Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐ

June 28, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐ

Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը երէկ շարժանիւ մը թիրախաւորեց Արեւմտեան Պեքաայի հարաւային Սըհմոր շրջանը, պատճառելով վիրաւորներ: Իսկ երէկ արեւածագին իսրայէլեան օդուժը երկու յարկանի կառոյց մը կործանած էր Նապաթիէ քաղաքին մէջ, վիրաւորելով առուազն հինգ մարդ: Ռմբակոծումէն վնասուեցան նաեւ մօտակայ շէնքերը: Նշենք, որ 7 Հոկտեմբերէն ի վեր նշեալ քաղաքին առաջին ռմբակոծումն է ռազմական օդանաւերով:

Հըզպալլա միւս կողմէ յայտարարեց, թէ որպէս Սըհմորի եւ Նապաթիէի յարձակումներուն հակադարձութիւն, քանի մը տասնեակ Քաթիուշա տիպի հրթիռ արձակած է իսրայէլեան բանակի հիւսիսային հրամանատարութեան հակաօդային պաշտպանութեան կեդրոնին ուղղութեամբ, պատճառելով ծանր վնաս: Հըզպալլայի Կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նապիլ Քաուք իր կարգին յայտնեց, որ «դիմադրութիւնը որեւէ սպառնալիքէ վախ չունի, այլ պատրաստ է բոլոր հաւանականութիւններուն»: Անոր համաձայն, այսօր 1982 թուականը եւ պարտութիւններու փուլը չէ, այլ Հըզպալլա կը կերտէ Լիբանանի յաղթանակները: «Թշնամիին վրայ գրաւ դնողները պարտուած դուրս պիտի գան», ըսաւ Քաուք:

Իսկ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սեյիտ Հասան Նասրալլա անդրադարձաւ Իրանի մէջ տեղի ունենալիք նախագհական արտակարգ ընտրութեան ու յայտնեց, թէ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն, կառավարութիւններուն եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ճակատագիրը կանխել է Իրանի զարգացումներէն: «Կ’աղօթենք առ Աստուած, որ յաջողութիւն շնորհէ Իրանի ժողովուրդին՝ աշխարհի մէջ անարդարութեան մատնուած մարդոց զօրակցող ուժին», ըսաւ Նասրալլա:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան «Ուժեղ Հանրապետութիւնը» համախմբումի անդամներէն՝ երեսփոխան Փիէռ Պու Աասի հակադարձեց Հըզպալլայի յայտարարութիւններուն եւ կուսակցութիւնը ամբաստանեց «Իրանի գործիքներէն մէկը ըլլալու» մէջ: Անոր խօսքով, մեծ վտանգ կայ, որ Լիբանան եւս ենթարկուի Կազայի ճակատագրին:

Share61Tweet38
Previous Post

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԻՃԱԿՈՎ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԷՆ ՄԵՏԱՂԻ ՎԱՃԱՌՔ

Next Post
ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԷՆ ՄԵՏԱՂԻ ՎԱՃԱՌՔ

ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԷՆ ՄԵՏԱՂԻ ՎԱՃԱՌՔ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.