ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐ

July 3, 2024
in Գաղութային
0
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԻ ՄԸ ԸՆԹԱՑՔԻՆ Ի ՆՊԱՍՏ «ՄԱՍԻՍ» ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԵՑԱՒ 50 ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐ

Լոս Անճելոսի արուարձաններէն Վելիի շրջանին մէջ, իր գործունէութեամբ եւ յարատեւ աշխատանքներուն շնորհիւ ուշագրաւ դարձած է ՍԴՀԿ «Սապահ-Գիւլ» մասնաճիւղը: Այս կազմակերպութեան օգտաշատ գործունէութեան ծիրէն ներս աւանդական դարձած են նաեւ տարեկան ընկերա-ընտանեկան միջոցառումները:

Արդարեւ, անցեալ Շաբաթ, 22 Յունիս 2024, երեկոյեան ժամը 8-ին, ընտրանի հոծ բազմութիւն մը փութացած էր Փասատինայի Հ.Կ.Բ.Մ.ի հանդիսասրահը, որ բարեզարդ վիճակով տօնական կերպարանք ստացած էր: Տարբեր շրջաններէն ժամանած ներկայ հասարակութեան մէջ կը տեսնուէին ՍԴՀԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. տոքթ. Համբիկ ՍարաՖեանը, Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, մասնաճիւղերու տարբեր ենթակառոյցներու ներկայացուցիչներ, «Մասիս»ի համակիրներ ու բարեկամներու ընտրանի բազմութիւն մը, շուրջ 170 հոգի:

Սոյն միջոցառումի կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով բարի գալուստի ջերմ խօսքերով ելոյթ ունեցաւ հանդիսավարուհի Քնար Պօղարեանը, որ, պարզելէ ետք օրուան նպատակը, ընթացք տուաւ յայտագրին:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Հնչակեան կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի պաշտօնաթերթ «Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագիր Գրիգոր Խոտանեանը: Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն միջոցառումը նախաձեռնող կառոյցին եւ ապա սեղմ գիծերու մէջ անդրադարձաւ օրկանին աւելի քան չորս տասնամեակներու գաղափարանուէր եւ ազգօգուտ ծառայութիւններուն: Առանձնապէս յիշատակեց «Մասիս»ի նախորդ խմբագիրները` տոքթ. Յարութիւն Սաղրեանը, Ժան Աբոյեանը եւ տոքթ. Արշակ Գազանճեանը, որոնք շարունակական յառաջընթաց արձանագրեցին թերթի տպագիր եւ առցանց լուրերով ու Massis Post երկլեզու բաժինով: Այո՛, «Մասիս» ամէնուրեք փնտռուած թերթ մըն է, որ իր դիպուկ մեկնաբանութիւններով եւ ուրոյն գաղափարախօսութեամբ, Հայաստանը կը կապէ Սփիւռքի գաղթօճախներուն եւ կը ներկայացնէ իրականութիւնը այն բոլոր իրադարձութիւններուն մասին, որոնք այսօր տեղի կ՛ունենան Մայր Հայրենիքէն ներս:

Այս առթիւ, Գրիգոր Խոտանեան իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց «Մասիս»ի խմբագրական կազմին, պաշտօնէութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կը կանգնին օրկանին:

Օրուան պատուոյ հիւր՝ ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. տոքթ. Համբիկ ՍարաՖեան, հակիրճ ելոյթ մը ունենալով, իր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց սոյն ընկերային խրարխճանքի յաջող միջոցառումին ներկայ ըլլալուն համար: Ինք Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէ նոր վերադարձած ըլլալով, յայտնեց որ «Մասիս» թերթը լայն արձագանգ գտած է ամէնուրեք թէ՛ Հայրենիքի եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ, իր դաւանած գաղափարախօսութեան եւ հետաքրքրական բովանդակութեան համար: Այնուհետեւ յարատեւութիւն եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց 44-ամեայ օրկանի հայրենանուէր ծառայութիւններուն:

Ճաշի սպասարկութենէն ետք ընկերային ուրախ եւ ոգեւորիչ մթնոլորտը իր կիզակէտին հասաւ տաղանդաւոր ու սիրուած երգիչ Դաւիթ Սամուէլեանի եւ ստեղնաշար նուագիչ Արամ Լէփէճեանի՝ հայկական ու միջազգային երգերու գեղարուեստական բարձրորակ կատարումներով:

Յայտագրին մէջ ընդգրկուած զուարթախօսութեանց բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին Վարդան Գօճապապեան եւ Յարութ Տէր Դաւիթեան, որոնք մթնոլորտին տուին տարբեր երանգ:

 

 

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԼՈՒՖԹԱՆԶԱ ԱՌԿԱԽԵՑ ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ԹՌԻՉՔՆԵՐԸ

Next Post

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՔԱՌԵԱԿ՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԲԵՄԻՆ ՎՐԱՅ

Next Post
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՔԱՌԵԱԿ՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԲԵՄԻՆ ՎՐԱՅ

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՔԱՌԵԱԿ՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԲԵՄԻՆ ՎՐԱՅ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.