Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԱՆՄԱՀՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ

June 28, 2024
in Գաղութային
0
ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԱՆՄԱՀՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ

 

Ուրբաթ, 21 Յունիս առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Դամասկոսի Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ, ապա հոգեհանգիստ եւ բարեխօսական կարգ` Քսան Հնչակեան վկաներուն, բակին մէջ գտնուող Ապրիլեան Եղեռնի յուշարձանին առջեւ, գերաշնորհ ՏԷր Արմաշ եպս. Նալպանտեանի առաջնորդութեամբ:

Իսկ նոյն օր երեկոյեան ժամը 7:00-ին, մեծ ոգեւորութեամբ յիշատակուեցաւ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ 1915 թուականին կախաղան բարձրացուած «Անմահ Քսան Հնչակեան» ռահվիրաներու ոգեկոչումը, Դամասկոսի ՀՄՄ-ի ակումբին մէջ: Պահը կը հովանաւորէր Թեմիս բարեջան առաջնորդ` Տէր Արմաշ եպս. Նալպանտեանը: Նախ վերանորոգ սրահին մէջ պաշտօնական բաժինը կատարուեցաւ: Ներկայ էին Սրբազան հայրը, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդական` տիար Ազատ Խաչատրեանը, ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր եւ օրուան բանախօս ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեանը, Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկ. տոքթ. Վազգէն Համալեանը, ՍԴՀԿ Սուրիոյ Հարաւային շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Խորէն Չարըքեանը եւ Վարիչ մարմինի անդամները, ՀՄՄ Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր` ընկ. Անդրանիկ Մարաշլեանը, կուսակցականներ, Հարաւային շրջանի շարքային ընկերներ, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ դամասկահայեր:

Սրահին մէջ յայտագրին բացումը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով մեր նահատակներուն յիշատակը, ապա երգուեցան Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգները: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ընկ.հի Անոյշ Մարաշլեան, որմէ ետք հետաքրքրական, պատմական տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ: Ապա Անի Պալասանեան- Գոճայեան օրուան բանախօսին կենսագրութիւնը կարդաց: « …Հետեւաբար, 7-րդ համագումարին առնուած որոշումները եւ քսաններու առաքելութիւնը կը հանդիսանար 19-րդ դարէն սկսալ հայ ժողովուրդի ազգային, ազատագրական պայքարի եւ ինքնավար Հայաստան մը ունենալու համար տարուող պայքարի ամենափայլուն էջերէն մէկը: Միեւնոյն ժամանակ օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրած, ճնշուած ժողովուրդներու ազատագրութեան եւ յետամնաց կայսրութեան ժողովրդականացման համար տարուող պայքարի համամարդկային յեղափոխական անքակտելի մէկ օղակը…»,- ըսաւ ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեանը:

Ճորճ Մարաշլեան իր թովիչ եւ առնական ձայնով երգեց «Մութ կախաղանի սիւներուն»:

Սրբազան հայրը իր սրտի խօսքին մէջ անդրադարձաւ. « …Հաւաքուած ենք որպէս խոնարհում եւ երախտագիտական արտայայտութիւն այն նուիրական գործին, որուն համար անոնք զոհ գացին, նահատակուեցան հայ ժողովուրդի փրկութեան, քաղաքական մտքի հիմքը եւ սկիզբը դրին: 19-րդ դարու վերջը եւ 20-դարու սկիզբը հայ ժողովուրդը ապրեցաւ դժուարին ժամանակներ եւ իր պատմութեան արիւնոտ էջերէն…»: Ապա Սրբազան հօր «Պահպանիչ»ով վերջացաւ պաշտօնական բաժինը:

Սուրճի կարճ դադարէ ետք ժողովրդային բաժինը սկսաւ: Հմուտ եւ պատասխանատու ՀՄՄ-ական երիտասարդներու աջակցութեամբ, յայտագիրը ընթացաւ յարգանքի եւ երախտագիտութեան մթնոլորտին մէջ:

Ժողովուրդը ակումբիս բակին մէջ տեղաւորուելէ ետք, յայտագրին բացումը սկսաւ Գանատայի ընկերներէն` ընկ. Շաւարշ Ակինեանի սրտի խօսքի տեսահոլովակով: Բացման խօսքը կատարեց Ալիսիա Գասարճեանը: Ապա «Մեղրի» պարախումբի աղջիկները իրենց հեզաճկուն եւ կանացի շարժումներով «Մուշ» պարը ներկայացուցին: Յորդոր մը կարդաց Լուսին Գասարճեանը: «Քսաններ»ուն երգը ներկայացուց Ճորճ Մարաշլեանը: Վահան Թէքէեանի «Քսան հնչակեան վկաներուն» նուիրուած բանաստեղծութիւնը արտասանեց Լարա Մեսճեան: Ընկ.հի Անոյշ Քէօրօղլեան-Մարաշլեան երգեց «Հայ ֆետայիներ» երգը: Աննալին Մանբուրեան կարդաց երիտասարդներուն ուղղուած յորդորը: Փողերախումբի երիտասարդներէն կազմուած յատուկ խումբ մը ներկայացուց ազգային, յեղափոխական գեղեցիկ նուագներ եւ կտորներ, որոնք պահը ներշնչեցին ազգային միասնականութեան, որոնք նուագեցին «Մայր ծնողին» երգը: Շողիկ Ասիլեան ապրումներով ասմունքեց բանաստեղծ Պարոյր Սեւակէն` «Ուշ ուշ են գալիս» բանաստեղծութիւնը: «Զարթի՛ր որդեակ» երգը փողերախումբի ընկերակցութեամբ երգեց Ճորճ Մարաշլեանը: Հալէպի ընկերներուն կողմէ յատուկ տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ: Երգչախումբը ներկայացուց «Սասնոյ սարերը» յեղափոխական երգը:

Ապա ողջոյնի խօսքեր ստացանք Մեծն Բրիտանիոյ Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Վազգէն Գասէմճեանի կողմէն: Գայլիկ-արծուիկները մուտք գործեցին կանչերով եւ երգեցին «Ձայն տուր ով Ֆետայ» երգը: Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ` ընկ. Վանիկ Տաքէսեանի ողջոյնի խօսքը տեսահոլովակով շարունակուեցաւ, ապա գայլիկ-արծուիկները եւ ներկաները փողերախումբի առաջնորդութեամբ եւ Ճորճ Մարաշլեանի մասնակցութեամբ երգեցին` «Հնչակեան ենք մենք» եւ «Տուր ձեռքդ ընկեր» երգերը:

Ընկեր Ալեքսան Քէօշկէրեան պահէն խանդավառուած ներկայ երիտասարդներուն դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն առջեւ իր քաջալերական խօսքը եւ պատուէրը բաժնեկցեցաւ, որ մեծ ոյժ եւ կորով տոգորեց անոնց մէջ:

Քսաններու խոնարհումի եւ յարգանքի երեկոն վերջ գտաւ Կուսակցութեան «Հեռաւոր երկիր» քայլերգով:

 

ԱՆՈՅՇ ՔԷՕՐՕՂԼԵԱՆ-ՄԱՐԱՇԼԵԱՆ

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՌԱՖԻՔ ՀԱՐԻՐԻԻ ՈՒՂԻՈՎ

Next Post

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 29-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Next Post
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 29-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 29-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.