Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 29-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

July 3, 2024
in Գաղութային
0
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 29-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Կիրակի, 30 Յունիս 2024-ին, Կաթողիկոսանիստ Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ Հայրապետական Մաղթանք (Գոհաբանական Աղօթք)՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դարաւոր Ս. Աթոռի արժանընտիր գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 29-րդ տարեդարձին առիթով։

Միաբան հայրեր Ս. Խորան բարձրացան եւ գոհաբանական աղօթքներով, շարականի երգեցողութեամբ եւ աստուածաշնչական ընթերցումներով շնորհազարդ Հայրապետին մաղթեցին արեւշատութիւն, առողջութիւն եւ արդիւնաւոր ծառայութիւն։ Անոնք Տիրոջմէ խնդրեցին, որ Կաթողիկոսը պարուրէ Իր քաղցր զօրութեամբ, որպէսզի ան անսայթաք կեանքով եւ առաքինի առաջնորդութեամբ Տիրոջ կամքը կատարէ՝ ի փառս Ամենասուրբ Երրորդութեան եւ ի պատիւ Կիլիկեան Ս. Աթոռին անսասանութեան։ Այս առիթով, հաւատացեալ ժողովուրդ եւ հոգեւորականաց դաս միաբերան աղերսեցին Տիրոջ, որ Իր շնորհքներով զարդարէ հայ եկեղեցւոյ բոլոր սպասաւորները եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանական Ուխտը։

Յաւուր պատշաճի քարոզախօսութիւնը կատարեց պատարագիչ գերապատիւ Տ. Փառէն Ծայրագոյն Վրդ. Վարդանեան։ Իր քարոզին մէջ ան անդրադարձաւ օրուան աւետարանական հատուածէն՝ 5.000-ի կերակրումի հրաշքէն բխած երեք պատգամներու՝ գերադասել հոգեւոր սնունդը մարմնաւոր սնունդէն, անվարանօրէն ապաւինիլ Աստուծոյ եւ ամբողջութեամբ պահել ու պահպանել Աստուծոյ տուածը։ Փոխանցելէ ետք օրուան հոգեւոր պատգամը՝ հայր սուրբը ապա անդրադարձաւ Վեհափառ Կաթողիկոսին ընտրութեան եւ օծման 29-րդ տարեդարձին. «Այսօր յատուկ նշանակութիւն ունեցող Կիրակի է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ ընդհանրապէս հայ եկեղեցւոյ համար։ 29 տարի շարունակ մեր Ս. Աթոռը ունեցաւ տքնաջան ու ժրաջան Հայրապետ, որ իր աշխատասիրութեամբ ու յանձնառութեամբ այլափոխեց Կաթողիկոսարանին ու թեմերուն կեանքը։ Անցնող 29 տարիները եղան լեցուն տպագրական, կրօնագիտական, եկեղեցագիտական, մշակութային ու պահանջատիրական ծրագրերով ու իրագործումներով»։ Ընդգծելէ ու լուսարձակի տակ առնելէ ետք Արամ Ա. կաթողիկոսին ծառայական գործունէութիւնը՝ յանուն Կիլիկեան Ուխտի Միաբանութեան, թեմերուն եւ ժողովրդեան շնորհաւորեց Նորին Սուրբ Օծութեան գահակալութեան 29-րդ տարեդարձը՝ մաղթելով երկար ու բեղուն գահակալութիւն, արեւշատ օրեր եւ եկեղեցանուէր ու ազգանուէր նորանոր յաջողութիւններով լեցուն ծառայական առաքելութիւն։

Հայր սուրբը իր քարոզը եզրափակեց Հայրապետական Մաղթերգին բառերով. «Պահեա՛, ո՜վ Տէր, անսասան, մեր Սուրբ Աթոռ Կիլիկեան. կեցցէ՛, կեցցէ՛ առ յաւէտ՝ Տէր Տէր Արամ Հայրապետ»։

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԱՆՄԱՀՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ՈՉ ՈՔ ՊԱՏԵՐԱԶՄ Կ’ՈՒԶԷ

Next Post
ՈՉ ՈՔ ՊԱՏԵՐԱԶՄ Կ’ՈՒԶԷ

ՈՉ ՈՔ ՊԱՏԵՐԱԶՄ Կ'ՈՒԶԷ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.